Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 հոկտեմբեր 2026-ին` երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գիրքի պատմական ուղին եւ հրատարակչական հոլովոյթը» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայ հրատարակչական կեանքի պատմական զարգացումներուն, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի հեռանկարներուն:

Քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբագիր եւ մանկավարժ Կարօ Յովհաննէսեան, բանասէր, խմբագիր, կրթական մշակ եւ հեղինակ Պարոյր Աղպաշեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ «Շիրակ» հրատարակչատան սեփականատէր Վիգէն Հաննէսեան: Զրոյցը վարեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Առաջին հերթին բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի «Տէրեան» եւ «Պարսումեան» գրադարաններու վարչական պատասխանատու Արթիւր Շէնեան: Ան մասնաւորաբար ընդգծեց լիբանանահայութեան նշանակալի աւանդը հայ գիրքի տարածման եւ հրատարակչական ոլորտի զարգացման մէջ:

Քննարկման առաջին բաժինով բանախօսները ներկայացուցին լիբանանահայ գիրքի պատմական ուղին, հրատարակչական գործունէութեան վերիվայրումներն ու ներկայ դժուարութիւնները: Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, որ վերջին հարիւրամեակին Լիբանանի մէջ հրատարակուած է շուրջ 6500 հայերէն գիրք, ինչ որ կը վկայէ լիբանանահայ գաղութի կենսական դերակատարութեան մասին` հայ գիրքի հրատարակութեան ու տարածման մարզերուն մէջ: Ան ընդգծեց, որ նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կանգ չէ առած հրատարակչական գործունէութիւնը` նշելով, որ 1975-էն 1985 լոյս տեսած է աւելի քան 700 հայերէն գիրք: Սա կը փաստէ, թէ, հակառակ պատերազմի ստեղծած անորոշութեան եւ խառնաշփոթին` լիբանանահայութիւնը յաջողած է կարճ միջոցի մէջ վերակազմակերպուիլ եւ շարունակել գիրքի հրատարակութեան իր առաքելութիւնը:

Սակայն այս հարուստ ժառանգութեան դիմաց այսօր հրատարակչական ոլորտը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Յակոբ Հաւաթեան մատնանշեց տպաքանակներու կտրուկ նուազումը` ընդգծելով, որ եթէ երբեմնի հրատարակութիւնները լոյս կը տեսնէին 1000-2000 տպաքանակով, ապա այսօր այդ թիւը նուազած է` հասնելով 300-500 օրինակի: Ան նաեւ շեշտեց գիրքերու տարածման եւ առաքման դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ խմբագրական որակի պահպանման համար հետզհետէ բարդացող պահանջները: Այսուհանդերձ, ան ընդգծեց, որ, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, հրատարակչական գործունէութիւնը կը շարունակուի, մեկենասներու աջակցութեամբ տակաւին լոյս կը տեսնեն մանկապատանեկան, պատմագիտական եւ գեղարուեստական բնոյթի գիրքեր` նպաստելով հայ հրատարակչական աւանդոյթի շարունակականութեան:

Վիգէն Հաննէսեան, իր կարգին, ներկայացուց տպագրական արհեստագիտութեան զարգացումին ազդեցութիւնը հրատարակչական համակարգին վրայ: Ան յիշեցուց, որ երբ ի յայտ եկան համակարգիչներն ու ելեկտրոնային գրաշարութիւնը, հեղինակները այլեւս դադրեցան հայկական տպարաններու դիմելէ: Այս փոփոխութիւններուն, գաղութի նօսրացումին եւ Լիբանանի տնտեսական ու դրամատնային յաջորդական տագնապներուն իբրեւ հետեւանք` հրատարակչական կառոյցներու գործունէութիւնը զգալիօրէն դժուարացաւ:

Կլոր սեղանի երկրորդ բաժինով քննարկուեցաւ հայ գիրքի հրատարակութեան հիմնական մղիչ ուժը` մշակութայի՞ն յանձնառութիւն, թէ՞ ընթերցող հասարակութեան պահանջարկ: Բանախօսներուն ընդհանուր դիտարկումը այն էր, որ եթէ անցեալին հրատարակչական գործունէութիւնը կը սնուցուէր թէ՛ ընթերցողի պահանջարկով եւ թէ՛ մշակութային առաքելութեամբ, ապա այսօր ան վերածուած է աւելի մշակութային յանձնառութեան եւ հայ գիրքի գոյութիւնը ապահովելու անհատական ու հաստատութենական ճիգի:

Այս ծիրէն ներս առանձնապէս շեշտուեցաւ հայ դպրոցի դերակատարութիւնը: Կարօ Յովհաննէսեան եւ Պարոյր Աղպաշեան կարեւոր նկատեցին տեսլական ունեցող ղեկավարութեան դերը եւ մատնանշեցին, որ ընթերցասիրութեան ձեւաւորումը կը սկսի ընտանեկան միջավայրէն ու դպրոցէն: Միւս կողմէ, Պարոյր Աղպաշեան մտահոգութիւն յայտնեց երիտասարդ սերունդին համար հետաքրքրական հրատարակութիւններ պատրաստելու դժուարութեան շուրջ` ընդգծելով, որ այսպիսի գաղափար մը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է բոլորովին այլ քաղաքականութիւն մը որդեգրել:

Ամփոփելով քննարկումը` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գնահատեց հնչած տեսակէտներուն ու ներկայացուած նիւթերուն բովանդակալից բնոյթը: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ քննարկուած նիւթերուն շուրջ կարելի է ձեռնարկել աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու եւ զանոնք հրատարակել «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի յառաջիկայ հատորին մէջ:

 

Նախորդը

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.