Պրազիլի Մինաս Ժերայս նահանգի մինչեւ 20 տարեկաններու ախոյեանութեան կիսաւարտականին, Ուպերլանտիա – Մամորէ հանդիպումը աւարտած է աննախադէպ ձեւով:
Դաշտին վրայ զանգուածային ծեծկռտուքի հետեւանքով գլխաւոր իրաւարարը ցոյց տուած է 53 կարմիր քարտ` պատմական մրցանիշ մը հաստատելով:
Մամորէ կը յաղթէր 3-1 արդիւնքով, երբ կիրքերը «բորբոքած» են: Հիւր խումբի 3-րդ կոլը նշանակած Տաւի սադրիչ շարժումներ կատարած է մրցակից մարզիկներուն եւ պահեստի նստարաններուն ուղղութեամբ: Անմիջապէս անոր պատասխանած է Ուպերլանտիայի բերդապահներու մարզիչը, որ դաշտ մտնելով ապտակած է Տաւին, այնուհետեւ իրավիճակը ամբողջովին անկառավարելի դարձած է:
Երկու խումբերուն հիմնական եւ պահեստի մարզիկները, ինչպէս նաեւ մարզիչներու խմբակները մասնակցած են զանգուածային ծեծկռտուքին:
Իրաւարար Ֆեռնանտօ Փաթրիք ստիպուած եղած է ծայրայեղ քայլերու դիմել: Ըստ «Սի. Էն. Էն. Պրազիլ»-ի, արձանագրութեան մէջ նշուած են 53 կարմիր քարտեր: Կարմիր քարտեր ստացած են Մամորէի 21 եւ Ուպերլանտիայի 22 մարզիկներ, երկու խումբերու մարզչական կազմերու 8 ներկայացուցիչներ եւ ակումբներու 2 ղեկավարներ (որոշ միջազգային լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին` «Պի. Տի. Սի.»-ն, 51 կարմիր քարտերու մասին խօսած են` նկատի չառնելով ակումբներու ղեկավարները):
Բախումները շարունակուած են նաեւ հանդերձարաններուն մէջ: Կոտրուած են մարզադաշտի դռները, պատուհանները, ցնցուղները: Կարգ ու կանոնը վերականգնելու համար պահանջուած է ոստիկանութեան միջամտութիւնը:
Մրցավայրը ոստիկանութեան յայտնած է, որ Ուպերլանտիայի ղեկավարներէն մէկը սպառնալիքներ հնչեցուցած է անոր հասցէին: Մրցումը բնականաբար չէ շարունակուած: Ուշագրաւ էր մրցումին աւարտը: Կարմիր քարտերու պատճառով Մամորէի խումբէն ընդամէնը 7 մարզիկներ իրաւունք ունէին մասնակցելու դարձի մրցումին: Ուպերլանտիա նախընտրած էր «արդար մրցում»-ի («ֆէյր փլէյ») անսպասելի նախաձեռնութեամբ չմասնակցիլ դարձի մրցումին: Մամորէ հասաւ աւարտական, մինչ Ուպերլանտիա պիտի խաղայ 3-րդ դիրքի մրցումը:
Նշենք, որ կարմիր քարտերու նախորդ մրցանիշը կը պատկանէր Արժանթինի 5-րդ դասակարգին գծով Աթլեթիքօ Քլէյփոլ-Վիքթորիանօ Արենա մրցումին (2011-ին), որուն ընթացքին իրաւարարը 36 կարմիր քարտեր «բաժնած» էր:


