Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքին մէջ վերջ գտաւ մինչեւ 15 տարեկան պատանիներու բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Մրցաշարքի արդիւնքներուն հիմամբ Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց երկու պրոնզէ մետալ, մէկական` տղող եւ աղջկանց մրցումներուն:
Հայաստանի հաւաքականի կազմէն մրցանակակիրներ դարձան Նարէ Շաքարեան (40 քկ) եւ Խաչիկ Բաբայեան (63 քկ):
Այս կշիռներուն Եւրոպայի ախոյեան դարձան անգլիացի Պրոկըն Տարրի (40 քկ) եւ լաթվիացի Պրոխորս Գրիսունինս (63 քկ):
Յատկանշական էին նաեւ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի մարզիկներու ելոյթները: Փոլինա Աղաջանեան 50 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ, իսկ Արթուր Ասատրեան պրոնզէ մետալ նուաճեց մինչեւ 75 քկ կշիռի մրցումներուն:


