Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակը

November 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Կան մեծութիւններ, որոնք կարիքը չունին արժեւորումի, որովհետեւ անոնց փայլատակող  մեծութիւնը կը նսեմացնէ բոլոր արժեւորումները:  Անոնք իրենց տաղանդով եւ վաստակով կը մնան անաղարտ ու անխոցելի, անկախ մեր գնահատականներէն:

Արմենակ Եղիայեան կու գար խորտակուած ու կոտորակուած ժողովուրդի մը ծոցէն, իր ծնողները եւս ճողոպրածներ էին հալածանքներէն եւ ահաւոր նախճիրէն, անտէր, անտիրական, խլեակներ, որոնք մէկտեղուած պիտի վերականգնէին ազգը: Աղքատութիւնն ու չքաւորութիւնը բոլորին կացութիւնն էր, ուր անսպառ տառապանքն ու տխրութիւնը կը կազմէին բոլորին հոգեբանական միջավայրը: Ահա՛ այս խորապատկերին վրայ, այս գիւղացիք պիտի ճգնէին հիմնել իրենց Եոզկաթը, ուրկէ կու գային Արմենակին ծնողները եւս, որոնցմէ պիտի սերէր Արմենակ ահաւոր պայմաններու եւ դժուարին օրերու մէջ:

Այս սարսափելի կորուստի համայնապատկերին վրայ, ուր կը տիրապետէր հոգեւոր ամայութիւնն ու ներքին դատարկութիւնը, բնականաբար Արմենակ ոչինչ ունէր բացի իր մանկութենէն: Ան կու գար աշխարհէ մը, իրեն հետ բերելով մարդկային ապրումներու եւ յոյզերու համադրութիւն մը` հայրենիք, հող, լեզու, դէմքեր, դէպքեր եւ տառապանքներ, ծանր յիշողութիւններու անսպառ շտեմարան մը:  Աշխարհ մը հարստութիւն, պսակուած` իր տաղանդով, որոնցմով պիտի դառնար մեր օրերու  եզակի քերականագէտը,  լեզուագէտը եւ  հայագէտը:

Ինչպէս առաջին սերունդի տղաքը, նոյնպէս եւ երկրորդ եւ յաջորդող սերունդներու տղաքը դարձան իրենց ծնողաց կրած ճիգին ու քրտինքին ժառանգորդները, հպարտութիւնը ազգին: Արմենակ եւս տարիներու ընթացքին  ամբարեց աշխատութիւններու հսկայ ու բծախնդիր վաստակ մը եւ մեզի ժառանգեց սփիւռքի հողմերուն դէմ դնող անխորտակելի վահան մը` զանգուածներուն զէնքը, մայրենիին ճիշդ գործածութեան կերպերն ու կանոնները, եւ դարձաւ հպարտութիւնը բոլորին` հայոց լեզուին մէջ բերած իր նպաստով:

Արմենակ, որքան կ՛ուսումնասիրէր, այնքան աւելի բծախնդիր ու պահանջկոտ կ՛ըլլար, հետամուտ  կը դառնար մեր լեզուի ճիշդ, անթերի եւ մաքուր գործածութեան: Յատկապէս զանգուածներու սփիւռքեան պայմաններու տակ,  արագ եւ համայնական  օտարումով հայոց մայրենիէն, աւանդութիւններէն եւ ազգայինէն, ժամանակի ընթացքին կը դառնար աւելի ու աւելի խստապահանջ:

Արմենակ այն մեծերէն է, որ իր սենեակին մէջ ամփոփուած չմնաց եւ չգոհացաւ միայն կարդալով, գրելով, հաւաքագրելով եւ գիտելիքներ ամբարելով, այլ նաեւ դարձաւ ուսուցիչը բոլորին, խստապահանջ եւ ջանադիր:   Դարձաւ մտաւորականը, որ բարձրաձայնեց իր ըսելիքը եւ դարձաւ հայերէն լեզուին խիղճը, բարոյական կողմնորոշիչը` փոխանցելով իր գիտութիւնը բոլորին, պահանջելով մաքուր ու անաղարտ պահել մայրենին:

Եւ բնականաբար, յանուն հայոց ոսկեղենիկին, երբեք պիտի չխնայէր  իր ըսելիքը, որովհետեւ սխալագրութիւնը, անփութութիւնը եւ անպատասխանատուութիւնը` հեղինակութիւններուն եւ պատասխանատու անձանց, չէր կրնար անտեսել կամ ներել: Յատկապէս, իր կողմէ առաջին ազնիւ նկատողութիւնէն ետք, երբ անոնք շարունակէին նոյն յամառութեամբ միեւնոյն սխալագրութիւնը  պահել, իրենց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած համարելով, անտեսել, զանցել`  ընկալեալ օրէնքները, մերժելով ճիշդն ու թելադրուածը եւ շարունակելով  սխալագրութիւնները: Արմենակ լաւապէս կը գիտակցէր, որ անհատի մը ստանձնած պաշտօնին հանդէպ յարգանքն ու պատասխանատուութիւնը կ՛արտացոլայ այդ պաշտօնին մէջ ցուցաբերած իր բծախնդրութենէն ու այդ գործին հանդէպ տածած յարգանքէն:

Հետեւաբար, մեր հանրութեան մէջ Արմենակ ճանչցուեցաւ որքան իբրեւ հայագէտ, նոյնքան իբրեւ խիստ եւ անխնայ  քննադատ մը: Ո՛չ միայն այդքան, այլ բուռն հակազդեցութիւններ յառաջացնող քննադատ մը, նման պատասխանատուներ քննադատելու համար:  Բանակ մըն էր, որուն դէմ կը պայքարէր եւ բանակ մը ամբողջ` հակադրուած իր քննադատական կեցուածքին, կը մերժէր թէ՛ իր  քննադատութիւնները, եւ թէ՛ շարժառիթները, որոնք կը բխէին միայն ու միայն մեր լեզուին տխուր ու ողբալի աղճատումէն:

Արմենակը սակայն  միայն քննադատութեամբ չզբաղեցաւ, այլ իր սիրտը տրոփեց մեր մեծերու տիրական ու շքեղ փառքով, եւ կեանք մը ամբողջ նուիրուեցաւ ստեղծագործական աշխատանքի, գալիք սերունդներուն տալով հայոց ոսկեղենիկի ճիշդ գործածութեան բանալին: Ան նպատակաուղղուած էր` անաղարտ եւ մաքուր պահելու դարերու խորերէն եկող, եւ դէպի յաւերժութիւն ճանապարհորդուող, դէպի դարերը խոյացող հայոց  սքանչելիին պահպանման: Լեզու` որմով բարբառեցին Շնորհալին, Նարեկացին, Վարուժանը, Մեծարենցը, Օշականը եւ տակաւին  ամբողջ համաստեղութիւնը հայ ժողովուրդի մշակոյթը արարողներուն,  մեր փառքը կերտած տիտաններուն:

Այսօր, երբ հայաստանեան թէ սփիւռքեան իրականութիւնը կը գտնուի նորօրեայ աշխարհի փոթորիկներուն դիմաց, ակնյայտ կը դառնայ մէկ անժխտելի ճշմարտութիւն` թէ մայրենին տակաւին երկա՜ր ճամբայ ունի կտրելիք…

Ան կը մնայ մեր միակ ու անխորտակելի զէնքը` մեզ ոչնչացնել փորձող բարբարոսներուն դիմադրելու եւ մեր գոյութիւնը երաշխաւորելու: Հրաշափառ հայոց մայրենին մեր յաւերժութեան միակ երաշխիքն է: Հետեւաբար պէտք է մաքուր ու ամուր պահել զայն:

Փաստօրէն, ռուսը մեզ բաժնեց եւ տիրեց`  բաժնելով եւ աղճատելով, հաշմելով  մեր լեզուն եւ անդամալուծելով հայ մշակոյթի ստեղծագործութեան  էատարրը` փառահեղ  մայրենին:  Իսկ թուրքը առաջին հերթին գլխատեց մեր  մտաւորականութիւնը` ժողովուրդը ձգելով անգլուխ ու անղեկ, եւ տիրեց մեր դարաւոր հայրենիքին:

Հայոց պատմութեան ամէնէն ցաւալի ու բախտորոշ երկու էջերն են, ուր աշխարհաքաղաքական մեծ ուժերը տարբեր ձեւերով հարուածեցին հայութեան գոյութենական հիմքերը: Թէ՛ արեւելեան, թէ՛ արեւմտեան հայութեան փորձառութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս մշակութային ու ֆիզիքական հարուածները միտուած էին ազգային դիմագիծի ջնջման: Արդարեւ, երկու թշնամիներն ալ լաւապէս կը գիտակցէին եւ կը գիտակցին  այսօր եւս տակաւին, թէ մեր ուժը մեր լեզուին մէջ է, եւ միշտ փորձած են նախ հարուածել մեր մշակոյթն ու լեզուն: Որովհետեւ լեզուն` հայութիւնն ամբողջ  շաղախող էատարրը,  իր մէջ կը կրէ  ազգային ինքնութիւն, պատմութիւն եւ մտածողութիւն: Ո՛վ որ կը տիրապետէ իր լեզուին, անոր միտքը կը մնայ աննուաճելի: Մեր լեզուն մեր ինքնութեան ամրոցն է, որուն պատերը ոչ մէկ բարբարոս կրնայ փլել: Բայց մայրենին կորսնցնելով, կը կորսնցնենք հոգեւոր կապը անցեալին եւ ապագային միջեւ, մինչ ան մեր ուժն է, որ կը պահպանէ ազգին դիմագիծը, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ  գտնուինք: Աւելի՛ն. մայրենին ազգային գոյատեւման գրաւականն է: Ահա՛ թէ ինչպէս մեր զէնքը  դարձուցին բութ ու անբան եւ կը յամառին  տակաւին դարձնել:

Արմենակ Եղիայեան խորապէս ըմբռնելով եւ գիտակցելով այս բոլորին, շրջան մը, ամէն օր, հայաստանեան մամուլէն օտար բառերը կը հաւաքէր եւ նամակներով զգաստութեան կը հրաւիրէր  խմբագիրները:  Ի զո՜ւր:  Անցնող տասնամեակներուն  ոչ միայն մամուլին մէջ, այլ նաեւ պետական այրերուն խօսած հայերէնը  խորշանք կը պատճառէ,  երբ ան պէտք է հնչէ իբրեւ ազգային հպարտութեան արտայայտութիւն: Երբ պէտք է գիտակցին, թէ պետական լեզուն  կենսական է  քաղաքականութիւն վարելու եւ հասարակութիւնները շարժելու համար:  Միաժամանակ ռազմավարական անվտանգութեան երաշխիք է ան:  Լեզուն  կը կերտէ դիմադրողական հասարակութիւն եւ կը կանխէ օտարամոլութիւնը:

Մեր ժամանակներուն բարձրօրէն գնահատուած եւ հիացում պատճառող ճառը Ֆրանսայի վարչապետ Տոմինք տը Վիլլըփէնի 2003-ին Իրաքի վրայ ամերիկացիներու յարձակման պատճառով պատերազմը դատապարտող ճառն է, զոր ան արտասանեց ՄԱԿ-ի մէջ: Ան կը մնայ պատմութեան մէջ իբրեւ գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ դիւանագէտ  քաղաքական անձնաւորութիւն մը, որ իր խօսքին կատարելութեամբ, ձայնին սքանչելի առոգանութեամբ, ֆրանսերէն լեզուին բարձր իմացութեամբ, հոյակապ գրական ոճով ու մակարդակով  եւ պատգամի յստակ ու խիզախ,  յանդուգն  եւ յախուռն  արտայայտութեամբ, դարձաւ մեր ժամանակներու ամէնէն շատ յիշուած քաղաքական հրապարակախօսը: Մինչ մեր քաղաքական այրերուն խօսած հայերէնը միայն ամօթ կը պատճառէ:

Այսօր սփիւռքի  միակ եւ վերջին զրահը հայոց մայրենին է, լեզուն է ձուլման, ուծացման դէմ պայքարի միակ պատուարը: Առանց մայրենիին, սփիւռքը կը դադրի հայկական գործօն ըլլալէ:

Մինչ մենք, մեր անգիտութեամբ եւ տգիտութեամբ, կ՛առաջնորդենք զայն դէպի անդունդ, ամբողջական աղաւաղում եւ կործանում, կ՛արհամարհենք հայկեան լեզուի կամաւոր պաշտպան պահապան զինուորները, ուսուցիչները: Պարզ ըսած կը մեկուսացնենք արմենակները մեր կեանքէն: Փա՞ստը, Հայաստանի Հանրապետութեան կեցուածքը հայերէն լեզուին հանդէպ, հայ լրագրութեան աղճատուող լեզուն Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքները, եւ մեր զաւակներուն խօսած հայերէնը:

Խորունկ համոզումներով, անսպառ կորովով  աշխատող մըն էր Արմենակ, հաղորդուած մեր գրականութեան ոգիին, որուն քերականութեան, բառամթերքի, եւ լեզուաբանութեան գիտելիքներէն չկրցաւ լուսաւորուիլ իր շրջապատը:

Արմենակ ամբողջութեամբ անշահախնդիր էր:  Մոլեռանդ հաւատք ունէր հայոց լեզուի սքանչելիութեան նկատմամբ, անվերապահ հիացում`   հայոց լեզուի կատարելութեան, ամբողջ կեանքն ու գործը եղաւ ծառայութիւն մեր մայրենիին: Ապրեցաւ լեզուով եւ լեզուի համար: Եւ դարձաւ հայ լեզուամտածողութեան իսկական մշակը: Արժեւորելու համար այս ամէնը, իր բոլորանուէր աշխատանքով վկայեց իր պաշտամունքը հայոց լեզուին հանդէպ եւ նողկանքը սխալներուն նկատմամբ:

«Անիրական հայն էր, որ պիտի մնայ ու պիտի մնան տակաւին   բոլոր մեծ հոգիները հայկեան ցեղին, որոնք  իրենց արարումներով կերտեցին մեր պատմութիւնը,  գրականութիւնը եւ լեզուն»,  ըսած է Օշական:

Սիրելի՛ Արմենակ,

Երբ կ՛աշխատէինք Մարզպետի երրորդ հատորին մէկտեղման, դասաւորման եւ հրատարակութեան վրայ, շատ գողտրիկ կերպով ըսիր, որ Մարզպետը բախտաւոր էր ինծի նման քոյր մը ունենալուն:  Իսկ ուրիշ առիթով, ակնարկելով գրած մէկ յօդուածիս, խստօրէն քննադատեցիր բարձրաձայնած մէկ տեսակէտիս համար, իսկ ես պատասխանեցի, որ քեզմէ եկած որեւէ քննադատութիւն զիս չէր վիրաւորեր, որովհետեւ  գիտէի, որ քեզի համար լեզուն, ազգայինը,  հայերէնն ու հայրենիքը բոլորէն վեր հասկացութիւններ էին, հետեւաբար, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է «սխալողը», պիտի չխնայէիր: Իսկ ինծի համար դուն եղբայրներէս մին էիր, հետեւաբար, որքան գնահատական խօսքերդ, նոյնքան եւ քննադատական խօսքերդ ունէին  իրենց կշիռը:  Այդպէս, անվերապահ էիր թէ՛ գնահատականներուդ, եւ թէ՛ քննադատութիւններուդ մէջ, ո՛վ ալ որ էր ենթական:

Սփիւռքը  եւ  արեւմտահայ գրականութիւնը պարտական են Արմենակ Եղիայեանին գիտական եւ մանկավարժական վաստակին, իր մէկէ աւելի իրագործումներուն համար, յատկապէս` հայոց լեզուի կատարած ուսումնասիրութիւններուն, որոնք առանց նախապաշարումի, կը հանդիսանան արեւմտահայերէն լեզուի ամէնէն հմուտ եւ ներհուն աշխատութիւններէն, եւ որոնք վէպի մը պէս կամ վէպի մը չափ, հետաքրքրական կենսագործութիւններ են: Մենք առանց «Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց»-ին «Գուրգուրանք մայրենի»-ին, «Միասնաբար փրկենք հայերէնը»-ին, «Ի պէտս զարգացելոց մանկանցն Թորգոմայ»-ին, եւ շատ ուրիշներու, քիչ բան պիտի գիտնայինք մեր լեզուին քերականական, դարձուածաբանական, ուղղախօսական, ուղղագրական եւ գրական կանոններուն մասին:

Իր յամառ եւ անտեղիտալի մարտունակութիւնն  էր ազատագրել հայ լեզուն սփիւռքեան պայմաններէն` աղաւաղում, շեղումներ, օտարաբանութիւն, սխալագրութիւն, մեղանչումներ եւ լեզուական սայթաքումներ:

Մարտիրոսութեան համազօր առօրեայ մըն էր ամէնօրեայ դրութեամբ առանց դժկամանքի, աչք նետելը սփիւռքի մէջ հրատարակուող մամուլի բոլոր էջերուն` անթարթ դիմադրելով անտեսումները, մոռացումները եւ արհամարհանքը:

Այս բոլորը ըրաւ միշտ իր պարտքը տալով իր վարպետներուն: Եւ բոլորէն առաջ եւ վեր, առաջին հերթին դիմելով հայկեան լեզուի  սկզբնաղբիւր` գրաբարին, հոնկէ առնելով իր հիմնաւորումները, ապա դիմելով` հայագէտ, բանասէր, պատմաբան, լեզուագէտ, գրականագէտ, բառագիտութիւններու մասնագէտ, հայագիտութեան ականաւոր գիտնականներու  հոյլին, որոնց աշխատութիւնները հիմք հանդիսացած են արդի հայագիտութեան համար: Անոնք հայկեան ոսկեղենիկի հսկաներն ու պարծանքն էին` Նիկողայոս Ադոնց, Հրաչեայ Աճառեան, Մանուկ Աբեղեան, Յակոբ Մանանդեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Արարատ Ղարիպեան եւ փառքը  ամբողջ հայերէն լեզուի եւ հայագիտութեան ականաւոր գիտնականներուն:

Հակառակ Արմենակին մոլեռանդ յարումին այս մեծերուն եւ անոնց չափանիշերուն, չկրցաւ գէթ մէկ սանթիմեթր ազդել արեւելահայ մամուլին եւ գրականութեան լեզուական ողբալի աղաւաղումի սրբագրութեան, մաքրելու եւ փրկելու արեւելահայ լեզուն: Այդուհանդերձ, ընդդէմ ամէն արհամարհանքի եւ անտեսումի: Ան  շարունակեց աշխատիլ եւ մտրակել, սրբագրելու եւ մաքրելու համար մեր մէկ եւ միակ  զէնքը` վերջին ապաւէնը եւ փրկութեան լաստը` մեսրոպեան հայերէնը,  որ  դեռ երկար պիտի առաջնորդէ մեզ:

Կորսնցնելով Արմենակը, մենք կը կորսնցնենք  հոգեւոր կապը մայրենիին հետ, ոչ միայն որովհետեւ մայրենի լեզուի մասին  իր խորհրդածութիւնները գեղեցիկ արուեստի ու գրականութեան արտայայտութիւններ են, այլ նաեւ ազգային գոյատեւման գրաւական, հարստութիւն մը, որ կը պահէ ազգին դիմագիծը, եւ որովհետեւ լեզուն իր մէջ կրէր ազգային ինքնութիւն, պատմութիւն եւ մտածողութիւն:

Իւրաքանչիւրիս  ազգային  սրբազան պարտքն է հետեւաբար, սիրել եւ գործածել զայն` մաքուր ու ճիշդ: Ահաւասիկ Արմենակին պատգամը:

Սիրելի՛ Արմենակ,

Ես չէ, որ պիտի արժեւորէի  քեզ, մեղա՜յ,  մեղա՜յ մայրենիին:  Քաւ լիցի, սա պարտք մըն է միայն, սրտի խօսք մը, արտասանուած` անպաճոյճ  բառերով, արտասանուած` ի խորոց սրտի յաւերժական հրաժեշտիդ առթիւ:

Բայց պիտի գան տակաւին  մեր մեծերը արժեւորող մեծերը եւ անոնք պիտի տան արդար կշիռը վաստակիդ, բազմելու արդարօրէն մեր լեզուին փառքը կերտած տիտաններուն կողքին:

Հաւատացիր որ`

«Մեր լեզուն մեր խիղճն դա
Սուրբ հացը մեր սեղանի
Մեր հոգու կանչն է արդար
Ու համը մեր բերանի:
Մեր լեզուն ծուխն է մեր տան
Մեր կշիռն է աշխարհի մէջ,
Նա աղն է մեր ինքնութեան
Էութեան խորհուրդը մեծ»:

Եւ հայերէն լեզուն դարձաւ հաւատամքդ, հայերէնով երկնեցիր երգդ, հայերէնով խոնարհեցիր բոլոր խօսքերդ եւ  հայերէնին համար ալ մարտիրոսացար:

Եւ այսօր հայերէնով ալ կ՛երթաս` միանալու հայկեան լեզուի փառքը կերտողներու  համաստեղութեան, արժանաւորապէս բազմելու անոնց կողքին` ի պարծանս քեզ եւ մեզ եւ ի  փա՜ռս մայրենիին:

15 յունիս 2026       

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.