Այսօր եւ վաղը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ եռակողմ բանակցութիւնները:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ եւրոպացի ներկայացուցիչները պիտի միանան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտին նուիրուած բանակցութիւններուն: Ֆրանսան արդէն հաստատած է հանդիպումին իր մասնակցութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ յայտարարած է, թէ բանակցութիւններուն ներկայ պիտի ըլլան եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներ:
«Եւրոպացիները պատշաճ կերպով ներկայացուած պիտի ըլլան: Ֆրանսան ներկայ պիտի ըլլայ Ապու Տապի` մասնակցելու այդ քննարկումներուն», յայտարարեց ան:


