Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիրելի Պուրճ Համուտը` 1920-Ականներու Ճահիճներէն Մինչեւ Մանկութեանս Յուշեր

November 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԻԹԸՐ Պ. ՀԱՅԿ

Մեր կեանքին մէջ կան վայրեր, որոնք կը յիշենք, եւ կան տեղեր, որոնք մաս կը դառնան մեր ինքնութեան: Ինծի համար Պուրճ Համուտը պարզապէս թաղամաս մը չէ, ուր ծնած եւ ատենօք ապրած եմ: Ան մաս կը կազմէ իմ ինքնութեանս, մանկութեանս եւ այն պատմութեան, զոր կերտեցին լիբանանահայ սերունդներ:

Ծնած եմ 1960-ականներուն եւ մանկութեանս մեծ մասը անցուցած եմ Պուրճ Համուտ: Այդ տարիքին չէի ըմբռներ զիս շրջապատող պատմութիւնը: Չէի գիտեր, որ այն փողոցները, ուր կը խաղայի, կառուցուած էին իմ ծնունդէս տասնամեակներ առաջ, Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Լիբանան հասած մարդոց կողմէ: Չէի անդրադառնար, որ համեստ տուները, փոքր խանութները, դպրոցները, եկեղեցիները, արհեստանոցները, հացատուներն ու խճողուած փողոցները, որոնք լիովին միջակ ու սովորական կը թուէին ինծի, իրականութեան մէջ տոկունութեան, գոյատեւման եւ վերաշինութեան արտակարգ պատմութեան մը արդիւնք էին:

Ինծի համար Պուրճ Համուտը պարզապէս տուն էր: Այն տեղն էր, ուր հասակ առի, ուր կը ճանչնայի փողոցները, մարդիկը, եւ ուր` կեանքը կ?եռար չորս կողմս: Միայն շատ աւելի ուշ, երբ մեծցայ եւ սկսայ հասկնալ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, անդրադարձայ, որ բախտաւոր եղած էի ապրելով միջավայրի մը մէջ, որ երբեք չէր կրնար նոյն ձեւով կրկնուիլ: Ես հասակ կ?առնէի վայրի մը մէջ, ուր սփիւռքի Հայոց պատմութիւնը կը կերտուէր:

Սակայն հասկնալու համար, թէ Պուրճ Համուտը ի՛նչ նշանակութիւն ունէր իմ սերունդիս համար, պէտք է երթանք մինչեւ սկիզբը: Պէտք է վերադառնանք 1920-ականներ, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը սկսան հասնիլ Լիբանան` կորսնցնելէ ետք իրենց տուները, ընտանիքները, համայնքը եւ գրեթէ ամէն ինչ, որ ատենօք ունէին: Անոնք հասան ոչ թէ շքեղութիւն կամ առիթներ փնտռելու, այլ` իբրեւ վերապրողներ, որոնք ապահով տեղ մը կը փնտռէին վերստին իրենց կեանքը սկսելու համար:

Եւ անոնք վերստին սկսան կերտել ու գոյատեւել:

Այն հողը, որ ի վերջոյ պիտի դառնար Պուրճ Համուտ, զարգացած քաղաքային կեդրոն մը չէր, որ կը սպասէր իրենց: Անոր մեծ մասը ճահճուտ էր: Սակայն հոն հասնողները տեսան իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւններէն անդին: Անոնք տեսան տուն մը, համայնք մը եւ ի վերջոյ իրենց զաւակներուն համար ապագայ մը կերտելու կարելիութիւնը:

Անոնք աշխատեցան, ինչ որ գիտէին: Տուներ կառուցեցին, փոքր գործեր բացին, եկեղեցիներ հաստատեցին, դպրոցներ հիմնեցին եւ կամաց-կամաց կերպարանափոխեցին իրենց շուրջի տարածքը: Ինչ որ սկսաւ իբրեւ ապաստարան, աստիճանաբար դարձաւ ծաղկուն հայկական համայնք մը:

Ցեղասպանութենէն ետք հայկական երեք գլխաւոր քաղաքական կուսակցութիւնները` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, օգնեցին Լիբանանի մէջ հիմնելու դպրոցներ, մշակութային հաստատութիւններ եւ մամուլի միջոցներ, միաժամանակ ապահովելով խորհրդարանական ներկայացուցչութիւն` յատկացուած աթոռներու միջոցով: Անոնք կենսական դեր խաղացին ընկերային եւ կրթական ենթակառուցուածքը կազմակերպելու գործին մէջ, ներառեալ եկեղեցիներ, մարզական ակումբներ, բարեգործական կազմակերպութիւններ եւ թերթեր` արմատախիլ եղած գաղթականներուն համար կառուցելով շատ աւելին, քան` պարզապէս ֆիզիքական թաղամասեր:

Տեղահանուած ժողովուրդի մը համար գոյատեւումը կը պահանջէր պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները, հաւատքն ու ինքնութիւնը` դպրոցները դարձնելով վճռորոշ վայրեր, ուր երեխաները սերունդէ սերունդ սորվեցան իրենց արմատներն ու պատմութիւնը: Եկեղեցիները համանման դեր կատարեցին` ծառայելով իբրեւ համայնքային կեդրոններ եւ խարիսխներ` տարագրութեան անորոշութիւններուն մէջ, ընտանիքները դանդաղօրէն վերածելով թաղամասերու եւ պսակուելով Պուրճ Համուտի աշխուժ համայնքով:

1960-ականներուն այս հիմնարար կառոյցները արդէն ամբողջութեամբ հաստատուած էին նախորդ սերունդներուն կողմէ` փոխանցելով տեւական հաստատութենական ժառանգութիւն մը, որ կերտուած էր հսկայական զոհողութիւններով:

Իմ յուշերս շատ տարբեր են այն պատմական նկարագրութիւններէն, զորս կը կարդանք այսօր: Երբ կը մտածեմ Պուրճ Համուտի մասին, նախ թուականներ կամ վիճակագրութիւններ  չեմ յիշեր: Կը մտաբերեմ ձայները, բուրմունքը, դէմքերը, իրարանցումը, շէնքերն ու շարժումը, որոնք բոլորն ալ քանդակուած են յիշողութեանս պատերուն վրայ: Կը յիշեմ թաղամաս մը, որ անդադար աշխուժ էր: Փողոցները կրնային խճողուած ու աղմկոտ ըլլալ, բայց ամէնուրեք եռանդ կար: Մարդիկ կ՛աշխատէին, կը խօսէին, գնումներ կ՛ընէին, զիրար կը տեսնէին եւ իրենց զաւակները կը մեծցնէին: Նեղ փողոցները լեցուն էին կեանքով, եւ պատերը կարծես կը պահէին սերունդներու ձայները:

Կը յիշեմ հայկական ուտելիքներու բուրմունքը, որոնք կու գային տուներէն ու խանութներէն: Նոր թխուած լահմաճունի, ապուխտի (պաստրմայի), երշիկի (սուճուխի), պէօրէկի, տոլմայի եւ սարմայի, իսկ աւելի ուշ` լիբանանեան ֆուլի, քնեֆէի ու մանանիշի բոյրը կը տարածուէր փողոցներուն մէջ եւ մաս կը կազմէր առօրեայ կեանքի մթնոլորտին: Ուտելիքը պարզապէս բան մը չէր, որ կ՛ուտէինք, այլ մաս էր մեր ինքնութեան ճանաչման:

Կը յիշեմ սուրճը, զրոյցները, խնդուքը եւ մարդոց իրարու ճանչնալու մտերմութիւնը: Այն օրերուն թաղը կրնար թուիլ գրեթէ մէկ մեծ ընտանիք: Դուն կը ճանչնայիր շրջապատիդ մէջ բնակող ընտանիքները, անոնք ալ կը ճանչնային քուկդ: Երեխաները միասին կը մեծնային, իսկ մեծերը յաճախ այնքան բնականօրէն կը հսկէին իրարու զաւակներուն, որքան` իրենց սեփականին: Մենք չունէինք այն արհեստագիտութիւնը, որ այսօր կը սահմանէ յարաբերութիւնները: Պէտք ալ չունէինք: Թաղը ինքնին կը կապէր մեզ:

Իբրեւ երեխայ` երբեք կանգ չառի մտածելու, թէ Պուրճ Համուտը հարո՞ւստ, թէ ՞աղքատ կը համարուէր: Անիկա պարզապէս իմ ճանչցած աշխարհս էր: Զայն չէի համեմատեր ուրիշ երկիրներու, հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող թաղամասերու հետ, այլ` միայն երէկուան հետ:

Եւ թերեւս ատոր համար է, որ այսօր դժուարութիւն կ՛ունենամ ընդունելու, երբ կը լսեմ մարդիկ, որոնք Պուրճ Համուտի մասին կը խօսին միայն ժխտական երանգներով:

Այո՛, խճողուած էր: Այո՛, շատ մը ընտանիքներ համեստօրէն կ՛ապրէին: Այո՛, կեանքը կրնար դժուար ըլլալ: Բայց նեղութիւնները ամբողջ պատմութիւնը չեն պատմեր: Եթէ նայինք միայն անոր, թէ Պուրճ Համուտը ինչէ՛ զուրկ էր, պիտի մոռցած ըլլանք, թէ անոր ժողովուրդը ինչե՛ր իրագործեց:

Հոն ապրող մարդիկ դարձան` արհեստաւորներ, առեւտրականներ, ձեռներէցներ, կրթական մշակներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ եւ մասնագէտներ: Անոնք զարգացուցին գործեր ու արհեստներ, որոնք կարեւոր դարձան ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի համար: Վարպետ ոսկերիչներ մշակեցին արտակարգ հմտութիւններ եւ իրենց նպաստը բերին Պէյրութի հռչակաւոր ոսկերչական շուկաներուն: Դերձակներ, հագուստեղէն արտադրողներ, կօշկակարներ եւ կաշեգործներ հաստատեցին ծաղկուն գործեր: Ժամագործներ, ելեկտրագէտներ, փականագործներ, մեքենագէտներ եւ այլ արհեստաւորներ զարգացուցին մասնագիտական գիտելիքներ եւ արտադրեցին սարքաւորումներ ու մեքենական մասեր, որոնք նպաստեցին շինարարութեան եւ առեւտուրին:

Ասոնք պարզապէս գործեր չէին: Շատ մը ընտանիքներու համար այս արհեստները իրենց ինքնաբաւութեան եւ նիւթական անկախութեան հիմքն էին: Արհեստաւոր մը կրնար սորվիլ հմտութիւն մը եւ զայն փոխանցել իր զաւկին: Փոքր խանութ մը կրնար դառնալ ընտանեկան հաստատութիւն: Երիտասարդ մը կրնար արհեստ սորվիլ եւ կերտել ապագայ մը, զոր անոր ծնողքը ատենին չէին ալ կրնար երեւակայել:

Ոսկիի, կաշիի, կտորի, մետաղի, փայտի եւ մեքենաներու վրայ աշխատող ձեռքերը կ՛օգնէին կառուցելու աւելին, քան` պարզապէս անհատական ապրուստ: Անոնք կ՛օգնէին կերտելու Լիբանանը:

Եւ Պուրճ Համուտի նպաստը Լիբանանին չէր սահմանափակուեր տնտեսութեամբ: Անոր ժողովուրդը իր նպաստը բերաւ նաեւ երկրի մշակութային կեանքին: Երաժշտութիւնը, թատրոնը, դասական կատարումները, երգչախումբերը, էսդրատային եւ տարբեր սեռերու երաժշտութիւնները դարձան այս համայնքէն ծնունդ առած հարուստ գեղարուեստական միջավայրի մէկ մասը: Թաղը լեցուն էր ոչ միայն աշխատիլ գիտցող անձերով, այլ նաեւ` ստեղծագործել գիտցող մարդոցմով:

Աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան այդ համադրութիւնը կարեւոր բան մը կ՛ըսէ Պուրճ Համուտը կերտող մարդոց մասին: Անոնք չէին ուզեր պարզապէս գոյատեւել: Անոնք կ՛ուզէին, որ իրենց զաւակները ապրին, սորվին, ստեղծագործեն ու երազեն:

Եւ այդ երազներէն ոմանք հասան Պուրճ Համուտի փողոցներէն շատ անդին: Ամէնէն ուշագրաւ օրինակներէն մէկը Հայկազեան քոլեճի Հրթիռային ընկերակցութեան պատմութիւնն էր, որ ետքը կապուեցաւ Լիբանանեան հրթիռային ընկերակցութեան հետ: 1960 նոյեմբերին բնագիտութեան եւ թուաբանութեան դասախօս Մանուկ Մանուկեան եւ հայ ու լիբանանցի ուսանողներու խումբ մը հիմնեցին Հայկազեան քոլեճի Հրթիրային ընկերակցութիւնը: Անոնք ծրագրեցին, կառուցեցին եւ արձակեցին կարծր վառելանիւթով հրթիռներ, ներառեալ` «Մայրի» (Cedars) հրթիռաշարքը, հասնելով մթնոլորտին վերին շերտերը եւ գրաւելով ազգային ու միջազգային ուշադրութիւն:

Մտածեցէ՛ք այդ իրագործման խորհրդանիշին մասին: Լիբանան իբրեւ գաղթական հասած մարդոց թոռները հիմա դէպի երկինք կը հասնէին: Այն նոյն համայնքը, որ ատենօք պայքարած էր ճահիճներու վրայ հաստատուելու համար, հիմա կը պատրաստէր գիտութեամբ եւ արհեստագիտութեամբ հետաքրքրուած երիտասարդներ: Ճանապարհորդութիւնը արտակարգ էր: Գոյատեւումէն դէպի ուսում: Ուսումէն դէպի գիտական հետաքրքրութիւն: Գիտական հետաքրքրութենէն դէպի հրթիռներ: Պուրճ Համուտի ճահիճներէն դէպի Լիբանանի երկինքը:

Դժբախտաբար հրթիռային ծրագիրը ի վերջոյ դադրեցաւ 1960-ականներու տասնամեակի տագնապներուն, աշխարհաքաղաքական ճնշումներու եւ շրջանային լարուածութեան պատճառով: Բայց անոր նշանակութիւնը չանհետացաւ: Անիկա ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ համայնք մը մերժէ թոյլ տալ, որ դժուարութիւնները սահմանափակեն իր երեւակայութիւնը: Անոնք իրենց հետ բերին ու փաստեցին իրենց տոկունութիւնը:

(Շար. 1)

18 oգոստոս 2026
Լոս Անճելըս

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ի 120-Ամեակի Յոբելենական Նշում

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  «Հացին Երգը»-էն Դէպի Վարուժանի Անմահ Աշխարհը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հացին Երգը»-էն Դէպի Վարուժանի Անմահ Աշխարհը

November 16, 2026
Ընտանիքի Ընկերաբանական Հոլովոյթը
Անդրադարձ

Ընտանիքի Ընկերաբանական Հոլովոյթը

November 16, 2026
Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.