Ռուսիան յոյսեր չի փայփայեր Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ` հակառակ նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրով Ուաշինկթընի երկխօսութիւն վարելու պատրաստակամութեան, ի տարբերութիւն նախկին ղեկավար Ճօ Պայտընի գոռոզ վարչակազմին: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին Հաւաքական անվտանգութեան ապահովման միջազգային համախմբման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը երկխօսութեան պատրաստակամութիւնը կոչած է «Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմի հիմնական տարբերութիւնը Պայտընի վարչակազմէն, որ գոռոզաբար հրաժարեցաւ նոյնիսկ քննարկել հաւաքական անվտանգութեան երաշխիքները, եւ այնտեղ ոչ մէկ երկխօսութիւն կար»:


