. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ կը գումարէ ժողով մը, որ յատկացուած է աղբերու հարցի քննարկման:
. ՄԵՀՐԱՊԻ աղբիւրները «Մարքազիա»-ին յայտնած են, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները կառավարութեան այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցին, որովհետեւ, իրենց կարծիքով, աղբերու հարցը, հակառակ անոր կարեւորութեան, յանկարծակի կերպով դրուած է օրակարգի վրայ, ինչ որ Հըզպալլայի պատկանող պայթուցիկ նիւթերու գործը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու համար նիստ գումարելէն փախուստ տալ է»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը, մէջբերելով արեւմտեան դիւանագիտական տեղեկութիւններ, կը գրէ. «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը Իրանի դէմ միացեալ հարուածները վերսկսելու ծրագիրներ պատրաստեցին: Հաւանական է, որ անոնք ընտրութիւններէն ետք շղթայազերծուին` խուսափելու համար տնտեսական եւ ընտրական հետեւանքներէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Թեհրան յաջողեցաւ քննարկման սեղանին վրայ դնել լիբանանեան թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ անիկա մաս կը կազմէ շրջանին մէջ պատերազմին վերջ տալու թղթածրարին, եւ իրանցիները օգտագործեցին Թեհրանի մէջ ներկայութիւնը սէուտական պատուիրակութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան բեմին վրայ ազդու կողմ մըն է, ինչպէս նաեւ օգտագործեցին թուրքերուն ներկայութիւնը»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Ժոմպլաթի ներկայ պահուն Հըզպալլայի զէնքի հարցը կարգաւորելու համար երկխօսութեան հրաւէրը ուշագրաւ ու կարեւոր է` ներքին ու արտաքին լուծումներու անելի մատնուած ըլլալու լոյսին տակ: Պըրրին եւ Ժոմպլաթը ազգային երկխօսութեան կարեւորութեան համամիտ են»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս Միտիա»-ին. «Տահր Պայտարի մէջ պայթուցիկ նիւթերու գրաւումը ինքնին Հըզպալլայի խոստովանութեամբ մեծագոյն ապացոյցն է, որ կուսակցութիւնը իր զինուորական պատրաստուածութիւնը կը վերականգնէ` դիմակայելու համար Իսրայէլը: Անիկա նոյնիսկ իր համակիրներուն զօրակցութիւնը կ՛ամրապնդէ` 12 հոկտեմբերին միլիոնաւոր տոլարներով ֆինանսաւորուած ծրագիր մը յայտարարելով»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին նկատուեցաւ, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու սրտին մէջ գտնուող խանութներու տէրերը փակած են իրենց խանութները եւ գործերը տեղափոխած Պէյրութի այլ շրջաններ եւ Լեռնալիբանան, եւ յայտարարած, որ այս փակումը ժամանակաւոր պիտի ըլլայ եւ զինուորական զարգացումներու նկատմամբ մտավախութենէ մղուած է»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «ամէնէն յայտնի քրիստոնեայ նախարարները մերժած են մասնակցիլ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի հրաւէրին` պետութեան մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան վերաբերեալ հանդիպումի մը, որ նախատեսուած էր առաջին կարգի պաշտօնեայի մը պաշտօնավարման գրեթէ գայթակղութեան համազօր երկարաձգման նուիրուած նախարարաց խորհուրդի նիստէն առաջ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «լիբանանեան կառավարութեան գնահատման համաձայն, մինչեւ տարեվերջ տնտեսական անկումը պիտի հասնի 10 առ հարիւրի, մինչ Համաշխարհային դրամատունը գնահատած էր, որ անիկա 6-էն 7 առ հարիւրի պիտի հասնի»:


