Ֆրանսացի բեմադրիչ Անթոնեն Պոտրիի «Տը Կոլի ճակատամարտը» ժապաւէնի գլխաւոր հերոս, Ֆրանսայի ազգային հերոս զօրավար Շարլ տը Կոլի դերը մարմնաւորած ֆրանսահայ նշանաւոր դերասան, «Մոլիէր»-ի, «Սեզար»-ի եւ այլ մրցանակներու դափնեկիր Սիմոն Աբգարեան Լիբանան կը գտնուի` մասնակցելու նշեալ ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան, որ կազմակերպուած է Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան ֆրանսական հիմնարկին կողմէ:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան համապարփակ հարցազրոյց մը կատարեց իր հայկականութեամբ հպարտ ու հայութեան հպարտութիւն ներշնչող Սիմոն Աբգարեանին հետ, որ անդրադարձաւ իր կեանքի ու արուեստի ուղիին, հայկական մշակոյթը զարգացնելու կարեւորութեան` իբրեւ պայքարի զէնք, տարբեր ժապաւէններու մէջ իր մարմնաւորած կերպարներուն, յատկապէս` Տը Կոլի դերին:
Ժապաւէնը յառաջիկային պիտի ցուցադրուի Լիբանանի շարժապատկերի տարբեր սրահներու մէջ:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք հետագային:


