Հայաստանի խորհրդարանը երէկ 63 կողմ, 32 դէմ ձայնով վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ հայ-ամերիկեան ռազմավարական համաձայնագիրը:
Փաստաթուղթը նախանցեալ օր քննարկուած էր, զայն ներկայացուցած էր արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները` «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան»-ը քննադատած էին համաձայնագիրը, եւ երէկ փաստօրէն դէմ քուէարկեցին:
Միջպետական այս փաստաթուղթով կ՛ամրագրուի, որ Հայաստան անխոչընդոտ կապ կը տրամադրէ Ազրպէյճանին` Սիւնիքով Նախիջեւան հասնելու համար` Հայաստանի համար փոխադարձ առաւելութիւններով:
Ընդդիմադիրներու դժգոհութիւնը հիմնականին մէջ կապուած է Հայաստանի քաղաքացիներու` Ազրպէյճանով անցման պայմաններու անորոշութեան հետ: Պաքուն անխոչընդոտ կապ ապահովելու պարտաւորութիւն չէ ստանձնած, Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստանի քաղաքացիներու երթեւեկութեան վերաբերեալ որեւէ փաստաթուղթ մինչեւ օրս չէ ստորագրած, նոյնիսկ բանաւոր յայտարարութիւններ չկան, թէ օրինակ` սահմանային անցման ի՛նչ մեքանիզմներով Հայաստանի քաղաքացիները Նախիջեւանի տարածքով Հայաստանի հիւսիսէն հարաւ պիտի տեղափոխուին եւ հակառակը:
Հայաստանի իշխանութիւնները այս հարցին յստակ պատասխան չեն տար, արտաքին գործոց նախարարը վերջերս միայն ըսած էր, թէ սա «դեռ ճշգրտումի կարիք ունի»:


