Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ «շատ շուտով» Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպում մը պիտի դասաւորուի:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերուն` Թրամփ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ կարելի է մեծ յառաջընթաց արձանագրել»:
Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը, յղում կատարելով Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքին, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները նախատեսուած են 4 նոյեմբերին:
Թուսք նաեւ ընդգծած է, որ Եւրոպան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ, հակառակ Մոսկուայի հետ ուղիղ հաղորդակցութիւններու վերսկսման:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ներկայիս շուրջ 140 թոն ռուսական մազութով բեռցուած երեք նաւեր դէպի Միացեալ Նահանգներ կը նաւարկեն` աւելցնելով, որ նոյեմբերի առաջին կիսուն կը նախատեսուի Ապու Տապիի մէջ բանակցութիւններու շարունակութիւնը` քննարկելու համար հարցեր, որոնք մարտական գործողութիւններու աւարտէն ետք ապահովական երաշխիքներ կը ներառեն:
Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ներկայացուցած է ուքրանական հակամարտութեան զարգացումներուն նկատմամբ Մոսկուայի դիրքորոշումը` շեշտելով, որ արդար եւ տեւական խաղաղութեան հաստատումը կը պահանջէ ամբողջական կերպով նկատի առնել Ռուսիոյ օրինական շահերը:
Ան զգուշացուցած է, որ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի «բախումնային» քաղաքականութիւնը կը նպաստէ կռիւի երկարաձգման:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լեհաստանի վարչապետ Թուսքի համաձայն, Ֆինլանտայի նախագահ Սթուփը Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարած է, որ երկու կողմերն ալ պահպանած են իրենց նախկին դիրքորոշումները, սակայն եւրոպացի մասնակիցները «շատ զգուշաւոր լաւատեսութիւն» յայտնած են բանակցութիւններու հեռանկարներուն վերաբերեալ:


