Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը պաշտօնական ընդունելութիւն կազմակերպեց` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը կը ներկայացնէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ընդունելութեան ներկայ կը գտնուէին նաեւ դիւանագիտական անձնակազմի անդամներ, լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Հայաստանի բարեկամներ:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան անկախութիւնը բնորոշեց իբրեւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ժառանգութիւն, ինչպէս նաեւ իբրեւ պատասխանատուութիւն` կառուցելու հզօր, անվտանգ եւ բարգաւաճ Հայաստան: Ան ընդգծեց, որ արդար, արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներու համար կարելիութիւններ ստեղծելու գործին մէջ:
Դեսպանը յարգանքի տուրք մատուցեց լիբանանահայերու այն սերունդներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Լիբանանի հասարակական կեանքին մէջ, տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ` միաժամանակ պահպանելով սերտ կապեր Հայաստանի հետ: Ան վերահաստատեց Հայաստանի համերաշխութիւնը Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը Լիբանանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու միասնութեան: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնները:
Երեկոյի մշակութային ծրագիրի շրջանակներուն մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական երգչախումբը, որ կատարեց Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները, ինչպէս նաեւ «Նայիրեան» վոքալ համոյթը:




