Արդեօք ընտանիքը կը փլուզուի՞, թէ՞ կը վերաիմաստաւորուի:
Մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ յաճախ կը հնչէ այն ահազանգը, թէ` «ընտանիքի հաստատութիւնը կը քանդուի», քանի որ ամուսնութիւնները կը նուազին, իսկ ամուսնալուծումները կը բազմանան:
Արդեօք «ընտանիքի փլուզում»-ը իրականութեան մէջ պարզապէս աւանդական պարտադրուած ձեւի մը փլուզո՞ւմն է, որ իր տեղը կը զիջի ընտրութեան վրայ հիմնուած նոր հասկացողութեան մը:
Արդեօք հին ընտանիքը իտէալակա՞ն էր:
Անցեալը իտէալականացնելը հասարակական մեծագոյն սխալներէն է: Մենք հակուած ենք կարծելու, թէ հին ժամանակներու ընտանիքները կառուցուած էին անխախտ սիրոյ եւ հաւատարմութեան վրայ: Սակայն պատմութիւնն ու գրականութիւնը այլ բան կը վկայեն: Եւրոպական հին բանահիւսութեան եւ արքունական ժամանակագրութիւններուն մէջ յաճախ կը տեսնենք, որ թագաւորներն ու ազնուականները կ՛ամուսնանային պարզապէս տարածքներ կամ հարստութիւններ միացնելու նպատակով, մինչդեռ իրենց իսկական զգացումները կը բաւարարէին դղեակներէն դուրս` ծածուկ սիրուհիներով կամ սիրեկաններով:
Գրականութիւնը անխնայ կերպով մերկացուցած է այս կեղծիքը: Կիւսթաւ Ֆլոպերի «Տիկին Պովարի» վէպը ցնցիչ կերպով կը պարզաբանէ, թէ ինչպէ՛ս հասարակութեան պարտադրանքով կնքուած, բայց սիրով չշաղախուած ամուսնութիւնը կինը կը մղէ դաւաճանութեան: Իսկ հայ իրականութեան մէջ Գրիգոր Զոհրապի նորավէպերը, օրինակ` «Այրին» կամ «Փոստալը», կը քանդեն «սուրբ» նահապետական ընտանիքի պատրանքը` բացայայտելով բռնութիւնը, կնոջ անիրաւուած վիճակն ու այն հասարակական կեղծիքը, ուր ամուսիններու միջեւ կապը յաճախ ձեւական էր: Արիւնակցական կապերէ, տնտեսական դաշինքէ բխած ընտանիքը, մարդկութեան արշալոյսէն ի վեր, սիրոյ վրայ հիմնուած չէր, ինչպէս այսօր կ՛երեւակայենք: Անիկա բարդ հաստատութիւն մըն էր, ուր կը միահիւսուէին` արիւնակցական կապերը, տնտեսութիւնը, սեփականութեան փոխանցումը, քաղաքական դաշինքներն ու զաւակներու ֆիզիքական պաշտպանութիւնը: Այս հին համակարգը ունէր իր առաւելութիւնները, ան կու տար մեծ կայունութիւն, ընկերային անվտանգութիւն եւ ցեղախումբի զօրաւոր աջակցութիւն: Բայց միւս կողմէն, անհատի ընտրութեան ազատութիւնը խիստ սահմանափակ էր, տնտեսական կախուածութիւնը` բացարձակ, եւ բազմաթիւ կործանարար կամ բռնի յարաբերութիւններ կը շարունակուէին պարտադրաբար:
Այսօր մեծ տեղաշարժ եւ ընտրութեան յեղափոխութիւն կատարուեցաւ:
Այժմ պատկերը հիմնովին փոխուած է, բայց ոչ թէ պարզապէս որովհետեւ մարդիկ յանկարծ դարձան յուզականօրէն աւելի խելացի, այլ որովհետեւ տեղի ունեցաւ գիտակցութեան արմատական տեղաշարժ` դէպի մտերմիկ յարաբերութիւններ, հոգեկան առողջութիւն եւ անհատական իրաւունքներ: Այս զարթօնքը զուգորդուեցաւ կնոջ կրթութեամբ, աշխատանքով եւ օրէնսդրական պաշտպանութեամբ: Նախկին «Պէտք է ամուսնանամ, որպէսզի գոյատեւեմ կամ հասարակութեան կողմէ ընդունուիմ» մօտեցումը յեղափոխուեցաւ եւ վերածուեցաւ` «Կ՛ուզեմ ամուսնանալ այս որոշակի անձին հետ» գիտակից ընտրութեան:
Այնուամենայնիւ, ինչո՞ւ ամէն ինչ աւելի դժուար դարձաւ:
Ահա հո՛ս կը ծագի արդի ժամանակներու ամէնէն հետաքրքրական հակասութիւնը. որքան մարդը աւելի ազատ կը դառնայ իր կողակիցը ընտրելու մէջ, այնքան անոր ակնկալիքները կը բարձրանան: Անցեալին ամուսնութիւնը պարտականութիւններու բաշխում էր` հայրը դրամ կ՛ապահովէր, մայրը զաւակները կը խնամէր: Այսօր մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր կողակիցը ըլլայ միաժամանակ մեր սիրեկանը, լաւագոյն բարեկամը, հոգեբանական յենարանը, տնտեսական գործընկերն ու մտաւորական հաղորդակիցը: Այս հսկայական բեռը ամուսնութեան հաստատութիւնը կը դարձնէ աւելի ազատ, բայց նաեւ` շատ աւելի պահանջկոտ:
Ամուսնալուծումը ընտանիքի ձախողութի՞ւն է, թէ՞ ելք:
Այս լոյսին տակ, ամուսնալուծումներու բարձր տոկոսը ինքնին ապացոյց չէ ընտանիքի բարելաւման, ոչ ալ` անոր վերջնական կործանման: Անիկա որոշ պարագաներու հետեւանք է այն իրողութեան, որ անհատները այլեւս կարողութիւնը ունին մերժելու վնասակար, բռնի կամ թունաւոր յարաբերութիւնները: Սակայն միեւնոյն ատեն անիկա կ՛արտացոլացնէ այն իրականութիւնը, որ մարդիկ այլեւս չեն հանդուրժեր միջակութիւնը, եւ յարաբերութեան մէջ բարձր բաւարարուածութեան պակասը շատ աւելի արագ կը յանգեցնէ կապի խզման:
Ի՞նչ կը պատահի զաւակներուն:
Այս քննարկումը թերի կ՛ըլլայ` առանց զաւակներու ճակատագիրին անդրադառնալու: Բռնութեամբ, սառնութեամբ եւ մնայուն վէճերով լեցուն տան մը մէջ «յանուն զաւակներուն» միասին մնալը անպայմանօրէն աւելի լաւ չէ, քան` բաժանումը: Սակայն հարկ է ընդունիլ, որ ամուսնալուծումն ալ ինքնին կրնայ պատճառել հոգեբանական եւ տնտեսական խոր վնասներ: Հետեւաբար ո՛չ «միասին մնալը» միշտ բացարձակ բարիք է, ո՛չ ալ «բաժնուիլը» անվնաս ազատագրում:
Արդիականութեան մութ կողմը պէտք չէ մոռնալ, որ ընտանիքի նոր տեսքը զերծ չէ թերութիւններէ: Անհատապաշտութեան եւ ազատութեան այս դարաշրջանը յառաջացուցած է նաեւ աննախադէպ առանձնութիւն եւ մեկուսացում: Մարդիկ կը դժուարանան յանձնառութիւններ ստանձնելու իսկ կատարելութեան անվերջ փնտռտուքը յարաբերութիւնները կը դարձնէ շատ աւելի դիւրաբեկ եւ անկայուն:
Ի վերջոյ` ո՞ր ընտանիքը կը մեռնի, եւ ո՞րը կը ծնի:
Գլխաւոր հարցումը այն չէ, թէ արդեօք ընտանիքը կը մեռնի՞: Իրական հարցումը այն է, թէ ընտանիքի ո՞ր տեսակն է, որ կը կործանի, եւ ո՞ր նոր տեսակն է, որ կը ծնի անոր աւերակներուն վրայ:
Ընտանիքը այլեւս այն հաստատութիւնը չէ, որուն անքակտելիութիւնը հասարակութիւնը կ’երաշխաւորէր արտաքին ճնշումով եւ սարսափով: Այսօր անիկա պարտաւոր է արդարացնել իր գոյութիւնը յարաբերութեան ներսիդին` օրէ օր կառուցուող վստահութեամբ, սիրով եւ գործընկերութեամբ: Այս անցումը ընտանիքը չի սպաններ, այլ զայն կը կանգնեցնէ շատ աւելի դժուար, բայց եւ անհամեմատ աւելի ճշմարիտ գոյաբանական փորձութեան մը դիմաց:
Հալէպ



