Հովանաւորութիւնը Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովին, նախագահութեամբ Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, նախաձեռնութեամբ «Խօսնակ» մշակութային յանձնախումբին, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ միութեան հիմնադրութեան 120-ամեակը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկան տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան եւ Մարիա Ժէրթիտեան, որոնք փոխանցեցին տեղեկութիւններ միութեան անցած ուղիին մասին:
Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարներ Աւետիս Տիպան եւ Մարիանա Այանեան մերթ ընդ մերթ հաղորդեցին ՀԲԸՄ-ի նախագահներուն` միութեան մասին արտասանած խօսքերը:
Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Սելա Սվագճեան, որ ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Հով արէք» երաժշտական կտորը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նանոր Արնէլեանի, սաքսոֆոնահար Գրիգոր Արնէլեան նուագեց «Ով դու գեղեցիկ» կտորը, սոփրանօ Միրէյ Քիւթիւքճեան մեկնաբանեց Բարսեղ Կանաչեանի «Ծով աչեր» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարալ Արնէլեանի, նաեւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երկիր Հայրենի» երգը: Լիանա Ամիրխանեան արտասանեց Համամարտի ՀԲԸՄ-ի նուիրուած «Բարեգործականին» քերթուածը, Շահէ Պապահէքեան ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտորներ, Համբիկ Մարտիրոսեան դաշնակի վրայ նուագեց Էտուարտ Պաղտասարեանի երաժշտական կտորներէն, Արէն, Ալեք եւ Առնօ Տօներեան եղբայրները դաշնամուրի, ջութակի եւ թաւջութակի նուագակցութեամբ մեկնաբանեցին Կոմիտասի «Հապրպան»-ը եւ Խաչատուրեանի «Մասքարատ»-ը:
Օրուան բանախօսն էր բանաստեղծ եւ արձակագիր, «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:
Ան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի ծննդոցը` կարեւոր նկատելով Եգիպտոսի աշխարհագրական դիրքը` 1906 թուականին, գնահատելով հիմնադիրներուն ունեցած առանձնաշնորհումները, եւ ներկայացուց գլխաւոր հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշայի կենսագրականը:
Ապա ան անդրադարձաւ միութեան անցած 120-ամեայ ուղիին, Արեւմտեան Հայաստանէն ներս անոր ունեցած գործունէութեան, մարդասիրական եւ կրթական առաքելութեան, Խորհրդային Հայաստանէն ներս միութեան ունեցած դրական գործունէութեան, նաեւ Լիբանանի պարագային երկրի մէջ տիրող ճգնաժամային վայրկեաններուն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին մարդասիրական իրագործումներուն` առաջնորդութեամբ ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի:
Համբիկ Մարտիրոսեան բացատրեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան նպատակը, էութիւնը, վաստակը, նաեւ միութեան առաքելութիւնը եւ դէպի ապագայ նոյն տեսլականով ու ճանապարհով ուղղուելու եւ առաջնորդուելու անսայթաք ուղին:
Այնուհետեւ «Շողերգ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Համբիկ Մարտիրոսեանի, մեկնաբանեց հայրենասիրական, աշուղական ու ժողովրդային երգերու փունջ մը, որմէ ետք Համբիկ Մարտիրոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Ժէրար Թիւֆէնքճեանին` իբրեւ շնորհակալութիւն եւ երախտիք:
Աւարտին, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ սրբազան հայրը, որ գնահատեց ՀԲԸՄ-ի 120-ամեայ ազգօգուտ առաքելութիւնը` մաղթելով, որ այդ բարեգործական նպատակներու կարաւանին միանան նորեր:


