Խորհրդարանի դիւանը երէկ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ Պըրրի յայտնած է, որ «մեծ փոփոխութիւններու առջեւ կանգնած ենք»` մաղթելով, որ Լիբանանի մէջ ջանքերն ու դիրքորոշումները, հակառակ տարակարծութիւններուն, միաւորուին, եւ երկրին շահը առաջնահերթ նկատուի:
Անդրադառնալով Տիթրոյիթի մէջ Լիբանանի հիւպատոսի Միացեալ Նահանգներէն վտարման մասին հարցումի մը` Պու Սաապ ըսաւ. «Չեմ գիտեր, եթէ այդ քայլը ամերիկեան ընտրութիւններէն ետք զգացական քայլ մըն է: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնն է, որ վերջնական որոշումը կու տայ»:


