Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանին հետ, որ անդրադարձաւ` արցախեան հարցի ներկայ փուլին, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, ազգային ու քաղաքական կառոյցներու պահպանման եւ Հայաստանի մէջ արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր ի՞նչ փուլի հասած է արցախեան հարցը, եւ որո՞նք են անոր քաղաքական ու դիւանագիտական լուծման հիմնական մարտահրաւէրները: Այս ծիրին մէջ ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկուին` Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման, արցախեան պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ արցախահայութեան` Արցախ վերադառնալու իրաւունքի իրացման համար:

ԱՐԱ ՊՈՒԼՈՒԶԵԱՆ.- Այսօր միջազգային հարթակներու վրայ արցախեան հարցը արծարծելու հիմնական առանցքը վերադարձի իրաւունքն է: Բնականաբար բոլորիս համար պարզ է, որ մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու վերականգնումն է: Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու վերականգնումը ոչ միայն վերադարձի հարցն է, այլ նաեւ, ի վերջոյ, ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքն է, որ կրնայ իրականանալ վերադարձի միջոցով: Վերադարձ պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդ ժողովուրդը կարենայ վերադառնալ իր հայրենիք եւ հոն իրագործել իր ինքնորոշման իրաւունքը: Ա՛յս է հիմնական առաջնային հարցը:

Անոր կողքին, այսօրուան օրակարգին մէջ առաջին հերթին պէտք է հետապնդել վերադարձի իրաւունքը, զոր ունի պատերազմի, բռնի տեղահանութեան կամ ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած բնիկ ժողովուրդ մը` իր հայրենիքին մէջ ապրելու համար: Միջազգային ատեաններուն եւ միջազգային իրաւական համակարգին մէջ այդ իրաւունքը կը ճանչցուի իբրեւ իւրաքանչիւր բնիկ ժողովուրդի իրաւունք: Մենք պէտք է կարենանք այդ իրաւունքը միջազգային ատեաններուն մէջ պահպանել, պաշտպանել եւ երբեք չհրաժարիլ անկէ:

Այս փուլին գոյութիւն ունին նաեւ երկու կարեւոր հարցեր: Առաջինը գերիներու հարցն է: Բնականաբար, եթէ կ՛ուզենք, որ իսկական եւ իրական խաղաղութիւն հաստատուի, եւ երկու կողմերը կարենան այսուհետեւ խաղաղ ապրիլ, փոխադարձ վստահութիւն պէտք է գոյանայ: Այդ վստահութիւնը ստեղծելու առաջին քայլերէն մէկը պատերազմի պատճառով գերեվարուած անձերու հարցին լուծումն է: Երկրորդը մարդասիրական հարցերն են, ինչպէս` անհետ կորսուածներու ճակատագիրին պարզաբանումը, գերեզմաններու վայրերուն ճշդումը եւ այլ նման հարցեր: Ասոնք երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ համաձայնութեան հարցեր են: Այս ծիրին մէջ մեզի համար այժմ առաջնային հարցը գերիներու վերադարձն է հայկական կողմին:

Մշակութային ժառանգութիւնը կը ներառէ քանի մը հարցեր: Առաջինը այդ ժողովուրդին կենցաղը, լեզուն, աւանդոյթները եւ կրօնական արժէքներն են: Այսօր Ազրպէյճանի կողմէ կրօնական արժէքները կ՛ոչնչացուին կամ կ՛աղաւաղուին` ներկայացուելով իբրեւ աղուանական կամ ալպանական ժառանգութիւն: Խօսքը Արցախի մէջ հայ ժողովուրդին պատկանող եկեղեցիներուն եւ վանքերուն մասին է:

Հայաստանի մէջ ապաստան գտած արցախահայութեան կենցաղային հարցերը եւս կարեւոր են: Պէտք է բնակարանային, աշխատանքային, կրթական եւ ընդհանրապէս կենցաղային պայմաններու մէջ դիւրութիւններ ստեղծել, որպէսզի ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած հայ ժողովուրդի այդ հատուածը կարենայ բնականոն կեանք ապահովել Հայաստանի մէջ:

Այստեղ կ՛ուզեմ շեշտել, որ այս բոլոր հարցերը միայն Արցախի ժողովուրդին չեն վերաբերիր, այլ նաեւ` ամբողջ հայ ժողովուրդին: Այս բոլորը հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերն են: Անշուշտ այս իրաւունքներուն անմիջական կրողը Արցախի մէջ բնակող հայութիւնն է, սակայն հայ ժողովուրդին բոլոր արժէքներն են, որ ոտնահարուած են, եւ այս միջոցով ոտնահարուած են ամբողջ հայ ժողովուրդին իրաւունքները:

Հ.- Արցախի բռնի տեղահանութենէն ետք որքա՞ն կարեւոր է արցախեան պետական, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու գործունէութեան շարունակութիւնը` արցախահայութեան ազգային ինքնութիւնը, կազմակերպուած կեանքը եւ պետականութեան գաղափարը պահպանելու համար: Ի՞նչ դեր պէտք է ստանձնեն կառավարութիւնը, Ազգային ժողովը, կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը եւ ՀՕՄ-ը` այս կառոյցներու կենսունակութիւնը եւ նոր սերունդներու ներգրաւումը ապահովելու համար:

Ա.Պ.- Արցախի ժողովուրդին պաշտօնական եւ օրինական ներկայացուցիչը Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած 2020-ի Ազգային ժողովն է, որ կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ իր պատգամաւորներով եւ գործունէութեամբ: Անշուշտ որոշ սահմանափակումներ ունի եւ չի կրնար իր հիմնական գործառոյթները լիովին իրականացնել, որովհետեւ Ազգային ժողովը օրէնսդիր մարմին է, որ պէտք է ունենայ համապատասխան դաշտ` իր ընդունած օրէնքները կիրարկելու եւ իր վերահսկողական գործառոյթը իրականացնելու, այսինքն` կառավարութեան գործունէութիւնը վերահսկելու համար:

Այսօր Արցախի ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին համար երեք առաջնային հարցեր կան: Առաջինը արտաքին ճակատի վրայ իրաւունքներու ներկայացումն է, որուն հիմնական գործառոյթը արտաքին գործոց նախարարութեան կը պատկանի: Երկրորդը ընկերային ապահովութեան հարցն է, այսինքն` Հայաստան հաստատուած ժողովուրդին ցաւերուն եւ կենցաղային խնդիրներուն լուծում գտնելը: Երրորդը իրաւական հարցերն են, ինչպէս` անձնագիրներու, ծննդեան վկայականներու եւ այլ փաստաթուղթերու հարցերը: Անոնցմէ ոմանք մնացած են Արցախ, եւ բռնի տեղահանուած ժողովուրդը չէ կրցած զանոնք իրեն հետ բերել: Պէտք է լուծումներ գտնել նաեւ այս հարցերուն համար:

Արցախի իշխանութիւնները` թէ՛ գործադիր իշխանութեան եւ թէ՛ Ազգային ժողովի մակարդակով, որոշ չափով կը փորձեն ներկայացնել եւ լուծել այս հարցերը: Սակայն, այնուամենայնիւ, պէտք է ըսեմ, որ այդ բաւարար չէ:

Արցախի ժողովուրդին համար կարեւոր է համախմբուիլ թէ՛ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ընկերային ծառայութիւններու, թէ՛ քաղաքական կառոյցներու միջոցով: Այս համախմբումները նախ եւ առաջ անհրաժեշտ են Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու համար: Օրինակ` գերիներու պաշտպանութեամբ զբաղող կամ Արցախի հարցերը ներկայացնող հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց բնոյթով կրնան նաեւ քաղաքական երանգ ունենալ: Սակայն անոնք պէտք է ներկայացնեն արցախցիներուն խնդիրները նաեւ զուտ քաղաքական առումով:

Անոնց կողքին կարեւոր են նաեւ մշակութային կազմակերպութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք կը գործեն այստեղ: Անոնք կարեւոր դեր ունին մշակոյթը պահպանելու եւ զայն նոր սերունդին փոխանցելու առումով:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովը որոշեց պահպանել Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն` իբրեւ քաղաքական մարմին: Բնականաբար անոր կողքին կը պահպանուին նաեւ ուղեկից կառոյցները` ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը եւ Համազգայինը: Բոլորն ալ ունին իրենց աշխատանքները եւ կը շարունակեն զանոնք իբրեւ ուղեկից կառոյցներ: «Ապառաժ» լրատուամիջոցը եւս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը այստեղ: Նոյնպէս կը պահպանուի Արցախ TV-ի հեռուստատեսային գործունէութիւնը` «Եու Թիուպ»-ի հարթակին վրայ: Այս բոլորը պէտք է պահպանել այնքան, որքան կարելի է:

Հիմնական դժուարութիւնները քաղաքական ճնշումներն ու ֆինանսական աղբիւրներու պակասն են: Այն միջոցները, որոնք նախապէս գոյութիւն ունէին Արցախի պիւտճէին շնորհիւ, այլեւս չկան:

Հ.- Այսօր ի՞նչ հիմնական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ արցախահայ երիտասարդութիւնը Հայաստանի մէջ` կրթական, աշխատանքային, բնակարանային եւ ընկերային պայմաններու առումով: Ինչպէ՞ս կ՛ազդեն այս դժուարութիւնները երիտասարդութեան ապագայի հեռանկարներուն վրայ, եւ որո՞նք են Հայաստանի մէջ անոնց հաստատման ու բնականոն կեանքի ապահովման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրներուն հիմնական սահմանափակումները: Այս ծիրին մէջ ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենայ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական կեցուածքը արցախահայութեան ապագայի եւ արցախեան հարցի հետապնդման վրայ:

Ա.Պ.- Արցախի երիտասարդութեան պարագային, հիմնականին մէջ անհրաժեշտ է համախմբումը, ինչպէս նախապէս նշեցի: Նպատակային առումով, այդ համախմբումը կարեւոր է` մշակութային, քաղաքական եւ իրաւական հարցերը հանրութեան ներկայացնելու, զանոնք Հայաստանի քաղաքական, իրաւական եւ հասարակական դաշտին մէջ արծարծելու, ինչպէս նաեւ` մշակութային ասպարէզին մէջ Արցախի մշակոյթը, բարբառը, երգն ու երաժշտութիւնը, խոհանոցն ու աւանդութիւնները պահպանելու համար:

Այս բոլորը կարելի է դիտարկել գաղափարական տեսանկիւնէն` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ պէտք է համախմբուինք եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ պէտք է դիմագրաւենք:

Կենցաղային առումով նաեւ խնդիրներ կան: Երիտասարդութեան ուսման հարցը որոշ չափով լուծուած է, որովհետեւ անոնք այժմ կը յաճախեն Հայաստանի համալսարանները, դպրոցները եւ այլ կրթական հաստատութիւններ: Սակայն աշխատանքի առումով տակաւին չլուծուած հարցեր կան: Երիտասարդները պէտք է կարենան իրենց կարողութիւնները ի յայտ բերել, համապատասխանել Հայաստանի պահանջներուն եւ հոգալ իրենց կենցաղային կարիքները:

Ընդհանուր առմամբ, այս հարցը բաւական մտահոգիչ է Հայաստանի եւ յատկապէս արցախահայ երիտասարդութեան համար: Կրթական կեդրոնները հիմնականին մէջ կը գտնուին Երեւանի մէջ, եւ նոյնպէս աշխատանքային կարելիութիւնները մեծ մասամբ հոն կեդրոնացած են: Երեւանի մէջ թէ՛ բնակարաններու վարձքերը եւ թէ՛ կենցաղային ծախսերը բաւական բարձր են:

Արցախի ժողովուրդին մօտաւորապէս 50 տոկոսը կը բնակի գիւղական պայմաններու մէջ, եւ այս հանգամանքը բաւական մտահոգիչ է: Եթէ անոնք կ՛ուզեն շարունակել իրենց ուսումը կամ աշխատանք գտնել, ստիպուած են դէպի Երեւան ուղղուիլ: Մէկ խօսքով, արցախցիներուն մօտաւորապէս 70-75 տոկոսը հաստատուած է Երեւանի եւ շրջակայ բնակավայրերուն մէջ: Հոն թէ՛ աշխատանք գտնելու շուկան աւելի խճողուած է, թէ՛ աշխատանքի վարձատրութեան եւ բնակարանային հարցերը աւելի դիւրին լուծելու կարելիութիւնները տարբեր են:

Այս բոլորին հետ մէկտեղ, իբրեւ վերջին դիտարկում, կ՛ուզեմ ըսել, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն ճնշումներն ու կրաւորական, անտարբեր եւ մերժողական կեցուածքը կը մտահոգեն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը:

Որոշ ծրագիրներ կ՛իրականացուին բնակարանային, կենցաղային եւ ընկերային հարցերը լուծելու համար, սակայն անոնք բաւարար չեն կրնար ըլլալ: Թիւերն ու փաստերը ցոյց կու տան, որ, օրինակ, բնակարանային ծրագիրէն օգտուած է Արցախի բռնագաղթուած ժողովուրդին միայն շուրջ 20 տոկոսը, թէեւ արդէն երեք տարի անցած է: Բնակարան ձեռք բերելու եւ իշխանութիւններուն հետ զանազան հանդիպումներու ընթացքին կը պարզուի, որ համապատասխան աշխատանքներ չեն կրցած իրականացնել, իսկ հասարակական կազմակերպութիւնները, աշխատանք գտնելու եւ աշխատանքի շուկային յարմարելու ուղղուած ծրագիրները չեն կրցած տալ ակնկալուած արդիւնքները:

Այս առումով, կարելի է ըսել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն պարտականութիւններուն մէջ մտնող այս աշխատանքները ձախողած են: Աւելի մտահոգիչ է քաղաքական ձախողութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի հարցը չեն ներառեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ: Ընդհանրապէս, իրենց նոր խօսքին մէջ ո՛չ Արցախը կը յիշատակուի, ո՛չ Արցախի ժողովուրդը եւ ո՛չ ալ Արցախին առնչուող` հայ ժողովուրդին իրաւունքներու հարցը:

Այս հանգամանքը շատ աւելի մտահոգիչ եւ հոգեմաշ է, քան` կենցաղային եւ այլ նիւթական դժուարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ազգային Դպրոցներու Կրթական Միասնականացումը. Դասաբաշխում, Դասագիրքեր Եւ Քննութիւններ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
Յարատեւ Դիմադրութիւն
Զաւարեանական

Յարատեւ Դիմադրութիւն

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.