Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040

November 14, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Նազարեան իր պաշտօնավարութեան առաջին 100 օրերը ամբողջացուցած է եւ ներկայացուցած հայկական պասքեթպոլի զարգացման երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն` ընդգծելով ներկայի մարտահրաւէրները, յառաջիկայ տարիներու առաջնահերթութիւններուն ու մինչեւ 2040 թուականը նախատեսուած թիրախները:

29 յունիսին ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը ստանձնած Նազարեան նշեց, որ անցեալ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ հանդիպումներ եւ քննարկումներ կատարած է մարզիչներու, ակումբներու, մարզական կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ` լաւ ձեւով գնահատելու պասքեթպոլի ներկայ վիճակը: Ըստ Նազարեանի, թէեւ վերջին տարիներուն հայկական պասքեթպոլին մէջ յառաջդիմութիւնը նկատելի է, ինչպէս նաեւ այս մարզաձեւին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կ՛աճի օրէ օր, բայց պէտք է ըսել, որ լուրջ խնդիրներ կան` ժամանակակից ենթակառոյցներու պակաս, մարզական զարգացման սահմանափակ կարելիութիւններ, մարզչական կրթութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւն, աղջկանց պասքեթպոլի բաւական ցած մակարդակ եւ կայուն նիւթական օգնութեան համակարգի բացակայութիւն:

Ֆետերասիոնի գլխաւոր նպատակն է երկար ժամանակի վրայ եւ կայուն համակարգի ստեղծումը, որ ժամանակաւոր յաջողութիւններէ աւելին կ՛ըլլայ, եւ անընդհատ կը պատրաստուին մրցունակ մարզիկներ: Այս նպատակով աշխատանքի 6 հիմնական քայլեր առնուած են:

– 2027-ին Հայաստան Եւրոպայի բոլոր (6) ախոյեանութիւններուն պիտի մասնակցի: Առաջին անգամ ըլլալով ֆիպայի Եւրոպայի տարիքային ախոյեանութիւններուն, Հայաստան պիտի մասնակցի մինչեւ 16, մինչեւ 18 եւ մինչեւ 20 տարեկաններու երկսեռ ազգային խումբերով: Յատկանշական է, որ Հայաստանի մինչեւ 20 տարեկաններու աղջկանց հաւաքականը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան, բան մը, որ կարեւոր խթան է աղջկանց պասքեթպոլի զարգացման համար:

Ֆետերասիոնին նպատակն է յառաջիկայ տարիներուն պարզապէս մասնակցութենէն անցնիլ բարձր դիրքերու համար պայքարի:

– Նախապատրաստական նոր ձեւ եւ մինչեւ 14 տարեկաններու հաւաքականի հիմնում:

Պասքեթպոլի ֆետերասիոնը արմատապէս կը փոխէ պատանեկան հաւաքականներու նախապատրաստութեան համակարգը: Եթէ նախապէս մինչեւ 16 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան նախապատրաստութիւնը կը սկսէր մրցաշարքէն 3-4 ամիս առաջ, այժմ այդ գործընթացը կը սկսի 2,5-3 տարի առաջ:

Մինչեւ 14 տարեկան տարիքային խումբի հիմնաքարը պիտի դրուի: Պիտի զարգանայ տղոց ծրագիրը եւ պիտի ձեւաւորուի աղջկանց (14 տարեկանէն վար) հաւաքականի համակարգը: Ակումբներու մարզիչներուն հետ սերտ համագործակցութեամբ պիտի կատարուին կանոնաւոր մարզումներ, հաւաքներ, ֆիզիքական պատրաստութեան փորձեր եւ միջազգային մրցումներ` նպատակ ունենալով պատրաստել ոչ թէ խումբեր մէկ մրցաշարքի համար, այլ պասքեթպոլներ` երկար ժամանակի յաջողութիւններու համար:

– Մարզական զարգացում, դպրոցական պասքեթպոլ եւ մարզչական կրթութիւն:

Պասքեթպոլի աշխարհագրութիւնը Երեւանէն դուրս բերելու նպատակով պէտք է ընդլայնուի համագործակցութիւնը մարզպետարաններու, համայնքապետարաններու եւ դպրոցներու հետ` նոր տաղանդներ բացայայտելու նպատակով: Կարեւորագոյն նպատակ է նաեւ «Վարչապետի բաժակ» դպրոցական մրցաշարքի ընդլայնումը, ուր 2027-ին կը նախատեսուի, որ մասնակից աշակերտներուն թիւը հասնի առնուազն 12 հազարի:

Զուգահեռաբար, ֆետերասիոնին մէջ արդէն իսկ ձեւաւորուած է մարզիչներու կոմիտէ, որ պիտի զբաղի տեղական մասնագէտներու կրթութեամբ, վերապատրաստումով, մանկապատանեկան պասքեթպոլի մարզումի նոր ձեւի մշակումով եւ միջազգային փորձագէտներու գլխաւորութեամբ:

Տեսլական 2040.4 մեծ ակադեմիաներ եւ Եուրօպասքեթի ուղեգիր:

Երկարաժամկէտ ռազմավարութեան առանցքային կէտը պասքեթպոլի ժամանակակից ակադեմիաներու ցանցի ստեղծումն է: Կը նախատեսուի կառուցել 4 մեծ ակադեմիաներ, երկուքը` Երեւանի, իսկ մէկական Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, ուր բարձր մակարդակի մասնագէտներու գլխաւորութեամբ կրնան մարզուիլ շուրջ 1500 երեխայ:

Այս համակարգի լիարժէք ներդրումէն ետք, ֆետերասիոնը իր առջեւ դրած է յստակ մարզական նպատակներ. 6 տարուան ընթացքին, մինչեւ 16 տարեկաններու տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները ընդգրկել Եւրոպայի Բ. կարգի լաւագոյն տասնեակին մէջ, իսկ 8 տարուան ընթացքին` լաւագոյն հնգեակին մէջ:

8 տարուան ընթացքին մինչեւ 18 եւ մինչեւ 20 տարեկաններու տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները հասցնել Բ. կարգի լաւագոյն տասնեակ:

10 տարուան ընթացքին ապահովել Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներու մասնակցութիւնը Եուրոպասքեթի աւարտական փուլերուն:

Ամփոփելով իր ծրագիրը` Արթուր Նազարեան ընդգծեց, որ այս նպատակներուն հասնելու համար անհրաժեշտ է պետութեան, համայնքներու, ակումբներու, գործարարներու եւ սփիւռքի միասնական աշխատանքը: «Մեր նպատակը պարզապէս աւելի շատ մրցումներու յաղթելը չէ, այլ հայկական պասքեթպոլի այնպիսի ապագայ կերտել, որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ աւելի մեծ կարելիութիւններ ունենայ, քան նախորդը», ըսաւ Նազարեան:

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

RelatedPosts

Ծանրաբարձութիւն.  Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

November 14, 2026
Մուսիալա Կրնայ  Կանուխ Աւարտել Իր Ասպարէզը
Մարզական

Մուսիալա Կրնայ Կանուխ Աւարտել Իր Ասպարէզը

November 14, 2026
Կուարտիոլա Կրնայ Վերադառնալ…
Մարզական

Կուարտիոլա Կրնայ Վերադառնալ…

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.