ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները դադրեցնեն Իրանի հետ կեղծ բանակցութիւններու մասին կեղծ նորութիւններ տարածելը եւ համաձայնիլ Թեհրանի եօթը պայմաններուն: Այս մասին յայտարարեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզայի:
«Իրանի դէմ պատերազմը արդէն իսկ կործանած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը: Սակայն Ուաշինկթըն հոս ու հոն ինկած է, ինչպէս յուսահատած խաղացող մը: Քարտերը բացէ՛ք: Դադրեցուցէ՛ք կեղծ բանակցութիւններու մասին կեղծ նորութիւններ յօրինելը: Դադրեցուցէ՛ք հերքել Արեւմտեան Ասիոյ մէջ նոր կարգը: Ժամանակն է ենթարկուիլ եօթը պայմաններուն, զորս Իրան բազմիցս առաջադրած է», գրած է ան:
Նախքան այդ, Թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը` յղում կատարելով Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընին, հաղորդեց, որ Քաթար յաջորդ շաբաթ կը ծրագրէ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզայիի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի բանակցութիւնները հիւրընկալել:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ նշեց. «Ժրաջան կերպով կ՛աշխատինք Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ տագնապին վերաբերեալ անորոշութեան վիճակին վերջ տալու»:
«Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ միջնորդական ջանքերը տակաւին կը շարունակուին, եւ երկու կողմերէն դրական արձագանգներ կան», շեշտեց նախարարութիւնը:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահմանի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Սպիտակ տան մէջ ժողովը դրական էր»:
«Ձմրան եղանակին մօտենալով, Հորմուզի նեղուցի փակման շարունակումը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ տագնապին գինը կը բազմապատկէ», նշեց նախարարութիւնը:


