31 հոկտեմբերէն 13 նոյեմբեր Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ տեղի պիտի ունենան ամառնային պատանեկան Ողիմպիական խաղերը:
Հայաստանի հաւաքականը այս խաղերուն պիտի մասնակցի 5 մարզիկներով, որոնք պիտի մասնակցին չորս մարզաձեւերու` լողարշաւի, բռնցքամարտի, Թայ Քուանտոյի եւ աթլեթիզմի:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջինը պիտի սկսի լողարշաւի մրցումներուն: 1 նոյեմբերին Վլատիմիր Վարոսեան կը մասնակցի 100 մեթր թիթեռնիկի լողաոճի մրցումներուն, իսկ 4 նոյեմբերին Մարգարիտա Գէորգեան կը մասնակցի 50 մեթր ազատ ոճի լողարշաւի մրցումներուն:
7 նոյեմբերին բռնցքամարտի մրցումներուն ելոյթ պիտի ունենայ Սուրէն Կատվալեան, որ մետալներու համար կը պայքարի մինչեւ 65 քկ կշիռի մրցումներուն:
Յաջորդ օրը` 8 նոյեմբերին, պայքարի մէջ կը մտնեն եւս երկու հայ մարզիկներ: Դաւիթ Գրիգորեան կը մասնակցի Թայ Քուանտոյի մրցաշարքի մինչեւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն, իսկ Աստղիկ Փանոսեան հանդէս կու գայ 100 մեթր վազքի մրցումներուն:
2026-ի պատանեկան 4-րդ Ողիմպիական խաղերը պատմական պիտի ըլլան` առաջին անգամ ըլլալով Ողիմպիական շարժման հովանիին տակ տեղի ունենալով ափրիկեան ցամաքամասին մէջ:
Մրցաշարքին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 2700 պատանի եւ պարմանուհի մարզիկներ, որոնք մետալներու համար կը պայքարին 25 մարզաձեւերու մէջ:
Բացման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 31 հոկտեմբերին, իսկ խաղերը կ՛աւարտին 13 նոյեմբերին: Հայաստանի 5 ներկայացուցիչներուն համար Սենեկալի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերը իրենց կարողութիւնները ցուցադրելու կարելիութիւն պիտի տան:


