. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանձախնդիր է խորհրդարանի նիստը օրէնսդրական աշխատանքին վրայ կեդրոնացնելու` բացառելով անոր ընթացքին մեծ լարուածութիւններու կամ ցնցումներու յառաջացումը»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Դիւանագիտական զեկուցումի մը մէջ կ՛ըսուէր, որ Լիբանան կրնայ ներկայ գտնուիլ ամերիկեան-իրանեան որեւէ փոխըմբռնման սեղանին վրայ, սակայն ոչ իբրեւ անոր մշակման գործընկեր, այլ իբրեւ այն թղթածրարներէն մէկը, որ կրնայ իբրեւ բանակցային խաղաքարտ օգտագործուիլ: Մտավախութիւնը այն է, որ Լիբանան պիտի ձգուի գործ ունենալու արդիւնքներուն հետ փոխըմբռնման մը, որուն պայմաններուն ճշդման ան չէ մասնակցած»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Սպասուող ամերիկեան պատժամիջոցները պիտի ուղղուին լիբանանցի շարք մը ականաւոր քաղաքական գործիչներու, ներառեալ` ներկայ եւ նախկին քաղաքական գործիչներու: Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ամերիկեան վարչակազմին մօտ միջամտած է` փորձելով դադրեցնել կամ յետաձգել պատժամիջոցները, որպէսզի ելք գտնելու ժամանակ տրուի, սակայն այս միջամտութիւնը տակաւին չէ յանգած համաձայնութեան, որ կ՛արտօնէ սառեցնել պատժամիջոցները, որոնք եթէ կիրարկուին, անոնք կրնան Լիբանանի մէջ քաղաքական ցնցումներ յառաջացնել»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատի հաղորդակցութիւնները կեդրոնացած են յառաջիկայ ապահովական դասաւորումներուն շուրջ ամերիկեան-ֆրանսական խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Լիբանանեան կողմին մօտ երկու երկիրներուն միջեւ Լիբանանի շուրջ համակարգումի վերականգնման նկատմամբ լաւատեսութիւն գոյութիւն ունի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանան տակաւին չտեղեկացաւ ֆրանսական-ամերիկեան բանակցութիւններու արդիւնքներէն, սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ որոշակի ձեւաչափ մը քննարկած են:
«Պատկերը աւելի պիտի յստականայ յառաջիկայ շաբաթ, երբ ՄԱԿ-ի մօտ եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մայք Ուալց յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը այցելէ Լիբանան` քննարկելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի թղթածրարն ու այլընտրանքային ձեւաչափը»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, «ՖԻՆԻՒԼ»-ին յաջորդող փուլին մէջ ապահովական դասաւորումներուն առնչութեամբ սեփական մարզի դերակատարութեան մասին խօսակցութիւնները վերսկսած են»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` Պաապտայի պալատին եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ հաղորդակցութեան կապը վերականգնելու շարունակական ջանքերը կը շարունակեն հանդիպիլ Հըզպալլայի ղեկավարութեան մերժումին»:
Աղբիւրները հերքած են կուսակցութեան ղեկավարութեան մէջ ներքին հարցերու նկատմամբ մօտեցման վերաբերեալ ներքին տարակարծութիւններու մասին տեղեկութիւնները` պնդելով, որ զէնքի հարցի եւ այդ առնչութեամբ պետութեան որոշումներուն վերաբերեալ միաձայնութիւն կայ:
. ԸՍՏ «Ասաս Միտիա»-ի տեղեկութիւններուն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի պայքարեցաւ Քլէյաաթի օդակայանի ոչ ամբողջական պատրաստութեան պատճառով պաշտօնական բացումը յետաձգելու համար, եւ որոշուեցաւ օդակայանի բացումը յետաձգել»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Արեւմտեան Պեքայի մէջ մասնակի ընտրութիւններ կատարելու գաղափարը անտեսուեցաւ` Հըզպալլայի դաշնակից չեղող ուժերու միջեւ միասնական թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան բացակայութեան պատճառով, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ շրջանին մէջ աւանդական թեկնածուներէն մէկուն յաղթանակը, բան մը, որ որոշում կայացնողները չեն ուզեր»:


