Երեւանի «Եունիսփորթ»-ը առաջին յաղթանակը արձանագրեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ին գծով: Զ. խմբակի իր երկրորդ մրցումին, Հայաստանի ախոյեանը 5-3 արդիւնքով յաղթեց Լիւքսամպուրկի «Տիֆերտանժ» խումբին եւ յոյսերը պահեց յաջորդ հանգրուան հասնելու:
Այս կարեւոր յաղթանակին կոլերը նշանակեցին Փութրուս Վասիլեւ, Արթուր Մելքոնեան, Էլիսանտրօ, Գարեգին Մաշումեան եւ Միհրան Դերմենչեան:
Նշենք, որ Եունիսփորթ իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Լիթուանիոյ Քաունօ Ժալկիրիսէն, որ երէկ Յունաստանի Տուքասի դէմ 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց:
Նշենք, որ Եունիսփորթ այսօրուան մրցումը վճռական պիտի ըլլայ Տուքասին դէմ, եւ յաղթանակով մը միայն Եունիսփորթ կրնայ հասնիլ յաջորդ հանգրուան, եթէ Լիթուանիոյ ախոյեանը որեւէ կէտ կորսնցնէ Տիֆերտանժի դէմ մրցումին:
Նշենք, որ այս խմբակի բոլոր մրցումները տեղի կ՛ունենան Լիւքսամպուրկի մէջ:


