ՓԻԹԸՐ Պ. ՀԱՅԿ
Ահա թէ ինչո՛ւ կը հաւատամ, որ Պուրճ Համուտը պէտք չէ յիշուի միայն իբրեւ հայկական թաղամաս մը Լիբանանի մէջ: Ան պէտք է նաեւ յիշուի իբրեւ հայկական սփիւռքի վերաշինութեան մեծագոյն պատմութիւններէն մէկը:
Բայց կարեւոր է ըսել նաեւ ուրիշ բան մը: Պուրճ Համուտը նաեւ Լիբանանի պատմութեան մէկ մասն է: Հոն իրենց կեանքը կերտած հայերը Լիբանանէն դուրս չապրեցան: Անոնք դարձան Լիբանանի մէկ մասը: Անոնք աշխատեցան Լիբանանի մէջ, գործեր հիմնեցին Լիբանանի մէջ, կրթեցին իրենց զաւակները Լիբանանի մէջ, նպաստեցին անոր տնտեսութեան, մասնակցեցան անոր մշակութային կեանքին եւ կիսեցին երկրին դժուար պահերը, ինչպէս նաեւ` ուրախ օրերը: Իրենց պատմութիւնն ու Լիբանանի պատմութիւնը հիւսուեցան իրարու:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ուզեմ, որ հայերն ու լիբանանցիները հաւասարապէս հասկնան Պուրճ Համուտը` կաղապարուած գաղափարներէն անդին:
Մի՛ նայիք միայն շէնքերուն: Նայեցէ՛ք զանոնք կառուցող մարդոց:
Մի՛ նայիք միայն նեղ փողոցներուն: Մտածեցէ՛ք հոնկէ քալող սերունդներուն մասին:
Մի՛ նայիք միայն համեստ արհեստանոցներուն: Մտածեցէ՛ք անոնցմէ ծնունդ առած հմտութիւններուն եւ երազներուն մասին:
Մի՛ նայիք միայն անոր, թէ Պուրճ Համուտը ի՛նչ բանէ զուրկ է: Նայեցէ՛ք, թէ ի՛նչ ստեղծեց ան:
Եւ թերեւս ամէնէն կարեւորը` մի՛ նայիք անոր պարզապէս իբրեւ տեղ մը, ուր հայերը եկան իրենց հայրենիքը կորսնցնելէ ետք: Նայեցէ՛ք անոր իբրեւ վայր մը, ուր հայերը փաստեցին, որ հայրենիք կորսնցնելը չի նշանակեր կորսնցնել տուն եւ ազգ կերտելու կարողութիւնը:
Ասիկա է էական տարբերութիւնը:
1920-ականներուն հասած վերապրողները չէին կրնար գիտնալ, թէ Պուրճ Համուտը ի՛նչ պիտի դառնար: Անոնք չէին կրնար գիտնալ, որ` իրենց զաւակները յաջող գործեր պիտի հիմնէին, որ իրենց թոռները մասնագէտներ պիտի դառնային ամբողջ աշխարհի տարածքին, կամ որ` երիտասարդ ուսանողներ օր մը հրթիռներ պիտի արձակէին Լիբանանէն: Անոնք միայն գիտէին, որ պէտք էր վերստին սկսէին: Եւ անոնք իրագործեցին իրենց երազը: Ատիկա իրենց նուէրն է մեզի: Եւ հիմա մեր պատասխանատուութիւնն է յիշել ու գնահատել:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրեմ այս տողերը: Ես չեմ փորձեր Պուրճ Համուտի ակադեմական պատմութիւնը գրել: Կան պատմաբաններ, հետազօտողներ եւ հաստատութիւններ, որոնք աւելի լաւ պատրաստուած են ամէն թուական, անուն եւ դէպք արձանագրելու համար:
Ես կը փորձեմ պահպանել ուրիշ բան մը: Ես կը փորձեմ պահպանել զգացումը: 1960-ականներուն հոն մեծցած երեխայի մը զգացումը: Այդ փողոցներէն քալելու զգացումը` առանց գիտնալու, որ օր մը անոնք յուշեր պիտի դառնային:
Շրջապատուած ըլլալու զգացումը այնպիսի մարդոցմով, որոնց ծնողները վերապրած էին աներեւակայելի պայմաններէ: Շուրջդ բնականօրէն հայերէն լսելու զգացումը: Դրացիներդ ճանչնալու զգացումը: Զգացումը` ուտելու այնպիսի համով ուտելիքներ, որոնց բաղադրատոմսերը փոխանցուած էին սերունդէ սերունդ: Քեզմէ աւելի մեծ բանի մը մաս կազմելու զգացումը:
Եւ թերեւս ատոր համար է, որ այս գրութիւնը կը կոչեմ «Իմ սիրելի Պուրճ Համուտը»: Որովհետեւ ասիկա պարզապէս վայրի մը պատմութիւնը չէ: Ասիկա սիրոյ նամակ մըն է` նուիրուած վայրի մը: Ասիկա շնորհակալութիւն մըն է զայն կառուցող մարդոց: Ասիկա յիշատակում մըն է հոն ապրած մարդոց: Ասիկա երախտագիտութիւն մըն է այն զոհողութիւններուն, որոնք կարելի դարձուցին մեր մանկութիւնը:
Եւ ասիկա պատգամ մըն է անոնց, որոնք պիտի գան մեզմէ ետք:
Իմ լիբանանահայ քոյրերուս եւ եղբայրներուս կ՛ըսեմ. «Երբեք մի՛ ամչնաք ձեր սկզբնաւորութենէն»:
Աշխարհասփիւռ հայութեան կ՛ըսեմ. «Յիշեցէ՛ք, որ մեր պատմութիւնը կը ներառէ Պուրճ Համուտի նման տեղեր, ուր տեղահանուած ժողովուրդ մը վերակերտեց ինքզինք եւ ստեղծեց ծաղկուն համայնք մը»:
Մեր ոչ հայ լիբանանցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն կ՛ըսեմ. «Հասկցէ՛ք, որ Պուրճ Համուտը առանձին պատմութիւն մը չէ Լիբանանի պատմութեան կողքին: Անիկա հիւսուած է ու մաս կազմած անոր պատմութեան»:
Եւ երիտասարդ սերունդին կ՛ըսեմ. «Դուք կրնաք ապրիլ այնպիսի տեղեր, զորս ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը երբեք չէին կրնար երեւակայել, եւ կրնաք հասնիլ այնպիսի բարձունքներու, որոնք անոնց համար անկարելի պիտի թուէին: Դուք հպարտ ըլլալով հանդերձ, երբեք պէտք չէ թոյլ տաք, որ ձեր յաջողութիւնը ձեզ ամչցնէ այն փողոցներէն, որոնցմէ սերած է ձեր ընտանիքը:
«Այդ փողոցները կրնային խճողուած ըլլալ: Անոնք կրնային դժուար ըլլալ: Անոնք կրնային տպաւորիչ չթուիլ: Բայց անոնք հիմքն էին: Ձեր յաջողութիւնը չսկսաւ այն ատեն, երբ հասաք Ամերիկա, Քանատա կամ Եւրոպա: Ան չսկսաւ, երբ ստացաք ձեր վկայականը: Ան սկսաւ շատ աւելի առաջ: Ան սկսաւ վերապրողով մը, աշխատողով մը, զոհողութիւն ընողով մը, որ կը հաւատար, թէ իր զաւակները կրնային աւելի լաւ կեանք ունենալ: Եւ մեզմէ շատերուն համար այդ ճանապարհը սկսաւ Պուրճ Համուտէն»:
Երբ այսօր աչքերս փակեմ, կրնամ երեւակայել մանկութեանս այդ թաղամասը: Կրնամ տեսնել փողոցները: Կրնամ լսել ձայները: Կրնամ երեւակայել բուրմունքը ուտելիքներուն: Կրնամ պատկերացնել խանութներն ու արհեստանոցները: Կրնամ վերյիշել մարդիկը: Եւ պահ մը, տարիները կ՛անհետանան:
Այժմ տասնամեակներ ետք ետ չեմ նայիր: Ես դարձեալ այդ երեխան եմ: Երեխայ մը, որ չէր գիտեր, թէ իր ապրած աշխարհը օր մը թանկագին պիտի դառնայ: Երեխայ մը, որ չի գիտեր, թէ իր շուրջի մարդոցմէ ոմանք ի վերջոյ պիտի անհետանան: Երեխայ մը, որ չի գիտեր, թէ թաղը պիտի փոխուի: Երեխայ մը, որ չի գիտեր, թէ օր մը ովկիանոսներ պիտի կտրէ եւ ուրիշ կեանք մը պիտի կերտէ: Ան միայն մէկ բան գիտէ: Պուրճ Համուտը իր մանկութեան տունն է:
Եւ թերեւս ատիկա մեծագոյն նուէրն է, զոր Պուրճ Համուտը տուաւ ինծի: Ան սկիզբ մը տուաւ կեանքիս, լեցուն յուշերով, զորս ժամանակը չի կրնար ջնջել: Ան ինծի տուաւ կապ մը այնպիսի սերունդի մը հետ, որ երբեք ամբողջութեամբ չճանչցայ, բայց որուն զոհողութիւնները կերտեցին իմ կեանքս: Ան ինծի սորվեցուց` առանց իմ անդրադառնալուս, որ մարդիկ կրնան կորսնցնել գրեթէ ամէն ինչ եւ դարձեալ վերաշինել, թէ` համայնքները կրնան ծնիլ ողբերգութենէ, թէ` արժանապատուութիւնը կրնայ գոյատեւել աղքատութեան կողքին, եւ թէ` կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կրնան զարգանալ նեղութիւններէն, թէ` ստեղծագործութիւնը կրնայ ծաղկիլ խճողուած փողոցներուն ընդմէջէն, թէ` երազները կրնան հասնիլ շատ անդին այն պայմաններէն, որոնց մէջ անոնք սկիզբ առած էին: Եւ թէ վայր մը պէտք չէ ըլլայ հարուստ կամ գեղեցիկ` սովորական չափանիշներով, ըլլալու համար խորապէս գեղեցիկ այն մարդոց համար, որոնք զայն տուն կը կոչեն:
Ուստի, երբ այսօր կը մտածեմ Պուրճ Համուտի մասին, չեմ մտածեր պարզապէս անցեալին մասին: Կը մտածեմ ժառանգութեան մը մասին, որ 1920-ականներուն հասած եւ վերստին սկիզբ տուած են իրենց կեանքին: Կը մտածեմ այն սերունդներուն մասին, որոնք ճահիճը վերածեցին համայնքի: Կը մտածեմ իրենց զաւակներուն համար զոհողութիւն ըրած ծնողներուն մասին: Կը մտածեմ այն արհեստաւորներուն մասին, որոնց ձեռքերը կ՛օգնէին կերտելու Լիբանանը: Կը մտածեմ մեր լեզուն պաշտպանած ուսուցիչներուն մասին: Կը մտածեմ երաժիշտներուն եւ արուեստագէտներուն մասին, որոնք ձայն տուին համայնքին: Կը մտածեմ այն ուսանողներուն մասին, որոնք համարձակեցան դէպի աստղերը հասնիլ: Եւ կը մտածեմ իմ սերունդիս երեխաներուն մասին, որոնք պարզապէս ապրեցան իրենց կեանքը` առանց անդրադառնալու, որ օր մը յետադարձ ակնարկով մը պիտի հասկնային, թէ որքա՛ն արտակարգ էր մեր մանկութեան տունը:
Ասիկա է այն Պուրճ Համուտը, որ կ՛ուզեմ յիշել: Ո՛չ կատարեալ Պուրճ Համուտ մը: Ո՛չ վիպականացուած Պուրճ Համուտ մը: Այլ` իսկական Պուրճ Համուտը: Ողբերգութենէ ծնած, բայց կեանքով լեցուն վայր մը: Վայր մը, որ պայքարեցաւ, բայց երբեք անձնատուր չեղաւ: Վայր մը, որ համեստ էր նիւթական հարստութեամբ, բայց հարուստ` մարդկային ոգիով: Վայր մը, ուր վերապրողները դարձան շինարարներ: Վայր մը, ուր գաղթականները դարձան քաղաքացիներ: Վայր մը, ուր երեխաները դարձան երազողներ: Վայր մը, որ օգնեց կերտելու Լիբանանը` միաժամանակ պահպանելով հայկական ինքնութիւնը, որ կործանման սպառնալիքի տակ կը գտնուէր: Եւ վայր մը, որ 1960-ականներուն ծնած փոքր տղու մը համար դարձաւ տուն: Այդ տղան մեծցաւ: Ան հեռացաւ: Ան ճամբորդեց: Ան ապրեցաւ: Ան ճանչցաւ աշխարհը: Բայց երբեք ամբողջութեամբ չմոռցաւ Պուրճ Համուտը: Այլ Պուրճ Համուտը մնաց իր սրտին մէջ:
Եւ որքան ալ ովկիանոսներ կտրենք, քանի՜ լեզուներ սորվինք, վկայականներ ստանանք, որքա՜ ն ալ յաջողինք կամ որքան ալ հեռու տանի մեզ կեանքը, կը մնայ փոքրիկ մասնիկ մը այն վայրէն, որ մեծցուց մեզ: Ինծի համար այդ վայրը միշտ պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտը: Իմ սիրելի Պուրճ Համուտը:
Ուստի, այս բառերը կը ձօնեմ իբրեւ փոքր նուէր մը մեզմէ առաջ հաստատուած վերապրողներուն: Նուէր մը` ծնողներուն, մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք կառուցեցին այն, ինչ որ ժառանգեցինք: Նուէր մը` բոլոր անոնց, որոնք կը յիշեն այդ փողոցները: Նուէր մը` անոնց, որոնք հեռացան, բայց տակաւին զանոնք կը կրեն իրենց սրտերուն մէջ: Յատկապէս նուէր մը` հոն մնացող երիտասարդներուն, որոնք թերեւս երբեք պիտի չճանչնան մեր ճանչցած Պուրճ Համուտը:
Յոյսով եմ, որ անոնք պիտի կարդան այս միտքերը եւ հասկնան, որ իրենց պատմութիւնը չսկսաւ իրենց իրագործումներով: Անիկա սկսաւ ուրիշին քաջութեամբ: Անիկա սկսաւ մարդոցմով, որոնք գրեթէ ոչինչ ունէին, բայց դարձեալ գտան ուժը` բան մը կառուցելու: Անիկա սկսաւ 1920-ականներուն ու աճեցաւ տասնամեակներու ընթացքին ու հասաւ մեր մանկութեան` 1960-ականներուն ծնածներուն: Եւ անիկա կը շարունակուի ամէն մէկ սերունդի հետ, որ այդ ժառանգութիւնը յառաջ կը տանի:
Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է յիշենք զայն ու խօսինք անոր մասին: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է սորվեցնենք մեր զաւակներուն անոր մասին, թէ նոյնիսկ այսքան տարիներ ետք տակաւին կրնամ ըսել նոյն ջերմութեամբ, զոր կը զգայի իբրեւ երեխայ:
Իմ սիրելի՛ Պուրճ Համուտ, դուն կատարեալ չէիր: Դուն հարուստ չէիր: Դուն միշտ դիւրին չէիր: Բայց դուն մե՛րն էիր: Դուն մեծցուցիր մեզ: Դուն տուիր մեր յուշերը: Դուն տուիր մեր տոկունութիւնը: Եւ դուն տուիր մեզի տեղ մը` զայն տուն կոչելու համար:
Սիրելի՛ լիբանանահայ,
Որքան ալ բարձրանաս ու յաջողութիւններ արձանագրես, խորին երախտագիտութեամբ կը մաղթեմ, որ սրտիդ մէջ միշտ վառ պահես այն օրհնեալ հողը, ուր մեր սփիւռքահայու պատմութիւնը սկիզբ առաւ:
Որքան ալ հեռու տանի քեզ կեանքը Պուրճ Համուտէն, թող սիրտդ երբեք չհեռանայ այն ջերմ սէրէն, որ կ՛ապրի անոր յոգնած, բայց հարազատ փողոցներու հոգիին մէջ:
Եկո՛ւր` երախտապարտ սրտով միասին թոյլ չտանք, որ աշխարհը մոռնայ այն հերոսական կերտումն ու հայապահպանման սուրբ գործը, որ կատարուեցաւ հոն, որովհետեւ Պուրճ Համուտը միայն անցեալի յիշատակ մը չէ. անիկա մեր էութեան խորքն է, մեր հոգիին անբաժան մասնիկը եւ յաւերժական յիշեցում մը, որ մեզ իրար կը շաղկապէ ու կը կերտէ մեր ինքնութիւնը:
Այս յօդուածը սրտաբուխ երախտագիտութեան տուրք մըն է իմ ընտանիքիս, ազգականներուս, ազգակիցներուս, բարեկամներուս եւ լիբանանեան լայն համայնքին` թէ՛ հայ եւ թէ՛ ոչ հայ: Խորին անկեղծութեամբ գրուած` անիկա կ՛արտացոլացնէ սրտէ բխող անձնական պատգամ մը: Իբրեւ յատուկ նուէր` այս գրութիւնը կը նուիրեմ յատկապէս իմ պուրճհամուտցի հայրենակիցներուս` տօնելով մեր մէկտեղուած արմատները, աշխուժ պատմութիւնն ու տոկուն ոգին, որոնք յաւերժ մօտ կը մնան սրտիս: Խորին գնահատանքով ասիկա անկեղծ շնորհակալութիւն մըն է բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձեռքերն ու սիրտերը նուիրեցին մեր սիրելի Պուրճ Համուտը կառուցելու եւ կերտելու գործին:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Օգոստոս 18, 2026
—
(Շար. 1)

