Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ իր երկօրեայ աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէն աւելի քան 41 ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի պատասխանատուներ:
Եռաբլուր Այցելութիւն
Խորհրդաժողովին երկրորդ օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ: Եռաբլուր հասնելով, խորհրդաժողովին մասնակիցները հաւաքուեցան յիշատակի պատին առջեւ եւ ծաղկեպսակի զետեղումով իրենց յարգանքի տուրքը ընծայեցին արցախեան երեք պատերազմներու նահատակներուն: Ծաղկեպսակը զետեղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետներուն: Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան:
Այս առիթով իր արտասանած կարճ պատգամին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ մենք Եռաբլուր կու գանք հաշուետուութիւն տալու: Կու գանք մեր կամքը զօրացնելու: Նահատակներու շիրիմները այցելելով կը մտածենք, որ քիչ բան ըրած ենք: Պարտաւոր ենք շատ աւելին ընել: Մենք խոստումներ կու տանք իրենց, խոստումներ կու տանք նաեւ մենք մեզի, որ պիտի շարունակենք ընթանալ իրենց ընտրած ճամբէն: Մենք մեր աշխատանքով, մեր ծրագիրներով, իրենք` մեր հոգիներուն մէջ իրենց ներկայութեամբ:
Ապա, բոլորը միասին խմբերգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք` դրօշակակիրներու եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտներու առաջնորդութեամբ անոնք շրջեցան Եռաբլուրի շիրիմներուն մէջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին ՀՄԸՄ-ական նահատակ եղբայրներ Վարդան Բախշեանի, Վիգէն Զաքարեանի, Արմէն Առուստամեանի, Հայկ Դերիկլեանի, Էրիկ Գալստեանի, Գրիգոր Ղազարեանի, Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի, Յակոբ Աստարճեանի, Արտակ Իշխանեանի եւ Աւետիս Պուլուզեանի գերեզմաններուն:
Խորհրդաժողովին Աշխատանքները
Եռաբլուր այցելութենէն ետք, խորհրդաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց երեք յաջորդական նիստերով, ուր քննարկուեցան միութեան առաջին նաւապտոյտին արդիւնքները, տնտեսական ծրագիրները եւ ՀՄԸՄ-ի փրոթոգոլային վերամշակուած ուղեցոյցը: Կատարուեցան կազմակերպական-վարչագիտական բնոյթի թելադրանքներ, իսկ վերջին նիստով` խորհրդաժողովին մասնակիցները երեք տարբեր աշխատանիստերով իրազեկ դարձան դիւաններու անդամներու` ատենապետներու, ատենադպիրներու եւ գանձապահներու պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն:
Հուսկ, խորհրդաժողովը աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:


