Լաթվիոյ հաւաքականը հրապարակեց Հայաստանի եւ Մոնթենեկրոյի դէմ նոյեմբեր ամսուան հանդիպումներու կազմը: 25 ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ անգամ մը եւս ընդգրկուած է շուէտական Նորչոփինկ խումբի տարեկան ծայրի յառաջապահ Ալպերթ Ալեքսանեան:
Ալեքսանեան հաւաքականի յառաջիկայ մրցումներուն կը մօտենայ լաւ մակարդակով, մանաւանդ որ ան վերջերս բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ Շուէտի մէջ, ուր Նորչոփինկի վերջին 5 մրցումներուն 4 կոլ նշանակած է եւ 2 էսիսթ կատարած:
Նշենք, որ Ալեքսանեան Լաթվիոյ ազգային խումբին հետ իր առաջին ելոյթը ունեցած էր Հայաստանի դէմ: Այդ օրը մարզադաշտին մէջ անոր աջակցած էին Հայաստանի մէջ բնակող իր հարազատները:


