Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արտաքին քաղաքականութենէն դուրս բերելու մասին յայտարարութիւն կատարած է: Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգ չէ: Հիմա ընդհանրապէս օրակարգ չէ կ՛ըսուի վարչապետի ճամբով: Յիշելով, որ նախընտրական ծրագիրին մէջ այդ մասին  նշուած էր արդէն:

Այս որոշումին իբրեւ հիմնաւորում կը ներկայացուի Իսրայէլի օրինակը: Գործադիրի ճանաչում եւ օրէնսդիրի մերժում: Ըստ վարչապետին, ի վերջոյ առերեսուած է այն իրականութեան հետ, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը վճարամիջոց է պետութիւններու միջեւ: Հետեւաբար պէտք է հրաժարինք ցեղասպանութեան ճանաչումի օրակարգէն` այլոց համար մանրադրամի չվերածուելու համար:

Քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել այս առիթով:

Լուրջ խնդիր է, եթէ նման պաշտօնի տէր անձը վերջապէս նոր կը գիտակցի, որ ցեղասպանութեան թեման կը շահարկուի պետութիւններու կողմէ: Կու տայ Իսրայէլի օրինակը: Քաղաքական պարզ տրամաբանութիւն է, որ ոեւէ պետութիւն Անգարայի հետ իր յարաբերութիւններուն ընթացքին կ՛օգտագործէ տարբեր խաղաթուղթեր, ընդ որում` ցեղասպանութեան թեման: Օրինակները բազմաթիւ են:

Բայց այս խնդիրը միայն հայկական գործօնին կամ հայկական թեմային հետ առնչուած չէ, այլ ընդհանրապէս պատմութեան ընթացքին կամ ժամանակակից պահերու այս երեւոյթը քաղաքական գործունէութեան մէջ գործածուող կանոն է պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու ընթացքին:

Իսկ քաղաքական այս կանոնը որեւէ ձեւով պատճառ, հիմնաւորում կամ պատրուակ պէտք չէ ծառայէ, ըսելու համար, որ վճրամիջոց-մանրադրամի չվերածուելու համար մենք պէտք է հրաժարինք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգէն:

Գործընթացները տեղաշարժ կ՛ապրին, երբ տուեալ պետութեան եւ մեր պարագային մեր պետութեան շահերը կը համընկնին եւ կ՛արձանագրեն որոշումներ, կէտեր: Եթէ պաշտօնապէս հրաժարինք ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգէն, այդ պարագային Անգարան ազդեցիկ  խաղաթուղթ ձեռք կը բերէ կանխարգիլելու այդ գործընթացը ընդհանրապէս: Երբ պետութիւն մը ուղերձ յղելու համար պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, Անգարան կրնայ հակազդել, որ խնդրոյ առարկան ի՛նքը հրաժարած է այդ առաջադրանքէն, հետեւաբար այլ պետութիւնները այդ քայլին դիմելու պատճառ չունին:

Վճարամիջոց-մանրադրամի այս տեսութիւնը գործող վարչապետը օգտագործած էր նաեւ ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային կապերը վերլուծելով, դարձեալ սփիւռքի հետ առնչուած խնդիրներու քննարկման ընթացքին: Կարմիր թելի նման անցնող գիծը այդ բոլոր խօսոյթներուն այն էր, որ այլ պետութիւն մը (իմա՛` Ռուսիան) հայութիւնը մանրադրամի վերածած էր Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն ընթացքին, եւ Անգարան ցեղասպանական արարքներով պատասխանած էր Ռուսիոյ: Ահա տրամաբանութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուութիւնը Ցեղասպանութեան մէջ կը թեթեւցնէր անկէ կարեւոր մաս մը այլ պետութեան ուսերուն վրայ տեղադրելով: Նոյն տրամաբնութեամբ ալ Արցախը կրնայ մեկնաբանուիլ, որ մանրադրամ էր Ռուսիոյ համար եւ հիմա Հայաստանը բեռնաթափուած է անկէ:

Մտային այս մարզանքները պարզապէս պատրուակներ են ընդառաջելու Թուրքիոյ նախապայմանին` հրաժարիլ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգէն: Հիմա յայտարարուած է նաեւ այդ նախապայմանին ընդառաջումը:

Վերջին դիտարկում մը: Սահմանադրական իրաւադրոյթ ունեցող Անկախութեան հռչակագիրը կը պարտաւորեցնէ Հայոց պետութիւնը սատար կանգնելու հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Մինչ այժմ չէ փոխուած Սահմանադրութիւնը…

Վարչապետին յայտարարութիւնը, առանց մեկնաբանութեան տեղ ձգելու, պարզապէս հակասահմանադրական է:

«Ա.»

Նախորդը

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

RelatedPosts

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Այզենքոթ Պիտի Կազմէ  Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.