«Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին, հայ բռնցքամարտիկներ Վահէ Սարուխանեան եւ Արման Գալստեան իրար դէմ պիտի մրցին մինչեւ 63,5 քկ կշիռի տիտղոսի մրցումին:
Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» մրցաշարքի երեկոն տեղի պիտի ունենայ 19 դեկտեմբերին, անիկա տիտղոսի մրցումը պիտի ըլլայ «Տապըլեու. Պի. Էյ. կոլտ ինթըրնեշընըլ» գօտիին համար:
Արհեստավարժ բռնցքամարտի այս երեկոն տեղի պիտի ունենայ «Կրասնայա Պոլիանա» հանգստավայրի «Ռետ Արենա»-ին մէջ: Ասիկա Սարուխանեանի համար պիտի ըլլայ առաջին մրցումը, որ վերջին 5 տարիներուն պիտի կատարէ իր ծննդավայրին մէջ:
Վահէ Սարուխանեան տիտղոսային այս մրցումէն առաջ ունի 22 յաղթանակ, 4 պարտութիւն եւ 2 հաւասարութիւն: Ան յաղթանակներէն 4-ը նաք-աութով ձեռք ձգած է եւ պիտի վայելէ համակիրներու մեծամասնութեան քաջալերանքը:
Անոր մրցակիցը հայազգի բռնցքամարտիկ Արման Գալստեանն է, որ արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին որեւէ պարտութիւն չէ կրած իր 8 մրցումներուն, որոնց երեքը նաք-աութով կրցած է յաղթել: Սարուխանեանի դէմ հանդիպումը Գալստեան կարելիութիւն կու տայ նուաճելու միջազգային գօտին եւ շարունակելու իր անյաղթ շարքը:
Ուրեմն, Սոչիի երեկոյի գլխաւոր ելոյթին իրար դէմ պիտի գան փորձառու եւ համեմատաբար անփորձ մրցակիցներ:
Այս մրցաշարքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Յովհաննէս Ուստեան, Իկոր Ադլէյպան, Նեսթոր Ճանպան եւ Գերման Արճենիան: Այս 4 մարտիկներն ալ Սոչիի մէջ մասնակցած են 22 օգոստոսին տեղի ունեցած «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» մրցաշարքին եւ յաղթանակներ արձանագրած: Դեկտեմբերի մրցաշարքին անոնք պիտի մասնակցին, բայց տակաւին յստակ չեն անոնց մրցակիցները:


