«Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան 2-րդ օրուան մրցումներուն, Աէք Աթէնք քիչ մնաց անակնկալի մատնէր Ռէալ Մատրիտը, երբ 75-րդ վայրկեանին յետսապահ Սթաւրօ Փիլօ նշանակեց 2-1-ի կոլը: Քիլիան Էմպափէ եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ (92-րդ վայրկեանին) նշանակեցին շատ կարեւոր կոլեր` 3 կէտերը նուիրելով Ռէալին, որ իր 4-րդ մրցումը յաղթեց` միանալով Փարիզ Սեն Ժերմենին:
Արսենալ 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ արձանագրեց Սլաւիա Փրակայի դաշտին վրայ (1-2) եւ 2 կէտով ետ կը մնայ:
9 խումբեր ունին 9-ական կէտեր, որոնցմէ ամէնէն լաւ կոլ-էվըրէյճը ունեցող խումբն է Սեսք Ֆապրեկասի մարզած իտալական Քոմօ ակումբը:
Քոմօ Ֆրանսայի մէջ 9-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Լանսը: Յոյն յառաջապահ Անասթասնիոս Տուվիքաս հեթ-թրիք իրագործեց` դառնալով այս տարեշրջանի լաւագոյն կոլ սքորըր 6 կոլերով:
Բ. դիրքը կը գրաւէ նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ, որ կրցաւ նշանակել Մանչեսթըր Սիթիի յաղթանակի (3-2) կոլը 78-րդ վայրկեանին` Ռետ Պուլ Լայփցիկի դաշտին վրայ:
5 կոլեր նշանակած է նաեւ գերմանացի Նիքոլօ Թրեսոլտի, որ իր կարգին նշանակեց կոլ մը` ի նպաստ Ֆ. Ք. Պրիւժի, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց ՓՍՎ Այնտհովընին` Նետերլանտներու մէջ:
Այժմ ազգային խումբերու Ազգերու լիկայի մրցաշարքի մրցումներուն պատճառով «Չեմփիընզ լիկ»-ը մօտ 2 շաբաթով կը դադրի եւ կը շարունակուի 24 եւ 25 նոյեմբերին:


