Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ եւ «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնատեղիի հրամանատար Ալի Ապտելլահի Համաշխարհային ամբարտաւանութեան դէմ պայքարի օրուան առիթով իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ տեւական անվտանգութեան հաստատման Իրանի ծրագիրը կը ներառէ «բոլոր ճակատներուն, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալը, որովհետեւ հակառակ սպառնալիքին միաժամանակ բանակցիլը կամքի պարտադրում է»:
Ան աւելցուց, որ այդ ծրագիրը նաեւ կը ներառէ պատժամիջոցներու ամբողջական վերացումը, «իրանցի ժողովուրդի» սառեցուած գումարներու ապասառեցումը, «պարտադրուած պատերազմին համար փոխհատուցման վճարումը», «Հորմուզի նեղուցին վրայ Իրանի գերիշխանութեան ճանաչումը, ամերիկեան ապահովական մաշած ծածկոյթը փոխարինել Հորմուզի մեքանիզմով` երաշխաւորելու համար, որ յարձակումը չկրկնուի, եւ Արեւմտեան Ասիոյ շրջանին մէջ սեփական ապահովական դասաւորումներ ձեւաւորել»:


