Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան 2028-2038 թուականներուն համար նախարարութեան ու ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հասարակաց ծրագիրի պատրաստութեան ծիրին մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-էն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Ապիր Պու Զաքիի:
Նախարարը հանդիպումի ընթացքին պատուիրակութեան ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կը մտադրէ գործադրել, մասնաւորաբար մարմնակրթութեան ռազմավարութիւնն ու երիտասարդական ռազմավարութիւնը: Վերջինս պիտի հրապարակուի լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ երիտասարդներուն հետ հանդիպումները աւարտելէ ետք:
Պայրագտարեան շեշտեց, որ լիբանանցի երիտասարդը այլեւս ունի նախարարութիւն մը, որ իր հարցերով կը զբաղի եւ անոր ձգտումներուն ականջ կու տայ: Ան նաեւ բացատրեց կարեւորութիւնը մինչեւ օրս իրագործուածին, մասնաւորաբար մեկնարկումը պատասխանատու քաղաքացիութեան հոլովոյթին, որուն վրայ կ՛աշխատի նախարարութիւնը` զայն նկատելով պետութեան ու երիտասարդութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման մուտք:
Ան նաեւ նշեց, որ նախարարութիւնը կը պատրաստէ ելեկտրոնային հարթակ մը, որ իր եւ երիտասարդութեան միջեւ հաղորդակցութեան տարածք պիտի ըլլայ:
Պայրագտարեան շեշտեց քաղաքացիներու այս մեծ հատուածին մօտ վստահութիւն կառուցելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ վստահութիւնը միայն Լիբանանի երիտասարդներուն ի նպաստ աշխատանքով կը հաստատուի, եւ անիկա քաղաքացիական պատկանելիութեան ու երիտասարդութեան պետութեան հետ հաշտեցման հիմնաքարն է:


