Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրան կարգ մը հրթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր ունի, սակայն յաւելեալ հրթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր արտադրելու անոր կարողութիւնը չափազանց սահմանափակ է»:

«Մեր ուզած որեւէ պահուն կրնանք Իրանի մէջ Ֆաըս լերան դիրքին հարուած հասցնել», նշեց ան:

Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կրնանք Իրանի մէջ Ֆաըս լերան դիրքը հարուածել,  կրնանք ատիկա մէկ ժամուան մէջ կատարել»:

«Իրանը բանակցային լաւ դիրքի մէջ չէ, եւ անոր տնտեսութիւնը կը քայքայուի», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանի մէջ տեղի ունեցողը իսկական պատերազմ մը չէ, որովհետեւ ամիսներէ ի վեր որեւէ կրակոց չեղաւ: Անիկա ընթացող պատերազմի չի նմանիր անիկա բուռն պատերազմ մը չէ», յայտնեց ան` նշելով. «Կրնայ պատերազմ ծագիլ, եթէ իրանցիները համաձայնութիւն չգոյացնեն, սակայն անոնք մեծապէս կը փափաքին համաձայնութեան հասնիլ, եւ ատիկա իրագործելու շատ մեծ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի»:

«Կը նախընտրեմ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնել` բազմաթիւ կեանքեր փրկելու համար, եթէ ատիկա կարելի ըլլայ: Մենք անոր հետ բացարձակ ուժի դիրքէ կը բանակցինք, եւ կրնանք հարցը որեւէ ատեն աւարտել», յայտարարեց Թրամփ:

Պաշտօնատարներ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Ամերիկեան ուժերը անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին գաղտնաբար շարունակեցին Իրանի վրայ յարձակումները»:

Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» հաղորդեց, որ Քեշմ կղզիին մէջ պայթումներ լսուած են: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը գրեց, որ հարուածներու ետին կանգնած են ամերիկեան ուժերը, որոնք վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին գաղտնի շարունակած են աւելի փոքր տարողութեամբ հարուածներ հասցնել Իրանին:

«Աքսիոս»-ի լրագրող Պարաք Ռաւիտի համաձայն, ամերիկեան ռմբաձիգը հարուածած է կղզիին մէջ տեղակայուած հրթիռային համակարգը` ի պատասխան Քեշմ կղզիէն Հորմուզի նեղուցին վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան օդանաւի թիրախաւորման:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտնեց. «Մենք շարք մը լաւ խորհրդակցութիւններ ունեցած ենք իրանեան կողմին հետ: Ես շուրջ մէկ ժամ առաջ այս հարցը քննարկած եմ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ: Մենք, անկասկած, հասած ենք որոշակի յառաջընթացի: Տեսնենք, թէ արդեօք կը յաջողի՞նք աւելիին հասնիլ»:

«Թէ՛ նախագահը, թէ՛ ես բաւական լաւատեսօրէն կը նայինք բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորման հեռանկարներուն: Մենք պիտի շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Վանս միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ իրանեան կողմը միշտ քիչ մը անկանխատեսելի է: Ան յստակացուցած է, որ Թրամփ չի բացառեր ապագային Իրանին հարուածներ հասցնելու վերսկսիլը, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ այլ քայլեր ձեռնարկելու կարելիութիւնը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Պըն Մոհամետ Անսարի յայտնեց, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը հաւատարիմ կը մնան բանակցային հոլովոյթին եւ հիմա կ՛ուսումնասիրեն հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկները:

«Երկու պետութիւններու կողմէն ալ կը պահպանուի հաւատարմութիւնը բանակցային հոլովոյթին, մենք առաջարկներ կը փոխանակենք իրական ժամանակի դրութեամբ», աւելցուցած է Անսարի:

Իրանեան բանակի բանբեր Մոհամետ Աքրամի Նիա յայտնեց, որ իրանեան զինեալ ուժերը կը շարունակեն թարմացնել իրենց թիրախներու ցուցակը, որ կը ներառէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նիւթական ու ոչ նիւթական կարողութիւնները:

Ան զգուշացուց, որ նոր զինուորական արկածախնդրութեան մը պարագային կարելի է թիրախաւորել ամերիկեան կառոյցները, ուժերն ու շահերը, ուր որ հասանելի ըլլան` շեշտելով, որ ամերիկեան որեւէ նոր յարձակում պիտի արժանանայ անմիջական, վճռական ու նախկինէն լայնածաւալ հակադարձութեան:

Իրանեան բանակի բանբերը նշեց, որ նոր պատերազմ ծագելու պարագային ճակատումի տարածքը Արեւմտեան Ասիոյ շրջանով պիտի չսահմանափակուի:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարեց. «Ամերիկեան կողմին ուժեղ ու տրամաբանական պատասխան մը ներկայացուցինք, եւ պատերազմը արգիլելու համար այժմ գնդակը անոր դաշտն է»:

Լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին ըսաւ. «Քաթարցի միջնորդները կը նախատեսեն 36 ժամուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներէն ու Իրանէն պատասխաններ ստանալ»:

Բարձրաստիճան աղբիւր մը «Հատաս»-ին. «Ամերիկան քաթարցի միջնորդին փոխանցեց Իրանի հետ պատերազմին վերջ տալու առաջարկին իր համաձայնութիւնը: Միջնորդները կը սպասեն Իրանի պատասխանին:

Նախորդը

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

RelatedPosts

Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
Լուքաշենքօ. «Ուքրանիոյ Պատերազմը  Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Աւարտի»
Միջազգային

Լուքաշենքօ. «Ուքրանիոյ Պատերազմը Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Աւարտի»

November 4, 2026
10-11 Նոյեմբերին Ապու Տապիի Մէջ  Ռուսիա-Միացեալ Նահագներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւններ
Միջազգային

10-11 Նոյեմբերին Ապու Տապիի Մէջ Ռուսիա-Միացեալ Նահագներ-Ուքրանիա Բանակցութիւններ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.