Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, 2-6 նոյեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարներու համաժողովը:
Համաժողովին կը մասնակցին 25 ընդհանուր քարտուղարներ` Զուիցերիայէն, Դանիայէն, Անգլիայէն, Վատիկանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Հնդկաստանէն, Սկովտիայէն, Իտալիայէն, Պաղեստինէն, Լեհաստանէն, Քանատայէն, Քոլոմպիայէն եւ Պրազիլէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան:
Համաժողովի բացման նիստին Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի ներկայացնէ դասախօսութիւն մը` «Միջեկեղեցական շարժումը դիմագրաւող մարտահրաւէրները» նիւթով:
Համաժողովի ընթացքին մասնակիցները պիտի ունենան զեկուցական, քննական եւ խորհրդակցական նիստեր` քննարկելով եկեղեցիներուն եւ միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած այժմէական մարտահրաւէրները:
Յայտնենք, որ ընդհանուր քարտուղարներու այս խորհուրդը շուրջ 70 տարիէ ի վեր կը գործէ` իբրեւ միջեկեղեցական խորհրդակցութեան եւ գործակցութեան հարթակ, նպատակ ունենալով քննարկել եկեղեցիները յուզող հրատապ հարցերը եւ որոնել համապատասխան լուծումներ:


