Հակառակ ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն Հայաստանի մասնակցութեան փաստացի սառեցման` Երեւանը ԱՊՀ-էն դուրս գալու հարց չէ բարձրացուցած: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ` Հաւաքական անվտանգութեան ապահովման միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:
«Ո՛չ: Թէ՛ վարչապետը անձամբ ինծի ըսած է, թէ՛ ուրիշներ ըսած են, որ իրենք կը մնան ԱՊՀ-ի մէջ: Մենք որեւէ յայտարարութիւն չենք լսած, թէ անոնք կը պատրաստուին դուրս գալու կազմակերպութենէն», ըսած է Լեպետեւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս տարուան ապրիլին յայտարարած էր, որ Հայաստան պիտի շարունակէ ԱՊՀ-ին գործօն մասնակցութիւնը:
Անոր համաձայն, այդ դիրքորոշումը ամրագրուած է նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ:
Ան հոկտեմբեր 2025-ին Տուշանպէի մէջ ԱՊՀ-ի վեհաժողովի ընթացքին իր խօսքին մէջ Փաշինեան ըսած էր. «ԹՐԻՓՓ-ը նոր կարելիութիւններ կը բանայ նաեւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներուն համար»:
Նշենք, որ երէկ Մոսկուայի մէջ ընթացք առաւ ՀԱՊԿ-ի պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարներու եւ ազգային անվտանգութեան քարտուղարներու նիստը, որուն Հայաստան չի մասնակցիր:
Այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի գումարուի ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը: Անցեալ շաբաթ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը յայտնած էր, որ Ռուսիան ներկայացուցած է որոշումի նախագիծ ՀԱՊԿ-ի մէջ ձայնի, բաժնեմասային պաշտօններու մէջ առաջադրումներ կատարելու Հայաստանի իրաւունքը դադրեցնելու վերաբերեալ:


