Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի, «Նոր սերունդ»-ի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ»-ի եւ Թէքէեան մշակութային միութիւններուն, հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ` նուիրուած սփիւռքահայ բազմավաստակ ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի յիշատակին:
Երեկոն առիթ մը եղաւ վերարժեւորելու Իրմային կեանքն ու վաստակը, հայ գեղարուեստական խօսքի տարածման եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան հանրահռչակման մարզէն ներս անոր ունեցած ներդրումը, ինչպէս նաեւ` այն հետքը, զոր ան ձգած է իր ունկնդիրներուն, աշակերտներուն եւ մշակութասէր հանրութեան յիշողութեան մէջ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Նայիրի Ադամեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկին նպատակին` յարգանքի տուրք մատուցել Իրմա Գապաքեանի յիշատակին, վերյիշել անոր կեանքն ու վաստակը եւ արժեւորելու այն մնայուն հետքը, զոր ան ձգած է համայնքային կեանքին մէջ: Այդ հետքը կ՛արտայայտուի «Վանայ Ձայն»-ի «Բարի լոյս» յայտագիրին ունկնդիրներուն, իբրեւ ուսուցչուհի` իր աշակերտներուն, եւ իբրեւ ասմունքող ու դերասան` մշակութասէր հանրութեան մէջ:
Ադամեան շեշտեց, որ թէեւ մարդուն ներկայութիւնը այս աշխարհին վրայ ժամանակաւոր է, սակայն կան անձեր, որոնք իրենց գործով, նուիրումով եւ մարդկային արժանիքներով մնայուն յիշատակ կը ձգեն: Իրմա Գապաքեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը, հետեւաբար, ոչ միայն անցեալը վերյիշելու, այլ նաեւ անոր կեանքն ու վաստակը վերարժեւորելու եւ յաւերժացնելու առիթ մըն է:
Նայիրի Ադամեան յայտնեց, որ ձեռնարկին աւարտին ներկաներուն պիտի բաժնուի Իրմային ամուսնոյն` Խաչիկ Տէտէեանի` իր կողակիցին յիշատակին նուիրած «Բարի լոյս» հատորը, որուն առաջին էջին վրայ ան կը գրէ.
«Մեզ բաժնեց մահը, բայց մահէն անդին դուն յաւերժ կ՛ապրիս,
Որպէս վարդ կը բացուիս մեզի ամէն առաւօտ,
Բարի լոյսդ կը բաշխես մեզի ու բոլոր սիրելիներուդ…»:
Ան իր խօսքը եզրափակեց` յոյս յայտնելով, որ հանդիպումը ներկաներուն համար ըլլայ ոչ միայն յիշատակի, այլ նաեւ արժեւորումի եւ ներշնչումի պահ մը, իսկ Իրմա Գապաքեանին յիշատակը մնայ վառ բոլորին սրտերուն եւ յիշողութեան մէջ:
Ապա ցուցադրուեցաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի ասմունքէն եւ լուսանկարներէն բաղկացած տեսերիզ մը` ներկաներուն առիթ ընծայելով վերապրիլ անոր բեմական ներկայութիւնն ու գեղարուեստական արտայայտութեան առանձնայատկութիւնները:
Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինով Աւետիս Տիպան արտասանեց «Բարի լոյս յուշարար» ստեղծագործութիւնը: Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, Համազգայինի «Քնար» պարախումբին ընկերակցութեամբ, կատարեց Կանաչեանի «Հայոց հովիկ» եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Իմ եղէգ» գործերը: «Նոր սերունդ»-ի պարախումբը հանդէս եկաւ «Տլէ եաման» եւ «Զանգեզուր» պարերով:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի քառեակը կատարեց Կոմիտասի «Ալ այլուղս» եւ «Շողեր ջան» ստեղծագործութիւնները: Քառեակին մաս կը կազմէին առաջին ջութակ` Ալեք Տօնէրեան, երկրորդ ջութակ` Մարինա Սարաժ, ալթ` Ծաւի Թորիկեան եւ թաւջութակ` Առնօ Տօներեան:
Երեկոյին բանախօսն էր Սեդա Խտըշեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի բացառիկ ասմունքային արուեստին, հայերէնի եւ բանաստեղծութեան հանդէպ անոր ունեցած խոր սիրոյն ու նուիրումին, ինչպէս նաեւ` գեղարուեստական խօսքը ճշգրիտ, յստակ եւ զգացական հարստութեամբ ունկնդիրին փոխանցելու շնորհքին:
Ան ընդգծեց, որ ասմունքը պարզապէս բանաստեղծութիւն մը բարձրաձայն կարդալ չէ, այլ` բանաստեղծին ապրումներուն ու հոգեվիճակներուն հաղորդակից դառնալու եւ զանոնք ունկնդիրին փոխանցելու արուեստ: Անոր համաձայն, գեղարուեստական խօսքի ուժը կը կայանայ լեզուական կշռոյթին, հնչիւններուն եւ բանաստեղծական պատկերներուն ճշգրիտ ընկալման մէջ, որոնք ունկնդիրը կը տանին ինքնաճանաչողութեան եւ մարդկային ու համամարդկային արժէքներու վերարժեւորման:
Բանախօսը շեշտեց, որ Իրման այդ արուեստին տիրապետած էր` իր բացառիկ տաղանդին, մանրակրկիտ պատրաստութեան, լեզուական բծախնդրութեան եւ արտասանութեան մաքրութեան շնորհիւ: Անոր համար հայերէն բառը եւ բանաստեղծական խօսքը պարզապէս արտասանուելիք նիւթ չէին, այլ` արժէք մը, որուն հանդէպ անհրաժեշտ էր ունենալ խոր յարգանք եւ պատասխանատու վերաբերում: Իրման կը սիրէր բանաստեղծութիւնը, կ՛ուսումնասիրէր զայն եւ ապա իր ձայնի ելեւէջներով, նուրբ զգայնութեամբ եւ յուզական արտայայտչականութեամբ կը կենդանացնէր բանաստեղծին ներաշխարհը:
Խտըշեան յիշեց նաեւ Իրմայի ուսուցչուհին` օրիորդ Յասմիկ Պապեանը, որ Սրբուհի Շուշան միջնակարգ-երկրորդական վարժարանին մէջ քաջալերած էր անոր ասմունքային շնորհքը եւ նպաստած` անոր առաջին յաջողութիւններուն: Ան յիշեց նաեւ գրող ու բանաստեղծ Պեպօ Սիմոնեանին դերը Իրմայի գեղարուեստական կազմաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ` անոր կապը Թէքէեան, Համազգային, «Նոր սերունդ» եւ ՀԲԸՄ-ի մշակութային բեմերուն հետ:
Ս. Խտըշեան դիտել տուաւ, որ Իրմային երկարամեայ գործունէութիւնը «Վանայ Ձայն»-ի «Բարի լոյս» առաւօտեան յայտագիրին մէջ անոր առիթ տուած էր լայն լսարանին փոխանցելու հայ գրականութեան գանձերը: Բայց եւ այնպէս, ան մտահոգութիւն յայտնեց ասմունքի արուեստին նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազումին եւ դպրոցական կրթութեան մէջ անոր սահմանափակ տեղ յատկացուելուն առնչութեամբ: Ան յիշեց հայ բեմական ասմունքի երախտաւորներէն Սուրէն Քոչարեանը եւ կարեւոր նկատեց դպրոցական ասմունքի մրցումներու կազմակերպումը` աշակերտներուն մէջ հայ բանաստեղծութեան եւ հայերէնի հանդէպ սէր զարգացնելու նպատակով:
Բանախօսին խօսքին առանցքը հայոց լեզուի, ազգային ինքնութեան, գրականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումն էր: Ան ընդգծեց, որ բանաստեղծական խօսքը նոր սերունդներուն փոխանցելը միայն գեղարուեստական դաստիարակութեան հարց չէ, այլ նաեւ` հայեցի կազմաւորման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր միջոց: Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի կեանքն ու վաստակը, այս իմաստով, կը ներկայացնեն այն նուիրումին օրինակը, որուն շնորհիւ հայերէն խօսքը կը շարունակէ ապրիլ բեմերէն եւ սերունդէ սերունդ:
Յայտագիրին ընթացքին Իրմայի նախկին աշակերտներէն` Ճեմարանի 11-րդ դասարանի աշակերտ Լիլիթ Տեմիրճեան արտասանեց Միսաք Մեծարենցի եւ Պարոյր Սեւակի գործերէն հատուածներ:
Իր կարգին, Խաչիկ Տէտէեան սրտի խօսքով մը յիշեց իր կեանքի ընկերուհին եւ արտասանեց անոր նուիրուած բանաստեղծութիւն մը` վեր առնելով Իրմայի տաղանդը, անոր ձայնին զօրութիւնն ու քնքշանքը, բառերուն հմայք եւ խորք հաղորդելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայ բանաստեղծութեան հանդէպ ունեցած անշահախնդիր նուիրումը:
Խաչիկ Տէտէեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 18 դեկտեմբեր 2024-ին Իրմայի մահուան պատճառած անդառնալի կորուստին` դիտել տալով, թէ հակառակ անոր որ Իրմայի մահուան երկրորդ տարելիցը կը մօտենայ, սակայն տակաւին դժուար է հաւատալ անոր բացակայութեան: Ան նշեց` Իրման հեռացաւ լուռ ու անձայն, առանց գանգատի, բայց ձգեց վէրք մը, որ ժամանակի ընթացքին կը շարունակէ ցաւ պատճառել:
Տէտէեան յիշեց նաեւ Իրմայի խօսքը, զոր ան յաճախ կ՛արտասանէր «Վանայ Ձայն»-ի «Բարի լոյս» յայտագիրին մէջ. «Թռչունը կ՛երգէ, ո՛չ որովհետեւ պատասխան ունի տալիք, այլ կ՛երգէ, որովհետեւ երգ մը ունի սրտին մէջ»:
Խաչիկ Տէտէեան այս խօսքին ընդմէջէն բնորոշեց իր կողակիցին էութիւնը` իբրեւ անձի մը, որ իր սրտին մէջ ունեցածը փոխանցեց ունկնդիրներուն եւ իր լռութեան մէջ իսկ կը շարունակէ խօսիլ անոնց սրտերուն ու հոգիներուն:
Ան ընդգծեց, որ Իրման Մեծարենցի բանաստեղծութեան սիրահար էր եւ, ինչպէս բանաստեղծը, Իրման եւս ուրախութիւնը կը գտնէր ուրիշներուն ուրախութեան մէջ: Համեստ էր իր մեծութեան մէջ, սակայն մեծ` իր գործին հանդէպ ունեցած հաւատքով: Տէտէեանի համաձայն, ասմունքի արուեստը կը պահանջէ լեզուին, բանաստեղծին էութեան, ձայնի ելեւէջներուն եւ հոգեկան նրբազգայնութեան տիրապետում, եւ Իրման իր տաղանդը ամբողջութեամբ ի սպաս դրաւ հայ մշակոյթին:
Խաչիկ Տէտէեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյին նախաձեռնող անձերուն եւ լիբանանահայ չորս մշակութային միութիւններուն` այս ձեռնարկը միասնական ուժերով կազմակերպելուն համար: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին` երեկոն հովանաւորելուն, Սեդա Մարկոսեան- Խտըշեանին` Իրմային վաստակը խորաթափանց կերպով ներկայացնելուն, ինչպէս նաեւ` նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից արուեստագէտներուն, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, մամուլի ներկայացուցիչներուն, «Վանայ Ձայն»-ին, Համազգայինի հրատարակչատան, թեքնիք պատասխանատուներուն եւ տեսերիզին հեղինակ Սեւակ Սաղպազարեանին:
Ան տեղեկացուց, որ իր զգացումները, սէրն ու յարգանքը Իրմային հանդէպ արտայայտած է անոր նուիրուած 56 բանաստեղծութիւններու հատորով մը, որուն մէջ ամփոփուած են իր ցաւը, երախտագիտութիւնը եւ Իրմայի վաստակին հանդէպ ունեցած յարգանքը: Խօսելով Իրմայի ուսուցչական գործունէութեան մասին` ան ուրախութեամբ յայտնեց, որ Թորոնթոյի Հայ օգնութեան միութեան ամէնօրեայ վարժարանին մէջ, ուր Իրման պաշտօնավարած էր, անոր անունով հաստատուած է տարեկան ասմունքի մրցոյթ մը` եօթներորդէն տասներկուերորդ դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ: Նախաձեռնութեան նպատակն է աշակերտները մօտեցնել ասմունքի արուեստին եւ շարունակել Իրմային ձգած ժառանգութիւնը:
Յուշ երեկոյի ընթացքին կազմակերպիչ մշակութային միութիւններուն ներկայացուցիչները յուշանուէր յանձնեցին Խաչիկ Տէտէեանին:
Ապա յայտարարուեցաւ, որ Տէտէեան ընտանիքը Լիբանանի մէջ պիտի հաստատէ «Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան» անունը կրող աշակերտական ասմունքի հիմնադրամ, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին հետագային:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այս առիթով արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի յիշատակին, անոր մարդկային արժանիքներուն եւ համայնքային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին:
Ան ընդգծեց մեզմէ յաւիտենապէս բաժնուած մեր սիրելիները յիշելու պարտաւորութիւնը, մանաւանդ անոնք, որոնք իրենց նուիրումով, ծառայութեամբ եւ մարդկային առաքինութիւններով գեղեցիկ յիշատակներ ձգած են իրենց շրջապատին մէջ: Իրենց կեանքով բարիք գործած եւ ներկայութեամբ խաղաղութիւն ու ջերմութիւն սփռած անձերը կը շարունակեն ապրիլ իրենց ձգած յիշատակներուն ընդմէջէն, դիտել տուաւ առաջնորդը:
Անդրադառնալով յուշ երեկոյին խորհուրդին` Շահէ արք. Փանոսեան նշեց, որ կան յիշատակներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը մաշին եւ կը մատնուին մոռացութեան, սակայն կան նաեւ այնպիսիները, որոնք ժամանակին հետ կը հարստանան ու կը գեղեցկանան: Շատեր կը մոռցուին, մինչ ուրիշներ իրենց գործերով եւ մատուցած ծառայութիւններով հետզհետէ աւելի կը մեծնան: Սրբազան հօր համաձայն` Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան այն անձնաւորութիւններէն է, որ իր վաստակով ու մարդկային նկարագիրով կը շարունակէ ապրիլ եւ յիշատակով պատգամ մը փոխանցել մեզի: Մահը կը տանի այն, ինչ որ սահմանուած է մեռնելու, սակայն կ՛ապրի այն, ինչ որ սահմանուած է անմահանալու:
Սրբազան հայրը նշեց, որ յուշ երեկոն արթնցուց Իրմային հետ ներկաները կապող բազմաթիւ յիշատակներ, որոնք միաժամանակ կը յուզեն սիրտերը եւ կ՛ամոքեն կորստեան վէրքը: Ան վկայեց, որ Իրման, իր պարզութեամբ ու համեստութեամբ, պատրաստ էր իր կարողութիւններն ու ծառայութիւնը տրամադրելու բոլորին: Այդ պատճառով ալ անոր ձայնն ու ներկայութիւնը չեն ջնջուած զինք ճանչցողներուն յիշողութենէն: Անոր փոխանցած վայելքն ու հրճուանքը կը շարունակեն ապրիլ թէ՛ մտերմութեան պահերուն եւ թէ՛ հայ մշակութային բեմերուն վրայ անոր հանդիսաւոր ելոյթներուն յիշատակով:
Շահէ արք. Փանոսեան կարեւոր նկատեց կազմակերպումը նման յուշ երեկոներու, կազմակերպումը, որոնք առիթ կ՛ընծայեն միասին յիշելու հանգուցեալը, կիսելու կորստեան ցաւը եւ վերարժեւորելու անոր թողած ժառանգութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին յիշատակը կը պայծառանայ նաեւ այն աշխատանքներուն եւ նուիրումին ընդմէջէն, որոնց շարունակութիւնը վստահուած է զինք յիշողներուն: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց երեկոն կազմակերպող մարմիններուն նախաձեռնութիւնը` մաղթելով, որ միասնական աշխատանքի այս ոգին տարածուի նաեւ համայնքային կեանքի այլ բնագաւառներուն մէջ:
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը անդրադարձաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի եւ Լիբանանի միջեւ եղած կապին: Ան շեշտեց, որ Իրման կը պատկանէր նաեւ լիբանանեան իրականութեան, եւ անհրաժեշտ է յիշել այն հարազատ արժէքներն ու ձեռքբերումները, որոնք կերտուած են Լիբանանի մէջ` հայ ժողովուրդի զաւակներուն աշխատանքով եւ այս երկրին ընձեռած կարելիութիւններուն շնորհիւ: Մասնաւորաբար ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ, ան կոչ ուղղեց չմոռնալու, որ Լիբանանի հայութեան կերտած մշակութային եւ ազգային վաստակը իր կարեւոր տեղը ունի ոչ միայն այս երկրին, այլ նաեւ ամբողջ հայ աշխարհին մէջ:
Սրբազան հայրը իր խօսքը եզրափակեց աղօթքով` հայցելով, որ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի հոգին յաւիտենականութեան մէջ խաղաղութեամբ հանգչի:
Երեկոյին փակման խօսքը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըքեան, որ կարդաց հայրապետական պատգամը, որուն մէջ Արամ Ա. վեհափառ հոգեկան գոհունակութիւն կ՛արտայայտէ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին առիթով` ընդգծելով, որ այս հանդիպումը կարելիութիւն ընծայեց յարգանքի, սիրոյ եւ երախտագիտութեան զգացումներով լուսարձակի տակ բերելու անոր բեղուն կեանքն ու հարուստ վաստակը հայ մշակոյթի, մասնաւորաբար` ասմունքի արուեստի մարզէն ներս:
Պատգամին մէջ նշուեցաւ, որ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան անջնջելի հետք ձգած է իր շրջապատին, համայնքային կեանքին եւ զինք անձամբ կամ հայ բեմէն ճանչցած անձերուն սրտերուն մէջ: Որոշ անձերու ներկայութիւնը ժամանակով կը չափուի, սակայն անոնց ձգած ժառանգութիւնը կ՛անցնի ժամանակի սահմանները: Իրմային կեանքն ու վաստակը այդպիսի ժառանգութեան օրինակ են, որ կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները:
Հայրապետական պատգամով կը նշուի, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը` բարձր գնահատելով հանգուցեալ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի վաստակն ու նուիրումը, յետմահու անոր կը շնորհէ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Վեհափառ հօր օրհնութեամբ շքանշանը յանձնուեցաւ Իրմայի ամուսնոյն` Խաչիկ Տէտէեանին` իբրեւ հանգուցեալին արժէքաւոր ժառանգութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան գնահատանքի արտայայտութիւն:
Յուշ-երեկոն անգամ մը եւս ընդգծեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի վաստակին նշանակութիւնը հայ մշակութային կեանքին մէջ: Անոր ասմունքային արուեստը, հայերէնի եւ գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրը, ուսուցչական գործունէութիւնն ու մշակութային բեմերուն վրայ կատարած ծառայութիւնը կը շարունակեն մնալ յիշատակ եւ ներշնչման աղբիւր: Անոր անունով աշակերտական ասմունքի հիմնադրամ հաստատելու նախաձեռնութիւնը եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ հաստատուած մրցոյթը կը միտին այդ ժառանգութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն` հայ գեղարուեստական խօսքը պահելով կենդանի եւ կենսունակ:








