Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանի նախագահ, իրանցի աւագ բանագնաց Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆի խորհրդական Մահտի Մոհամետի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր պատերազմը, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնել, իրանեան սառեցուած գումարները ապասառեցնել կամ շրջափակումը վերցնել:

Ան Իրանի եօթը կէտերէ բաղկացած ծրագիրին ամերիկեան պատասխանը որակեց «խաբուսիկ»:

Մոհամետի յայտնեց, որ քաթարցիները, փաքիստանցիները, իրաքցիները եւ կարգ մը եւրոպական պետութիւններ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն խնդրած են դիւանագիտական ծրագիր պատրաստելու համար յաւելեալ ժամանակ տրամադրել, իսկ Ուաշինկթըն կը պնդէ իր վերջնական պատասխանը տալէ առաջ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու վրայ:

Ան նշեց, որ Թեհրան այդ առաջարկը մերժած է` մեկնելով իր համոզումէն, թէ պահանջուած պայմաններու իրականացումէն առաջ բանակցիլը որեւէ շահ պիտի չապահովէ, եւ ամերիկեան կողմը հանդիպումը պիտի օգտագործէ այլ թղթածրարներ արծարծելու համար:

Ղալիպաֆի խորհրդականը նշեց, որ Թրամփ իր տեղակալին` Ճէյ.Տի.Վանսին բանակցելու լիազօրութիւն տուաւ, առանց զիջումներ կատարելու լիազօրութիւն տալու:

Ան աւելցուց, որ բանակցութիւնները այլեւս Իրանի շահերուն համահունչ չեն, եթէ պիտի չապահովեն իրողական զիջումներ, զորս կարելի է իրանեան արժեչափերու հիմամբ ստուգել:

Մոհամետի շեշտեց, որ կարելի չէ ներկայ իրավիճակին վերաբերիլ իբրեւ միայն քաղաքական կամ բանակցային թղթածրար մը, որովհետեւ Իրան իրարու կապակցուած քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, բանակցային եւ զինուորական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ` «թշնամիի» բարդ պատերազմի ծիրին մէջ, որ կացութեան համապարփակ գնահատում կը պահանջէ:

Ղալիպաֆի խորհրդականը հաւանական նկատեց, որ բանակցութիւնները որեւէ արդիւնքի չհասնին` նշելով, որ ամերիկացիները առաջարկած են շուրջ երկու շաբթուան պայմանաժամ մը, որուն աւարտին Թրամփ վերջնական որոշում մը պիտի տայ:

Ան ըսաւ, որ Թրամփ հրապարակաւ զինուորական ընտրանքին աւարտը կը յայտարարէ, սակայն Միացեալ Նահանգները իրողական գետնի վրայ սահմանափակ հարուած հասցնելու կը պատրաստուին, իսկ Իրանը` լայնածաւալ հակադարձութեան:

 

Նախորդը

RelatedPosts

Manoushian_11926_f
Գլխաւոր լուրեր

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.