Ուքրանիոյ պատերազմը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի աւարտի: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
«Ուքրանիոյ պատերազմը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի աւարտի: Ասիկա իմ անձնական կարծիքս է: Վերջ. ուժեր չկան, ներուժ չկայ, բոլորը յոգնած են», Եւրասիական անվտանգութեան Մինսքի 4-րդ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է ան:
Ան զգուշացուցած է, որ եթէ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը չդադրեցուի, աշխարհը պիտի կանգնի Համաշխարհային Գ. պատերազմին առջեւ:
«Եթէ մենք չկանգնինք, մագլցումի ուղիով երթանք, մենք հաստատ պիտի հասնինք Համաշխարհային Գ. պատերազմին: Իսկ թէ ատիկա ինչո՛վ պիտի աւարտի, արդէն բարձրաձայն կ՛ըսեն նաեւ քաղաքական մեծ գործիչները: Իսկ հիւլէական հարուածէն ովկիանոսէն միւս կողմ պիտի չպահուըտիս: Ուստի, գիտակցելով, թէ ոչ, Թրամփ մեծ գործ կ՛ընէ` էական չէ, թէ ի՛նչ պատճառներով, կանգնեցնելով այս մագլցումը», աւելցուցած է Լուքաշենքօ:


