Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրական Հայաստան» Եւ Ամբողջական Հայութիւն. Ո՞ւր Կը Հանդիպին Անոնց Ճանապարհները

November 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏՄԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Համաշխարհային հայկական երրորդ խորհրդաժողովին ելոյթը անգամ մը եւս հրապարակ հանեց Հայաստանի պետականութեան, ազգային ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հիմնական հարցերը: Անոր ներկայացուցած «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը, ըստ էութեան, կը ձգտի ազգային կեանքի ամբողջ առանցքը կեդրոնացնել Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, պետական շահերուն եւ պետականութեան յարատեւութեան տեսլականին շուրջ:

Պետականութեան ամրապնդումը, երկրի անվտանգութիւնը, գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը եւ քաղաքացիներուն բարեկեցութիւնը իւրաքանչիւր հայու համար առաջնահերթութիւն է: Սակայն պետականութեան ամրապնդման այս անվիճելի նպատակները չեն կրնար արդարացում ծառայել ազգային ինքնութիւնը պետական սահմաններուն հետ նոյնացնելու կամ անոր պատմական ընդգրկումը սահմանափակելու փորձերուն: Հոս է, որ վարչապետին ներկայացուցած հայեցակարգը կը կարօտի լուրջ քննութեան:

Սահմանը` Անվտանգութեան Երաշխի՞ք, Թէ՞ Ազգային Մտածողութեան Սահման

Փաշինեան յայտարարեց, թէ` «Լաւ է, որ սահմանը մեզ կը սահմանափակէ տարածուելու դէպի արեւելք կամ դէպի արեւմուտք», բացատրելով, որ նոյն սահմանը միաժամանակ արգելք կը հանդիսանայ նաեւ ուրիշներուն` արեւմուտքէն դէպի արեւելք տարածուելու համար:

Այս սկզբունքը կը բխի սահմաններու փոխադարձ յարգանքի եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութենէն: Միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու յարգումը միջազգային յարաբերութիւններու կարեւոր հիմքերէն մէկն է, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը` պետական առաջնահերթութիւն: Սակայն սահմանին ապահոված անվտանգութենէն անդին` հարցը կը դառնայ այն, թէ ի՛նչ տեղ կը յատկացուի ազգային յիշողութեան, պատմական իրաւունքներու գիտակցութեան եւ համահայկական նպատակներուն:

Սահմանը կը ճշդէ պետութեան տարածքը, կը սահմանէ անոր իրաւազօրութիւնը եւ կը պաշտպանէ գերիշխանութիւնը: Բայց անոր աշխարհագրական գիծը չի կրնար չափել ազգի պատմական յիշողութեան խորութիւնը, մշակութային ժառանգութեան տարածքը կամ սերունդներու փոխանցած ազգային գիտակցութիւնը: Պետութեան սահմանները եւ ազգի պատմական տարածքները տարբեր իրականութիւններ են: Զանոնք իրարու դէմ հանել` կը նշանակէ ազգային ինքնութիւնը նոյնացնել պետական սահմաններուն հետ` անտեսելով այն իրողութիւնը, որ ազգ մը իր պատմութեամբ, լեզուով, մշակոյթով եւ համազգային յիշողութեամբ կը շարունակէ գոյատեւել նաեւ իր հայրենիքի ներկայ սահմաններէն դուրս: Այս մօտեցումը ազգային մտածողութիւնը կը պարփակէ պետական սահմաններուն մէջ եւ կը նեղցնէ հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ պատմական ու հոգեւոր կապին ընդգրկումը:

Հայ ժողովուրդը կրնայ իր պատմութիւնը յիշել, իր կորուստները արձանագրել, իր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանել եւ իր իրաւունքները պաշտպանել` առանց տարածքային ընդարձակման քաղաքականութիւն որդեգրելու:

Պատմական յիշողութիւնը կը պահպանէ ժողովուրդի անցեալի, ինքնութեան եւ ժառանգութեան գիտակցութիւնը` առանց ինքնաբերաբար տարածքային պահանջատիրութեան վերածուելու: Արցախի տեղահանուած հայութեան վերադարձի իրաւունքի, գերիներու ազատ արձակման, անհետ կորածներու ճակատագրի եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը եւս կարելի չէ մէկ հարուածով տեղաւորել տարածքային ընդարձակման տրամաբանութեան մէջ: Ասոնք ազգային, մարդկային եւ իրաւական խնդիրներ են, որոնք կը պահանջեն հետեւողական աշխատանք ու միջազգային պատասխանատուութիւն:

Պետութիւնը` Ինքնութեան Յենարան, Ոչ Թէ` Ամբողջական Սահմանը

Վարչապետին ելոյթին առանցքային դրոյթներէն մէկը հետեւեալ ձեւակերպումն էր. «Մեր պետութիւնը մեր ինքնութիւնն է, եւ մեր ինքնութիւնը մեր պետութիւնն է»: Ան նաեւ շեշտեց, որ` «Հայրենիքը պետութիւնն է»:

Պետութիւնը ազգային կեանքի կազմակերպման, անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ շարունակականութեան ամենակարեւոր կառոյցն է: Անոր գոյութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունեցած է վճռորոշ նշանակութիւն, իսկ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր ժամանակներուն ազգային պետականութեան գլխաւոր արտայայտութիւնն է: Սակայն հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը պետական կառոյցով ամբողջովին պայմանաւորելը կը նսեմացնէ անոր բազմադարեան պատմական գոյութեան ամբողջականութիւնը:

Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը ձեւաւորուած է հազարամեակներու ընթացքին` պետականութեամբ, լեզուով, Եկեղեցիով, գիր ու գրականութեամբ, մշակոյթով, պատմական յիշողութեամբ եւ ազգային կեանքի բազմաթիւ այլ դրսեւորումներով: Հայկական թագաւորութիւնները, Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, Կիլիկիոյ հայկական պետութիւնը, Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը եւ 1991-ին վերանկախացած Հանրապետութիւնը այդ պատմութեան տարբեր փուլերն են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հետքը ձգած է մեր ազգային ինքնութեան կազմաւորման մէջ:

Փաշինեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ քրիստոնէութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայոց գիրերուն` իբրեւ հայկական ինքնութեան հիմնական տարրեր: Այս երեքին յիշատակումը ինքնին կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը իր պետական կառոյցներու սահմաններէն շատ աւելի ընդարձակ պատմական եւ ազգային ամբողջութիւն մը կը ներկայացնէ: Հայ ինքնութիւնը դարեր շարունակ պահպանուած, ապրած ու զարգացած է նաեւ պետականութեան կորստեան, օտար տիրապետութեան, գաղթականութեան եւ սփիւռքեան գոյութեան պայմաններուն մէջ:

Պետութիւնը պէտք է դառնայ ազգային ինքնութեան պահպանման, ամրապնդման եւ զարգացման հզօրագոյն յենարանը: Անոր առաքելութեան առանցքը պէտք է ըլլայ` ազգային ժառանգութիւնը պաշտպանելը, պետական սահմաններէն անդին եւս կենսունակ պահելը եւ ապագայ սերունդներուն անաղարտ փոխանցելու պայմաններ ստեղծելը:

Պատմական Յիշողութիւնը Եւ Պետութեան Հանդէպ Վերաբերմունքը

Փաշինեան իր ելոյթին մէջ բացատրեց, որ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ապրած է Պարսկաստանի, Օսմանեան կայսրութեան, Ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան ներքոյ: Այդ պայմաններուն մէջ, ըստ վարչապետին, հայը սիրած է իր հայրենիքը, բայց յաճախ ատած է այն պետութիւնը, որուն իշխանութեան տակ գտնուած է: Ան այս պատմական փորձառութեան հետ կապեց նաեւ ներկայիս պետական կառոյցներուն եւ բանակին հանդէպ հասարակական վերաբերմունքը:

Այս դիտարկումին մէջ պատմական փորձառութեան որոշակի ճշմարտութիւն մը կայ: Օտար տիրապետութեան տակ ապրող ժողովուրդին համար իշխանութիւնը յաճախ եղած է բռնութեան, հարկադրանքի եւ ճնշումի մարմնաւորումը: Սակայն այդ փորձառութիւնը ամբողջ Հայոց պատմութեան վերածել եւ զայն ներկայ անկախ պետականութեան հանդէպ վերաբերմունքին հիմնական բացատրութիւն նկատելը կը պահանջէ շատ աւելի խոր վերլուծութիւն:

Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ունեցած է սեփական պետականութեան փորձառութիւն: Անոր պատմութիւնը կերտուած է ոչ միայն օտար կայսրութիւններու իշխանութեան տակ ապրած ժամանակաշրջաններուն, այլեւ` սեփական թագաւորութիւններու, անկախ պետական կազմաւորումներու եւ ազգային ինքնակազմակերպման երկարատեւ փորձառութեան ընդմէջէն:

Հետեւաբար օտար իշխանութեան հանդէպ ձեւաւորուած անվստահութիւնը եւ սեփական պետականութեան հանդէպ վերաբերմունքը նոյն հարթութեան վրայ դնելը պատմական տարբեր իրողութիւններու խառնակութիւն կը յառաջացնէ:

Անկախ պետականութեան հանդէպ քաղաքացիներուն վստահութիւնը կը ձեւաւորուի նաեւ` պետական կառոյցներու արդարութեամբ, պատասխանատուութեամբ, արհեստավարժութեամբ եւ հաշուետուութեամբ: Երբ քաղաքացին պետութեան մէջ կը տեսնէ իրաւունքի պաշտպան, արդար դատաստան, հաւասար վերաբերմունք եւ ապահով ապագայի երաշխիք, պետականութիւնը կը դառնայ իր սեփականութիւնը: Իսկ երբ իշխանութիւնը պետականութիւնը նոյնացնէ իր քաղաքական որոշումներուն հետ, կը թուլնայ այդ կապը:

Ուստի պետութեան հանդէպ վստահութեան բացակայութիւնը պատմական ժառանգութեամբ բացատրելու փոխարէն` անհրաժեշտ է քննարկել ներկայ պետական կառավարման ոճը, որակը եւ իշխանութեան պատասխանատուութեան չափը:

Բանակը` Հայրենիքի Պաշտպան, Ոչ Թէ` Պատմական Բացատրութեան Թեմա

Վարչապետը բանակէն խուսափելու երեւոյթը համեմատեց պարսկական բանակէն պատմական փախուստներուն հետ` ըսելով. «Մենք մեր բանակէն կը փախչինք այն նոյն ինտենսիւութեամբ, ինչ ինտենսիւութեամբ ժամանակին փախած ենք պարսկական բանակէն»:

Այս համեմատութիւնը լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ: Բանակը պետութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հիմնասիւներէն է: Զինուորական ծառայութեան հանդէպ քաղաքացիներուն պարտաւորութեան գիտակցութիւնը կարեւոր է, սակայն բանակին նկատմամբ վստահութիւնը չի կրնար կառուցուիլ միայն պատմական զուգահեռներու կամ բարոյական յանդիմանութեան վրայ:

Բանակը կը պահանջէ` ամուր կազմակերպուածութիւն, արդար հրամանատարութիւն, զինուորին արժանապատուութեան պաշտպանութիւն, պատշաճ պատրաստութիւն եւ պետական հետեւողական հոգածութիւն: Վերջին տարիներու պատերազմական փորձառութիւնները, մարդկային կորուստներն ու հասարակական ցաւը պարտադրող հանգամանքներ են բանակի եւ զինուորական ծառայութեան մասին խօսելու ատեն: Այսպիսի նիւթերու քննարկումը կը պահանջէ զգուշաւորութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նախեւառաջ` զինուորին ու անոր ընտանիքին հանդէպ յարգանք: Բանակով մտահոգ վարչապետ Փաշինեանին աւելի պատշաճ պիտի ըլլար խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բացատրութիւն տալ, թէ ի՞նչ պատճառներով 2026-ի առաջին տաս ամիսներու ընթացքին հայոց բանակին մէջ արձանագրուած են զինուորականներու մահուան, անձնասպանութեան եւ սպանութեան 46 դէպքեր, ի՞նչ քայլեր ձեռնարկուած են անոնց կանխարգիլման, իսկ յանցագործութիւններու պարագային` պատասխանատուները բացայայտելու եւ արդարութեան առաջ կանգնեցնելու ուղղութեամբ:

Բանակը հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը ստանձնած հաստատութիւնն է: Անոր նկատմամբ վստահութիւնը կը վերականգնուի` արդար հրամանատարութեամբ, զինուորին արժանապատուութեան պաշտպանութեամբ եւ պետական հետեւողական պատասխանատուութեամբ, ո՛չ ժողովուրդին պատմական վարքագիծը ընդհանրացնող համեմատութիւններով:

Սփիւռքը` Ազգային Ամբողջութեան Կենդանի Մաս

Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքին կրնայ առաջարկել` «Միայն մէկ բան` ինքզինք իբրեւ հայրենիք, որ պետութիւն է», եւ այդ հայրենիքը սփիւռքին կ՛առաջարկէ սէր ու յարգանք:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անշուշտ, սփիւռքին պէտք է ներկայանայ իբրեւ ինքնիշխան, զարգացող եւ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովող պետութիւն: Սակայն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը կարելի չէ սահմանափակել այն տրամաբանութեամբ, թէ պետութիւնը ի՛նչ կրնայ առաջարկել սփիւռքին: Այդ յարաբերութիւնը փոխադարձ պատմական պարտաւորութիւններու, ազգային համերաշխութեան եւ համատեղ ապագայի կառուցման հարց է:

Սփիւռքը հայ ժողովուրդի համազգային ամբողջութեան անբաժանելի մասն է` իր պատմական յիշողութեամբ, ազգային կառոյցներով եւ մշակութային ժառանգութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անոր կապը կը բխի ազգային ընդհանրական պատկանելիութենէն, իսկ անոր գոյութիւնը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի պատմական շարունակականութիւնն ու համաշխարհային ներկայութիւնը: Ան ունի` իր դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային հաստատութիւնները, մամուլը, կրթական ու գիտական կառոյցները, համայնքային կազմակերպութիւններն ու ազգային փորձառութիւնը: Անոր դերը բարեգործութեամբ կամ Հայաստանի տնտեսական զարգացման աջակցութեամբ սահմանափակելը կը նսեմացնէ այդ բազմաշերտ ժառանգութիւնը:

Սփիւռքը Հայաստանի կարիքն ունի, իսկ Հայաստանը` սփիւռքի: Այս կապը պէտք է հիմնուի փոխադարձ յարգանքի, իրաւահաւասար մասնակցութեան եւ համազգային նպատակներու շուրջ գործակցութեան վրայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ եւ պէտք է դառնայ հայ ժողովուրդի քաղաքական ու պետական կեանքի կեդրոնը, սակայն համայն հայութիւնը շատ աւելի լայն աշխարհագրական, մշակութային եւ պատմական տարածք մը կը ներկայացնէ:

Պետականութիւնը Պէտք Է Ընդարձակէ Ազգային Մտածողութիւնը

«Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան խնդրայարոյց կողմը պետական սահմաններու եւ շահերու կարեւորութեան շեշտադրումը չէ, այլ` ազգային ինքնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ տարածքով սահմանափակելու մօտեցումը: Հարցը հետեւեալն է. արդեօ՞ք պետականութեան ամրապնդումը կը ներկայացուի իբրեւ ամբողջ ազգի համախմբման միջոց, թէ՞ կը վերածուի ազգային մտածողութիւնը սահմանափակող քաղաքական չափանիշի:

Հայաստանը պէտք ունի` խաղաղութեան, անվտանգութեան, հզօր բանակի, արդար դատական համակարգի, զարգացած տնտեսութեան եւ վստահելի պետական հաստատութիւններու: Սակայն խաղաղութեան ձգտումը պէտք է ընթանայ ազգային յիշողութեան պահպանման հետ, պետական շահի պաշտպանութիւնը` պատմական գիտակցութեան ամրապնդման, իսկ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու յարգումը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պահանջատիրութեան շարունակականութեան զուգահեռ:

Հայութիւնը կրնայ իր պատմական յիշողութիւնը, ազգային ժառանգութիւնն ու իրաւունքներու գիտակցութիւնը պահպանել եւ փոխանցել սերունդէ սերունդ` առանց տարածքային ընդարձակման որեւէ ձգտումի: Կրնայ պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը` միաժամանակ տէր կանգնիլ Արցախի իրաւունքներուն, Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան պահանջին եւ աշխարհասփիւռ հայկական ժառանգութեան պահպանման: Այս բոլորը իրարու հակադրելու փոխարէն` անհրաժեշտ է զանոնք տեղադրել ազգային պատասխանատուութեան միասնական տեսլականի մէջ:

Պետութիւնը կը բնորոշուի իր աշխարհագրական սահմաններով եւ կը մարմնաւորէ ազգային գերիշխանութիւնը, մինչդեռ ազգի ինքնութիւնը կ՛ընդգրկէ այդ սահմաններէն անդին տարածուող պատմութիւն, լեզու, մշակոյթ եւ համազգային յիշողութիւն: Ազգային գիտակցութեան հորիզոնը շատ աւելի ընդարձակ է, քան` որեւէ պետական քարտէս:

Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնը պէտք է դառնայ ամբողջ հայութեան համազգային նպատակը: Այդ նպատակին իրագործումը կը պահանջէ հզօր պետութիւն մը, որ կը պաշտպանէ իր սահմանները, կ’երաշխաւորէ իր քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը, սփիւռքի հետ կը հաստատէ հաւասար գործընկերութիւն եւ ազգային ժառանգութիւնը կը վերածէ ուժի աղբիւր:

Իրական Հայաստանի ապագան կը կերտուի հզօր պետականութեամբ, բայց այդ պետականութեան տեսլականը պէտք է ընդգրկէ համայն հայութիւնը: Մեր ազգային հորիզոնը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն այն տարածքով, զոր կը պարփակէ պետական սահմանագիծը: Սահմանը կը պաշտպանէ հայրենիքի պետական տարածքը, սակայն հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը, արժանապատուութիւնն ու ապագայի տեսլականը կը տարածուին այդ սահմաններէն անդին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է դառնայ այն հզօր պետական հայրենիքը, որուն շուրջ կը համախմբուի համայն հայութիւնը` իր պատմութեամբ, լեզուով, մշակոյթով եւ ազգային իղձերով: Պետութեան ուժը կը հարստանայ, երբ ան իր մէջ կը ներառէ համայն հայութեան պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը, իսկ ազգային ուժը կը պահպանուի, երբ պետականութեան ամրապնդումը կ՛ընթանայ ազգային ինքնութեան ամբողջական գիտակցութեան համընթաց:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ողջունելի, Սակայն` Ոչ Այդքան

Յաջորդը

Խեսուս Օվոնոյի Պատիժը

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Անդրադարձ

Ողջունելի, Սակայն` Ոչ Այդքան

November 17, 2026
Իմ Սիրելի Պուրճ Համուտը` 1920-ականներու Ճահիճներէն Մինչեւ Մանկութեանս Յուշեր
Անդրադարձ

Իմ Սիրելի Պուրճ Համուտը` 1920-ականներու Ճահիճներէն Մինչեւ Մանկութեանս Յուշեր

November 17, 2026
Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ
Անդրադարձ

Ազգային Վարժարանը Հայկական Ինքնութեան Եւ Լիբանանեան Միջավայրի Միջեւ

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.