ՍԻՒԶԻ ԽՇՈՒԱՃԵԱՆ-ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Գահիրէի Հայ կարիքի խաչի կազմակերպած խորհրդաժողով-շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 25 սեպտեմբերէն 7 հոկտեմբեր:
25 սեպտեմբերին աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիները եւ համակիրները, թիւով` մօտաւորապէս 187 անդամ, ժամանեցին Գահիրէի օդակայան, ուրկէ փոխադրուեցան «Հիլթըն Քայրօ Հելիոփոլիս» հինգ աստղանի պանդոկը եւ ստանձնեցին իրենց սենեակները:
26 սեպտեմբերի առաւօտեան պտոյտի մասնակիցները այցելեցին Գահիրէի առաջնորդարան ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցան տեղւոյն թեմակալ առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանին հետ: Ապա խմբակը ուղղուեցաւ Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարան, ուր սիրալիր ու ջերմ ընդունելութեան մը արժանացաւ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ: Այստեղ ներկաները մօտէն ծանօթացան դպրոցի կառոյցին, աշակերտութեան եւ տեղեկութիւններ ստացան դպրոցական առօրեային եւ դասաւանդման մեթոտներուն շուրջ: Յիշենք, որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան ՀՕՄ-ի 100-ամեակի առիթով պատրաստուած յուշանուէրներէն օրինակներ յանձնեց Գահիրէի առաջնորդին եւ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիքը` կազմակերպութեամբ Գահիրէի Հայ կարիքի խաչի վարչութեան: Երեկոն ազգային-ժողովրդական երգերով ճոխացուց Լիբանանէն ժամանած երգչուհի Կասիա Շատարեւեան: Ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, ձեռամբ Արուսեակ Մելքոնեանին, պարգեւատրուեցան Գահիրէի Հայ կարիքի խաչի մեկուսի մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ յիսուն տարուան ծառայութիւն ունեցող հինգ ՀՕՄ-ականներ` Սոնիա Տատուրեան, Սիլվա Գզըրլեան, Սեդա Կէվրէկեան, Սոնիա Պայրամեան, Շաքէ Յովկիմեան:
27 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնէն ներս: Առաջին զեկուցաբերն էր տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, որ համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ Գահիրէի Հայ կարիքի խաչի ծննդոցին, առաքելութեան ու պատմութեան ընթացքին անոր ընծայաբերած մարդասիրական բազմակողմանի ծառայութիւններուն: Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Քանատայէն Անի Թորիկեան-Պապիկեան, որ ներկայացուց «Արհեստական բանականութիւնը եւ մենք» այժմէական նիւթը: Ան շինիչ օրինակներով պարզաբանեց արհեստական բանականութեան օր ըստ օրէ զարգացումն ու ազդեցութիւնը այսօրուան աշխարհի տարածքին: Աւարտին երկու զեկուցաբերներուն յանձնուեցան ՀՕՄ-ի 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէրներէն` ձեռամբ Արուսեակ Մելքոնեանի:
Երկու զեկոյցներու ընդմիջումին ներկաները հիւասիրուեցան համեղ ճաշով` տեղւոյն Հայ կարիքի խաչի անդամներուն կողմէ:
28 սեպտեմբերին յայտագիրը ճոխ էր Եգիպտոսի պատմական վայրեր այցելութեամբ: Առաջին առիթով խմբակը այցելեց աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը հանդիսացող Կիզէի եգիպտական բուրգերն ու առասպելական Սֆինքսը (Ապուլ Հոլ), որոնք մինչ օրս կը շարունակեն հմայել այցելուները: Այստեղ մասնակիցները ունեցան հաճելի փորձառութիւն` անապատին մէջ ուղտով եւ կամ ձիաւոր կառքով պտտելու: Համեղ ճաշի դադարէ ետք ներկաները ուղղուեցան Եգիպտոսի հսկայ թանգարանը` «Great Egyptian Museum» (GEM), որուն բացումը կատարուած է 2025-ին, եւ որ` կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն թանգարանը, նուիրուած մէկ քաղաքակրթութեան: Այստեղ ամփոփուած են Եգիպտոսի տարածքին պեղումներէ յայտնաբերուած փարաւոնեան հազարամեայ մշակոյթի նմուշները` տիտանեան արձաններ, ոսկեայ իրեր, զարդարանք, կահոյքը եւ այլք: Ապա խմբակը այցելեց պապիրուսի գործարան, ուր ծանօթացաւ պապիրուսի թուղթի պատրաստութեան փուլերուն եւ այս իւրայատուկ արուեստին:
29 սեպտեմբերին խմբակի առաջին կանգառն էր ղպտի ուղղափառ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ առկախ եկեղեցի է (hanging church), ապա խմբակը այցելեց Քարանձաւի եկեղեցին, ուր Մանուկ Յիսուսն ու Աստուածամայրը ապաստանած են Բեթղեհեմէն դէպի Եգիպտոս երեքուկէս տարուան ճամբորդութեան ընթացքին: Այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ հրէական սինակոկ` կրօնական վայր: Յաջորդ կանգառն էր Եգիպտական մշակոյթի ազգային թանգարանը, ուր ցուցադրուած են Հին Եգիպտոսի իւրայատուկ ժառանգութիւնը եւ թագաւորներու զմռսուած մարմինները: Ճաշի դադարէն ետք խմբակը մեկնեցաւ Խան Ալ Խալիլի եւ ծանօթացաւ եգիպտական ժողովրդական շուկային ու հարուստ արտադրութիւններուն եւ գնեց եգիպտական մշակոյթը արտացոլացնող յատուկ յուշանուէրներ:
30 սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան շրջապտոյտի մասնակիցները ուղղուեցան Եգիպտոսի օդակայան, ուրկէ մեկնեցան դէպի հարաւ, Գահիրէի պատմական ու յիշարժան քաղաքներէն մին` Ասուան: Քաղաքը կը հանդիսանայ հաւաքավայրը արաբ եւ նուպիացի ժողովուրդին: Վերջինս կը յատկանշուի իր լեզուով ու իւրօրինակ մշակոյթով: Այստեղ, առաջին հանգրուանով, այցելեցին Ասուանի հռչակաւոր բարձր ամբարտակը, որ հիմք կը հանդիսանայ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան: Ապա Նեղոս գետի վրայ, նաւու ճամբորդութեամբ, խմբակը հասաւ Իսիս չաստուծոյ նուիրուած հրաշակերտ Ֆիլա տաճարը, որ ճարտարապետական հիանալի նմուշ մըն է Եգիպտոսի հին պատմական ու կրօնական մշակոյթին: Ապա այցելութիւն կատարուեցաւ Ֆիլա անունը կրող բուրմունքի պատրաստութեան կեդրոն, ուր ներկաները ծանօթացան արաբական անուշաբոյր, իւրայատուկ բուրմունքներու եւ անոնց ակունքի պատմութեան: Աւարտին մասնակիցները նաւ վերադարձան ու այնտեղ գիշերեցին:
1 հոկտեմբերին խմբակը նաւով ուղղուեցաւ դէպի պատմական Ապու Սիմպըլ տաճարը` կառուցուած Ռամսէս Բ. փարաւոնին կողմէ: Վերջինս այս տաճարը նուիրած էր իր սիրեցեալ կնոջ` Նեֆերթիթիին: Յետմիջօրէին մասնակիցները, նաւարկելով Նեղոսի վրայ, վայելեցին հանգստեան հաճելի պահեր: Երեկոյեան այցելութիւն կատարուեցաւ Քոմ Օմպօ տաճար, ապա` զմռսուած կոկորդիլոսներու թանգարանը, ուր ներկաները ականատես դարձան հին եգիպտացիներուն կոկորդիլոսներու նկատմամբ սնուցած պաշտամունքին: Աւելի ուշ օրը աւարտին հասաւ արաբական աւանդական «կալլապիէ» տարազներով` պարի, երաժշտութեան եւ ուրախութեան հաճելի հաւաքոյթով:
2 հոկտեմբերին Նեղոսի վրայով մասնակիցները իջեւանեցին Լուքսոր քաղաքը, ուր այցելութիւն կատարուեցաւ Լուքսորի տաճար, եւ մասնակիցները անգամ մը եւս ականատես դարձան Հին Եգիպտոսի հազարամեայ մշակոյթի հետքերուն: Յետմիջօրէն անցաւ խաղաղ եւ ազատ ժամանցի պահերով:
3 հոկտեմբերի վաղ առաւօտեան մասնակիցներու խումբ մը ապրեցաւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը, երբ օդապարիկ նստաւ ու հազարաւոր մեթր բարձունքէն դիտեց Լուքսորի գեղեցիկ արեւածագն ու քաղաքի համայնապատկերը: Ապա ուղեւորութիւնը շարունակուեցաւ դէպի Արքաներու հովիտ (Valey of the Kings), ուր կը պահուին եգիպտական շարք մը հզօր փարաւոններու զմռսուած մարմինները, ընդ որում Թութանխամոնի եւ ուրիշներու: Պատմական այս յիշարժան այցելութենէն ետք խմբակը այցելեց եգիպտական Ալապասթըր քարի արուեստանոցը, եւ ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան յիշեալ քարով գործուած ձեռակերտ արձաններու եւ յատկանշական իրերու պատրաստման փուլերուն:
4 եւ 5 հոկտեմբերին շրջապտոյտի մասնակիցները հասան ծովեզերեայ Հուրղատա քաղաք, ուր երկու օրերու ընթացքին վայելեցին արեւելքի տաք արեւն ու Կարմիր ծովուն գեղատեսիլ ափունքը: Այստեղ բոլորին կը սպասէր հաճելի անակնկալ մը: Սողոմոնեան գերդաստանէն տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ, տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններ, տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ, իրենց զաւակներուն հետ միատեղ, որոշած են ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագիրին 160 երեխայ հովանաւորել: Նուիրատուները, քաջալերուած շրջապտոյտի մթնոլորտէն, իրենց այս որոշումը յայտնեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան, յանուն Կեդրոնական վարչութեան, բարձր գնահատեց յարգարժան Սողոմոնեան ընտանիքին այս նուիրատուութիւնը, որ ցուցանիշ է ՀՕՄ-ի բարեկամներու դրսեւորած ազգային խոր գիտակցութեան եւ նուիրաբերելու աստուածահաճոյ արարքին: Այս մէկը արտացոլացումն է նաեւ Սողոմոնեան ընտանիքի առատաձեռնութեան եւ ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործունէութեան նկատմամբ իրենց սնուցած խոր հաւատքին:
Շրջապտոյտի վերջին երկու եզրափակիչ օրերը (6-7 հոկտեմբեր) լեցուն էին խառն յուզումնալից պահերով: Մէկ կողմէ այստեղ կուտակուած յուշերը, նոր ընկերուհիներու ծանօթութիւնը եւ տունդարձի ուրախ զգացումը, իսկ միւս կողմէ` այստեղ ապրուած հեքիաթային օրերու աւարտը, գեղեցիկ վայրերուն ու ընկերներուն հրաժեշտ տալը հակասական զգացումներով լեցուցին բոլորին սրտերը:
Շնորհակալութիւն` Եգիպտոսի Հայ կարիքի խաչի մասնաճիւղին, որ դրսեւորեց տաքուկ հիւրընկալութիւն եւ կազմակերպչական բացառիկ աշխատանք: Շնորհակալութիւն` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան շրջապտոյտին մասնակիցներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին լաւագոյնս կարգաւորելու շրջապտոյտի ամենայետին մանրամասնութիւնները:
ՀՕՄ-ը կը մնայ այն եզակի կազմակերպութիւնը, որ միշտ կը յաջողի իր հովանիին ներքեւ համախմբել աշխարհասփիւռ անդամները, որոնք անսակարկ նուիրումով կը գործեն ի նպաստ ազգային վեհ իտէալներու իրագործման:









