Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ. «Ընթերցանութիւնը, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտութիւն դարձած է թուային հաղորդակցութեան եւ արհեստական բանականութեան այս դարաշրջանին»

Հայկազեան համալսարանը հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2026-ին, մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, նշեց իր Գիրքի օրը` նուիրուած գիրքին, գիտական հրատարակութեանց եւ Լիբանանի ու իր հայօճախին հարուստ գրական եւ մտաւորական ժառանգութեան:

Ձեռնարկը լուսարձակի տակ դրաւ համալսարանին երկարամեայ ներդրումը` գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մարզերէն ներս, ի մի բերաւ` անոր հարուստ հրատարակչական աւանդը, պատմական հրատարակութիւնները, հազուագիւտ գիրքերն ու արխիւային նիւթերը, որոնք վկայեցին Լիբանանի գրական եւ մտաւորական կեանքի զարգացման ընթացքը:

Պաշտօնական բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որուն յաջորդեց մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղասսան Սալամէի խօսքը: Երկու ելոյթներ ունեցողները շեշտեցին գիրքին եւ հրատարակութեան կարեւորութիւնը` հաւաքական յիշողութեան պահպանման, գիտելիքի յառաջմղման եւ մշակութային ժառանգութեան փոխանցման առումով:

Վեր. Հայտոսթեան անդրադարձաւ գիրքին նշանակութեան` իբրեւ յիշողութեան պահոց, ինքնութեան արտայայտութիւն եւ սերունդներն ու մշակոյթները իրարու կապող կամուրջ: Հոկտեմբերը նկատի ունենալով իբրեւ բերքահաւաքի եղանակ Լիբանանի եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ` ան նշեց, որ համալսարանի հունձքը կ՛արտացոլայ իր խօսածին, ուսուցանածին, գրածին, ուսումնասիրածին եւ հրատարակածին մէջ: Ան նաեւ ընդգծեց հոկտեմբեր ամսուն առանձնայատուկ նշանակութիւնը հայերուն համար, որոնք հինգերորդ դարուն հայոց այբուբենի ստեղծումէն ի վեր իրենց մշակութային ժառանգութիւնը տօնած են գրելու, թարգմանելու եւ հրատարակելու միջոցով:

Ընդգծելով համալսարանին 71-ամեայ ներկայութիւնը Պէյրութի մշակութային, արուեստի եւ կրթական հաստատութիւններով լի այս հատուածին մէջ` վեր. Հայտոսթեան վերահաստատեց գրաւոր խօսքին առանցքային դերը համալսարանի ակադեմական առաքելութեան եւ մշակութային ինքնութեան մէջ: Ան կարեւոր նկատեց լեզուական եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը` յոյս յայտնելով, որ Գիրքի օրը հանդիսանայ նոր քայլ մը` խօսքին, գիրքին, գիտելիքին եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ համալսարանին մնայուն յանձնառութեան ճամբուն վրայ: Ան շեշտեց, որ մշակութային ժառանգութիւնը Լիբանանի մեծագոյն հարստութիւններէն է, խոր արմատներ ունի ժողովուրդին պատմութեան մէջ եւ կը շարունակէ հարստացնել անոր ներկան ու ապագան:

Իր խօսքին մէջ մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ մերժեց գիրքին մահուան կամ անհետացման մասին պնդումները` շեշտելով, որ թուային հաղորդակցութեան եւ արհեստական բանականութեան այս դարուն ընթերցանութիւնը, աւելի քան երբեւէ, անհրաժեշտութիւն դարձած է:

Սալամէ անդրադարձաւ ընթերցանութեան երեք հիմնական նպատակներուն` սորվիլ, հաճոյք ստանալ եւ, այսօր աւելի քան երբեւիցէ, դարմանել թուային բովանդակութեան անդադար հոսքին պատճառով յառաջացած մտային ցրուածութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ բջիջային հեռաձայններով ընթերցանութիւնը յաճախ մասնատուած բնոյթ ունի եւ կ՛առաջնորդուի ալկորիթմներով, որոնք ընթերցողը կը մղեն արագօրէն անցնելու մէկ նիւթէն միւսը եւ մէկ հարթակէ ուրիշը, միաժամանակ ընթերցողը վնասակար բովանդակութեամբ, ատելութեան խօսոյթով եւ գռեհիկ նիւթերու առջեւ կը դնեն:

Յղում կատարելով այն ուսումնասիրութիւններուն, որոնք այս սովորութիւններով կը բացատրեն թէ՛ մեծահասակներու եւ թէ՛ փոքրերու մօտ կեդրոնանալու կարողութեան նուազումը, Սալամէ ընդգծեց շարունակական ընթերցանութեան կարեւորութիւնը` կեդրոնացում, համբերութիւն եւ խորաթափանց ըմբռնում զարգացնելու համար: Ան եզրակացուց, որ ընթերցանութիւնը այսօր կենսական է ոչ միայն գիտելիք ձեռք բերելու եւ գրականութենէն հաճոյք ստանալու, այլեւ մտային ցրուածութեան դէմ պայքարելու եւ նոր սերունդներուն կեդրոնանալու կարողութիւնը վերագտնելու օգնելու համար:

Պաշտօնական բացման արարողութեան յաջորդեց ցուցահանդէսի բացումը` «Մաթոսեան» արուեստի սրահին մէջ: Ցուցադրուած էին Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան լոյս ընծայած գիրքերը եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի հատորները: Ցուցահանդէսը կը ներառէր նաեւ` հազուագիւտ գիրքեր, պատմական հրատարակութիւններ, լիբանանահայ առաջին թերթեր ու պարբերականներ, տպագրական քլիշէներ եւ համալսարանի հաւաքածոյին մաս կազմող այլ արխիւային նիւթեր, որոնք կը դրուագէին հայ եւ լիբանանահայ տպագրութեան պատմութիւնն ու զարգացումը:

Ցուցահանդէսի առանձնայատուկ եւ ակնառու բաժիններէն էր վեր. դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի (1870-1919) հայերէն ձեռագիրներուն ընտրանին: Արմենակ Հայկազեան, որուն անունը կը կրէ համալսարանը, յարգուած մանկավարժ եւ գիտնական էր, որ զոհ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան:

Օրուան կարեւոր իրադարձութիւններէն էր նաեւ արուեստագէտ Հատի Սիի «The New Book (aged) 2025» քանդակի բացումը: Banque BEMO-ի կողմէ երկու տարուան ցուցադրութեան տրամադրուած այս գործը համալսարանին մէջ պիտի մնայ` իբրեւ հանգուցեալ երեսփոխան տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի յիշատակը յարգող «Virtual Pantheon» նախաձեռնութեան մէկ մասը: Իր խօսքին մէջ Banque BEMO-ի գործադիր տնօրէն եւ ընդհանուր կառավարիչ դոկտ. Ռիատ Պ. Օպէյժի բարձր գնահատեց քանդակին ներդրումը` Գիրքի օրուան գեղարուեստական երանգ հաղորդելու, գիրքը ներկայացնելու իբրեւ գիտելիքի, ստեղծագործութեան եւ մտաւորական ներգրաւուածութեան միջոց: Իր սրտառուչ խօսքին մէջ արուեստագէտ Հատի Սի շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր հպարտութիւնը արտայայտեց, որ իր գործը ցուցադրութեան դրուած է Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Հայկազեան համալսարանի Գիրքի օրը շարունակուեցաւ գրական յայտագիրով մը` Մուկար պարտէզի «Հելըն Պարսումեան-Կրիմզլի»-ի շատրուանին մօտ, ուր հեղինակ Սուհա Նայիմի հատուածներ կարդաց իր «The Pitted Face: Memoirs of a Vagrant Soul» գիրքէն: Հեղինակը, ներշնչուած` Միխայիլ Նայիմի բնօրինակ ստեղծագործութենէն, վերամշակած է զայն արդի մեկնաբանութեամբ: Ընթերցումը առիթ ընծայեց վերադառնալու արդի արաբական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Միխայիլ Նայիմիի գրական ժառանգութեան` իր գործին ժամանակակից մեկնաբանութեամբ:

Օրը եզրափակուեցաւ «Լիբանանահայ գիրքերու պատմական ուղին եւ տպագրական գործընթացը» խորագիրով կլոր սեղանի հայերէն քննարկումով, որուն մասնակցեցան` լիբանանահայ գրահրատարակչական վաստակաւոր դէմքերէն Պարոյր Աղպաշեան, Վիգէն Հանէսեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան: Քննարկումը վարեց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Մասնակիցները անդրադարձան լիբանանահայ տպագրութեան պատմական ընթացքին, գիրքի արտադրութեան գործընթացներուն ու գործելակերպերուն, ինչպէս նաեւ հրատարակիչներու, խմբագիրներու եւ հեղինակներու դերակատարութեան` այս իւրայատուկ գրական ժառանգութիւնը պահպանելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու գործին մէջ:

Գիրքի օր 2026-ը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայկազեան համալսարանի հրատարակչական գործունէութեան ծաւալին եւ շարունակականութեան: Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան միջոցով լոյս տեսած են հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն շուրջ 50 գիրքեր, որոնք կ՛ընդգրկեն նիւթերու լայն շրջանակ մը, ինչպէս` հայ եւ լիբանանահայ պատմութիւն, ինքնութիւն, մշակոյթ, կրօն, կրթութիւն, գրականութիւն եւ հասարակական գիտութիւններ եւ այն: 1970-ին սկիզբ առած «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը 2026-ին լոյս ընծայեց իր 46-րդ հատորը` շարունակելով իբրեւ երկարամեայ գիտական հարթակ ծառայել հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ անոնց յառաջխաղացման:

Այս նախաձեռնութեամբ Հայկազեան համալսարանը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` գիտական ուսումնասիրութիւններուն, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ մշակութային երկխօսութեան խթանման ուղղութեամբ: Ի մի բերելով գիտական հրատարակութիւններ, պատմական հաւաքածոներ, գրական արտայայտութիւններ ու վերլուծական քննարկումները` Գիրքի օր 2026-ը ընդգծեց գիրքին մնայուն դերը մտաւորական կեանքի ձեւաւորման, մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ գիտելիքի սերունդէ սերունդ փոխանցման մէջ` Լիբանանի բազմալեզու եւ բազմամշակութային ընկերութեան ծիրին մէջ:

Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան առջեւ մինչեւ ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2026, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:

Նախորդը

Նստարանէս

RelatedPosts

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին
Գաղութային

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին

November 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան»  Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի  60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.