Հայաստանի մինչեւ 17 տարեկաններու հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով իր առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆրանսայէն:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մրցումը առաջին կիսախաղէն իսկ գրեթէ վճռուած էր:
Մոնաքոյի յառաջապահ Էլիես Տիալլօ հեթ-թրիք իրագործեց, Բ. կիսախաղին Թրուայի մարզիկ Եանիս Խարպուշ փենալթիով նշանակեց Ֆրանսայի 4-րդ կոլը:
Ֆրանսան շատ աւելի լաւ պատրաստուած խումբ էր եւ 26 անգամ հարուածեց դէպի Հայաստանի պատանիներու բերդը:
Վաղը Հայաստան պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Իտալիոյ դէմ: Իր առաջին մրցումին Իտալիա 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լիւքսամպուրկը:
Ստորեւ` Հայաստանի պատանիներու կազմը, որ դաշտ ներկայացաւ Ֆրանսայի դէմ:
Սարգիս Բարբարեան, Արման Սեխլեան, Քոլին Մուլինզ, Արէն Բաբայեան, Ռոպերթ Յովակիմեան (ապա` Էտկար Պետրոսեան), Էրիք Վուվունիկեան (ապա` Գրիգոր Մխիթարեան), Գոռ Մկրտիչեան, Գրիգոր Յարութիւնեան, Սամուէլ Պետրոսեան (ապա` Յակոբ Ղարիբեան), Բենիամին Բեգլարեան (ապա` Խաչատուր Գէորգեան), Սամուէլ Բեգլարեան (ապա` Ալեքս Գասպարեան):


