Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 7, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը աշխատանք կը տանի մշակելու հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ հարուածներ շղթայազերծելու ծրագիրներ` առ ի պատրաստութիւն անոնց գործադրութեան որեւէ անհրաժեշտութիւն ստեղծուելուն»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ուալլա» կայք. «Հըզպալլան սահմանին վրայ իսրայէլեան բանակին հետ լարուածութիւնը կը սրէ` Իրանի կողմէ պատգամ փոխանցելու համար»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ուալլա» կայք. «Իսրայէլեան ապահովական հաստատութեան կարծիքով, Հըզպալլան, հակառակ իր կարողութիւնները վերականգնելու ջանքերուն, տակաւին չէ առողջացած»:

. ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Տահր Պայտարի բեռնատարին վերաբերեալ հինգ երկիրներու յայտարարութիւնը պետութեան մէջ առնչակիցներուն ուղղուած նախազգուշացման ահազանգ մըն է` կանխարգիլելու այս գործին վերաբերեալ վերաբերմունքի մեղմացում, որովհետեւ գործին մէջ որեւէ մեղմացում լիբանանեան պետութեան համար մեծ հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վերջին զարգացումները պատկերը աւելի մշուշոտ դարձուցին, եւ ոչ ոք կրնայ ճշդել այն ուղին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր պատօնավարման մնացած ժամանակաշրջանի ընթացքին պիտի որդեգրէ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «որոշումի կայացման դիրքին վրայ հանրապետականները ըլլան կամ դեմոկրատականները, Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութիւնը անսասան է, եւ լիբանանեան թղթածրարի եւ ամերիկեան-իրանեան համաձայնութեան միջեւ կապ չկայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը անգամ մը եւս Իրանին ծախելու մասին խօսակցութիւնը որեւէ լուրջ տուեալի վրայ չէ հիմնուած»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան իշխանութիւնը, որ ձախողեցաւ ամերիկեան վարչակազմը համոզել Իսրայէլի վրայ լուրջ ճնշում բանեցնելու, երբ այդ վարչակազմը իր ներքին քաղաքական ազդեցութեան գագաթնակէտին վրայ կը գտնուէր, այսօր, Թրամփի ընտրական ծանր պարտութիւն կրելէն ետք պիտի կարենայ աւելի ազդու երաշխիքներ ստանալ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Վերջին օրերուն տեղական շուկաներուն մէջ նկատուած է առուծախի աշխուժութեան զգալի անկում` պատերազմի վերսկսման մտավախութիւններու սրման լոյսին տակ, ինչ որ հաստատութիւններն ու խանութները վերադարձուցած է գրեթէ լիակատար կաթուածահարութեան վիճակին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նոր ջանքեր կը թափէ նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ հաղորդակցութիւնը վերականգնելու նպատակով` խուսափելու համար ներքին բախումէն ու պայթումէն, սակայն դիրքորոշումներու կարծրացումը յառաջընթացի արձանագրման արգելք կը հանդիսանայ»:

. ՓՈՐՁԱՌՈՒ քաղաքական գործիչ մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Սուրիոյ կողմէ Լիբանան հետ պաշտօնական համագործակցութեան ողջունումը կարելի չէ անջատել քաղաքական զգայնութենէն, որ յառաջացած է Հըզպալլայի առնչուած նախարարի` Դամասկոս մեկնած նախարարական պատուիրակութեան կազմին մասնակցութենէն: Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, թերեւս, կ՛ուզէ փոխանցել այն ուղերձը, թէ նոր յարաբերութիւնները կը կառուցուին նոր իշխանութեան կառուցուածքի կանոններուն համապատասխան, եւ ոչ թէ նախորդ ժամանակաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Տարիներ շարունակ վատնումներէն վնաս կրած մատուցուող պետական ծառայութեան համար նախապէս վճարման համակարգին անցումը կը սպասուի քանի մը ամսուան ընթացքին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք, որոնք նախապէս չեն վճարեր, երբեք ծառայութիւնը պիտի չստանան»:

. ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութենէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վարազի հում միս ուտելէ ետք, 17 անձեր վարակուած են «Թրիքինոսիս» հիւանդութեամբ եւ փոխադրուած շարք մը հիւանդանոցներ: Հետաքննութիւնը ցոյց տուաւ, թէ անոնց վարակման աղբիւրը մէկ է»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Հիւսիսէն նախկին նախարար մը կ՛ուղղուի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանէն թեկնածու ներկայանալու, որովհետեւ աշխարհագրականօրէն իր շրջանին ամէնէն մօտն է եւ անոր շարունակութիւնը կը կազմէ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Սամի Սատեր, տարբեր օտարերկրեայ հեռաձայնային թիւերով նոր սպառնալիքներ ստացած է` թմրեցուցիչի վաճառականներու դէմ իր ղեկավարած լայնածաւալ արշաւին առնչութեամբ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Մարոնի պատրիարքի փոխանորդ Էլիաս եպս. Նասսարի Պաապտայի պալատ այցելութիւնը` իբրեւ պատրիարքի պատուիրակ, յատուկ կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ Լիբանանեան համալսարանին մէջ լիաժամ դասախօսներու նշանակումներու չորրորդ փուլին վերաբերեալ համապատասխան մարմիններու առջեւ դրուած հարցին լոյսին տակ: «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի ստացած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Պքերքէն վճռականօրէն տրամադրուած է հետեւելու այս հարցին եւ կանխարգիլելու կրթութեան նախարարին կողմէ մշակուող նախագիծի որդեգրումը` համալսարանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան վրայ անոր երկարաժամկէտ հետեւանքներուն վերաբերեալ մտահոգութիւններէ մեկնելով:

«Շահագրգիռ կողմերու կարծիքով, առաջարկուող նախագիծը չի պահպաներ համայնքային բաժանման անհրաժեշտ հաւասարութիւնը եւ կը յանգեցնէ լիաժամ աշխատող քրիստոնեաներու բաժինի կրճատման, ինչ որ կը բացատրէ զայն վերատեսութեան ենթարկելու պնդումը: Այս աղբիւրները կը հաստատեն, որ առարկութիւնը կը մնայ անսասան, եւ կայ վճռականութիւն` կախարգիլելու հաստատումը որեւէ որոշումի, որ չի յարգեր սահմանուած հաւասարակշռութիւնները»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «ուժանիւթի նախարարը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել պետական հաստատութիւններու կողմէ ելեկտրականութեան ոլորտի պարտքերու գանձման ուղղութեամբ` փորձելով խթանել եկամուտներու հաւաքումը եւ նուազեցնելու պարտքերու կուտակումը: Բայց եւ այնպէս, լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնը չի վկայեր այս հարցին մէջ յառաջընթացի որեւէ լուրջ նշանի մասին` հաշուի առնելու շարք մը շահագրգիռ կողմերու եւ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու միջեւ գոյութիւն ունեցող շահերու համընկնումը:

«Այս աղբիւրները կը նշեն, որ այս համընկնող շահերը կը բարդացնեն ելեկտրականութեան ճգնաժամի լուծումը եւ հարցեր կը յառաջացնեն որոշ կողմերու վերակազմակերպման եւ սեփական ելեկտրածին շարժակներէն կախեալութիւնը նուազեցնելու որեւէ քայլի հետ համագործակցելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Քուրա եւ Պաթրուն շրջաններու ձիթապտուղի որոշ հողագործներ, յատկապէս անոնք, որոնք իրենց գիւղերէն հեռու հողատարածքներ ունին, նկատած են, որ բերքին մէկ մասը հաւաքուած է: Անոնք գողութեան համար կը մեղադրեն շրջանէն դուրս գտնուող խմբաւորումները եւ քաղաքապետարանին ու անվտանգութեան մարմիններուն կոչ կ՛ուղղեն պաշտպանելու իրենց ապրուստը»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 77000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.492.000 լ.ո.-ի եւ 2.510.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 25000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.579.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.610.000 լ.ո.:

Նախորդը

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.