113.000 Ամերիկեան Տոլար Ի Նպաստ
Հրատարակչատան Դէպի 100-Ամեակ Երթին
Համազգայինի հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2026-ին, «Պապել» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը` բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Ներկայ էին լիբանանահայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն եւ Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչները, հոգեւոր հայրեր եւ վերապատուելիներ, հաստատութեան բարերար Սէթեան ընտանիքի անդամներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական Ա. կարգի պաշտօնատարներ, քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, մարզական, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու` կեդրոնական եւ շրջանային մարմիններու պատասխանատուներ, մամուլի գործիչներ եւ տնօրէններ, հայկական վարժարաններու եւ բարեսիրական ու համայնքային այլ կառոյցներու տնօրէններ, խմբագիրներ, ակադեմական անձնաւորութիւններ եւ Համազգայինի բարերարներ ու բարեկամներ:
Օրուան հանդիսավարն էր Նանօր Սարգիսեան: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, բարերար ընտանիքին անունով Սարին Տէր Գալուստեան-Քրոշեան եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:
Ցուցադրուեցան հաստատութեան 95-ամեայ երթը ներկայացնող եւ վկայութիւններ փոխանցող վաւերագրական տեսերիզներ: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, տուտուկահար Կամօ Սէյրանեան եւ տաղանդաւոր երգչուհի Սեդա Սէյրանեան:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը ու անդրադարձաւ Վահէ Սէթեանի օրինակելի տիպարին ու հաւաքական կեանքին մէջ անոր պատկառելի վաստակին:
Այս ընթրիքին առիթով կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններու գումարը կազմեց 70.000 ամերիկեան տոլար: Իսկ անցնող երկու ամիսներուն 95 անհատներու ի նպաստ Համազգայինի հրատարակչական առաքելութեան` նօթատետրի եւ օրացոյցի հովանաւորութեան մասնակցութեամբ եւ 95-ամեակի առաջին հինգ գիրքերու հրատարակութեան համար ապահովուած մեկենասութիւններու ճամբով, հաստատութեան դէպի 100-ամեակ երթին իբրեւ զօրակցութիւն ցարդ գոյացած է ընդհանուր` ճաշկերոյթի նուիրահաւաքը ներառեալ` 113.000 ամերիկեան տոլար:
Հանդիսութեան մանրամասնութիւնները` յառաջիկային:


