9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ տարելիցին առիթով 9 նոյեմբերին Եռաբլուր այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամները, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներուն շիրիմներուն, յարգանքի տուրք մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Իրականութեան մէջ տակաւին ամբողջովին գնահատուած ու իմաստաւորուած չէ այն մեծ ողբերգութիւնը, որ կը պարունակէ 9 նոյեմբերի յանձնուողական փաստաթուղթը, որովհետեւ անիկա Հայաստանի այդ ժամանակուան քաղաքական իշխանութեան կազմակերպուած անկազմակերպուածութեան ողբերգական արդիւնքն էր:
«Անկէ յետոյ ալ 9 նոյեմբերի փաստաթուղթը շարունակեց իշխանութիւններուն կողմէ շահարկուիլ: Այսօր, երբ իշխանութիւնը հպարտութեամբ կը խօսի ԹՐԻՓՓ կոչուածի մասին, որ իրականութեան մէջ Ազրպէյճանին տուած է Նախիջեւանի հետ անխոչընդոտ կապ, 9 նոյեմբերի փաստաթուղթի 9-րդ կէտի հետեւողական մերժման հետեւանքն է:
«Այստեղ, բնականաբար, մեծ է Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ, հակահայ եւ այլատեաց դրսեւորումը, ինչ որ յանգեցուց Արցախի շրջափակման եւ 19-էն 21 սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի հայաթափման»:
Ըստ ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանի, այս իշխանութիւնները կը մոլորեցնեն հասարակութիւնը` յայտարարելով, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է: Ատիկա սուտ է եւ կեղծիք, նշեց ան` հարց տալով, թէ ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ երկրի մէկ հատուածը բռնագրաւած է թշնամի պետութիւնը, ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ թշնամին ցարդ կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի ուղիները, շրջափակուած կը պահէ շրջաններ, կը շարունակէ սպառնալ, բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ կը խօսի սպառնալիքներու եւ վիրաւորանքներու լեզուով:
«Ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պատանդառուած է, Արցախի ժողովուրդին կ՛արգելուի վերադառնալ իր բնօրրան, իսկ Արցախի մէջ ամէն օր կ՛ոչնչացուի հայկական հետքը: Սա խաղաղութիւն չէ: Սա 27 սեպտեմբեր 2020-ին սկսած պատերազմի ընթացքին հաստատուած դադարի մը փուլն է», լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Խաչատրեան:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանի համաձայն, իշխանութիւններուն պատկերացուցած խաղաղութիւնը չի հաստատուիր, որովհետեւ ամէն անգամ ականատես կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի նոր պահանջներու: Ան նաեւ նշեց, որ այս փուլին Հայաստանի հիմնական ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը մէկ հարցի շուրջ համախոհ են` թոյլ չտալ Ալիեւի Սահմանադրութեան ընդունումը:
Գրիգորեան նշեց` ընդդիմադիր պատգամաւորները ամէն ինչ պիտի ընեն չարտօնելու Ալիեւի պարտադրած Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի ներկայացնելը, բայց եւ կարեւոր կը նկատեն խօսիլ ժողովուրդին, զիրենք ընտրողներուն հետ` Փաշինեանի յայտարարած «ճնշումները» կանխելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային իրենց աջակցելու համար:


