Օրլանտօ Սիթիի 21 տարեկան Հարվի Սարաճեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ: Հայկական արմատներով Ֆլորիտայի բնիկ Սարաճեան դպրոցական եւ համալսարանական ֆութպոլէն հասաւ «Էմ. Էլ. Էս.», ընտրուեցաւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի տրաֆթի ընդհանուր 5-րդ լաւագոյն մարզիկ եւ արդէն հասաւ կոլ մըն ալ նշանակելու Օրլանտոյի հետ:
Հարվի ծնած է 16 յունուար 2005-ին: Ան ունի 188 սմ հասակ, կրնայ գործել յարձակման գիծի ծայրերը եւ յարձակող միջնապահ դիրքերուն վրայ: Անոր խաղին շատ կ՛օգնեն անոր ֆիզիքական կարողութիւնները, արագութիւնն ու անհատական գործողութիւններով գնդակը յառաջ տանելու հմտութիւնը:
Դպրոցական տարիներէն ան քանի մը մարզաձեւերու կը հետեւէր` խաղալով ամերիկեան ֆութպոլ եւ աթլեթիզմ, անշուշտ ֆութպոլի կողքին:
Ան համալսարանի խումբին կողքին Ճորճիա Սաութըրն խումբին հետ եղաւ տարեշրջանի լաւագոյն նորեկ մարզիկը` 17 հանդիպումներու ընթացքին 4 կոլեր եւ 6 էսիսթներ կատարելով: Ան ընտրուեցաւ «Սան Պելթ Քոնֆըրընս»-ի լաւագոյն մարզիկ:
2026-ի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի տրաֆթին Օրլանտօ Սիթի Հարվին ընտրեց, որ իր առաջին արհեստավարժ պայմանագրութիւնը ունեցաւ:
Նախապէս հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ միայն մէկ հայ ֆութպոլիստ` Եուրա Մովսիսեան 2006-ին ընտրուած էր «Էմ. Էլ. Էս.»-ի տրաֆթէն` թիւ 4 դիրքով միանալով Քանսաս Սիթիին:
Հավի սկսաւ Օրլանտօ Սիթիի Բ. խումբին հետ խաղալով «Էմ. Էլ. Էս.» Նեքսթ Փրօ»-ի մէջ: Անոր ցուցանիշները շատ լաւ էին, ուր նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ իր 16 մրցումներուն:
Ապրիլին ան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Հիուսթըն Տինամոյին դէմ: Ան աստիճանաբար շատ աւելի կարելիութիւններ ստացաւ հիմնական կազմին հետ, եւ 12 սեպտեմբերին կոլ մըն ալ նշանակեց Օրլանտօ Սիթիի հետ` Թորոնթոյի դէմ մրցումին:
«Այդ կոլը, անկեղծ ըսած, փոխեց իմ ամբողջ տարեշրջանս, որովհետեւ հաւատք ունեցայ, որ կոլ կրնամ նշանակել այս խումբերուն դէմ ալ եւ օգնել իմ խումբիս», ըսած է Հարվի, որ 10 տարեկանին նոյն այս դաշտին վրայ իր առաջին մրցումը դիտած է: 10 տարի ետք ան այժմ Օրլանտօ Սիթիի մարզիկ է եւ կոլ նոյնիսկ նշանակեց անոր շապիկով: Ան շատ մօտիկ է խումբին ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի հետ, որ իր կոլին էսիսթը կատարած էր:
Անթուան յաճախ կը կատակէ, թէ ինչպէ՛ս ամերիկեան ֆութպոլ խաղցած նախկին մարզիկը այժմ ֆութպոլիստ եղած է եւ բարձր կարողութիւններու տէր:
Հարվի Սարաճեանի համար Հայաստանի ազգային խումբի հրաւէրը նոր փուլ կը բանայ` կարելիութիւն տալով «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբի ֆութպոլի ձեռք բերած փորձառութիւնը կիրարկելու միջազգային մակարդակով:


