Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը, բաւական ձախող ելոյթէ մը ետք աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, այժմ կը գտնուի մարզական հաւաքի մը` Սերպիոյ մէջ, լաւ ձեւով պատրաստուելու դեկտեմբերին տեղի ունենալիք դասաւորումի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Տոհայի (Քաթար) մէջ:
Նախնական կազմին մէջ ընդգրկուած են 14 մարզիկներ: Հիմնական կազմին մէջ ընդգրկուած են 11 մարզիկներ (6 տղաք եւ 5 աղջիկներ), ինչպէս նաեւ երեք պահեստի մարզիկներ:
Մարզիկներու հրապարակուած անուններուն կարգին են Վարազդատ Լալայեան, Գարիկ Կարապետեան, Ալեքսանտրա Գրիգորեան եւ Էմմա Պօղոսեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հիմնական կազմը.
ՏՂԱՔ
Մինչեւ 75 քկ Գոռ Սահակեան
Մինչեւ 85 քկ Ռաֆիկ Յարութիւնեան
Մինչեւ 95 քկ Արա Աղանեան
Մինչեւ 95 քկ Դաւիթ Յովհաննիսեան
Մինչեւ 110 քկ Գարիկ Կարապետեան
110 քիլոկրամէն վեր Վարազդատ Լալայեան
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Մինչեւ 61 քկ Ալեքսանտրա Գրիգորեան
Մինչեւ 77 քկ Աննա Ամրոյեան
Մինչեւ 77 քկ Ալինա Սուքիասեան
Մինչեւ 86 քկ Էմմա Պօղոսեան
Մինչեւ 86 քկ Լիանա Գիւրչեան
ՊԱՀԵՍՏԻ ԿԱԶՄ
Մինչեւ 75 քկ Տիգրան Կարապետեան
Մինչեւ 85 քկ Մարտին Պօղոսեան
Մինչեւ 69 քկ Մերի Միսաքեան
Այս կազմը նախնական է, եւ Հայաստանի մասնակիցիներու վերջնական կազմը կրնայ փոփոխութիւններ կրել:


