ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երկուշաբթի, 16 նոյեմբեր 2026-ին ընդունեց այցելութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան պատուիրակութեան` գլխաւորութեամբ միաբանութեան Միջին Արեւելքի ընդհանուր մեծաւոր հայր Մեսրոպ Սիւլահեանի: Անոր կ’ընկերակցէին Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանի տեսուչ հայր Սերոբ Չամուրլեան եւ տնօրէն Կորիւն Նարեկ Ճենանեան:
Հանդիպումին վեր առնուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան պատմական առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ հայագիտութեան, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան մէջ:
Գաղթաշխարհին մէջ այս առաքելութեան կենսական կարեւորութեան ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն կողքին, քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի իրավիճակն ու Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Այլասերումին, աղանդաւորական շարժումներու տարածման, ընկերային ու տնտեսական մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքական ու ապահովական սպառնալիքներուն ի տես, հարկ է համակարգուած, համախումբ եւ միաւորուած գործել, հաստատեցին ներկաները` ընդգծելով ազգային ու քրիստոնէական արժէքներու պահպանման գոյութենական նշանակութիւնը:
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ մնայուն հաղորդակցութեան ու վերոյիշեալ ոլորտներուն մէջ սերտ գործակցութան վերահաստատումով:


