Լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Քաթարցի միջնորդները կիրակի օր Թեհրանի մէջ համաձայնութեան նոր նախագիծ մը ներկայացուցին»:
«Իրան Քաթարի ներկայացուցած առաջարկը կը սերտէ, եւ կը սպասուի, որ պատասխանը տայ շաբաթավերջին», ըսած են պաշտօնատարները:
«Քաթարեան նախագիծը 7 օր տեւողութեամբ ժամանակամիջոց մը կը ճշդէ կարգաւորելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի մտավախութիւնները, եւ շարք մը պետութիւններ Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ իրանցիներուն ներկայացուած քաթարեան նորագոյն առաջարկներուն հիմամբ համաձայնութեան երաշխաւորները պիտի ըլլան», նշեց «Ռոյթըրզ»-ը:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներ Արաբական ծոցէն շարք մը պետութիւններ զգուշացուցած են, որ պէտք է 3 նոյեմբերին նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք Իրանի դէմ «կարճատեւ եւ բուռն» զինուորական արշաւի շղթայազերծման կարելիութեան պատրաստուին:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պատգամը փոխանցուած է դիւանագիտական ու զինուորական խողովակներով, եւ ամերիկեան բանակը սկսած է Թեքսաս նահանգէն «Փաթրիոթ» համակարգեր տեղափոխել շրջան, ինչպէս նաեւ վերադասաւորման ենթարկած է իր ուժերը այն ռազմակայաններուն մէջ, որոնք կրնան վտանգի ենթակայ ըլլալ:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նշեց, որ կը սպասուի, որ յաւելեալ օդանաւակիր մը միանայ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ գործող ամերիկեան շուրջ 20 մարտանաւերուն:
Օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած, սակայն անոր մօտ ընտրութիւններէն ետք իրանեան ենթակառոյցներն ու հիւլէական կառոյցները թիրախաւորող լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծելու ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը պաշտօնատարներ ու փաստաթուղթեր մէջբերելով հաղորդեց, որ Փենթակոնը Քոնկրեսը տեղեակ պահած է, թէ Իրանի հետ ամերիկեան պատերազմի ծախսերուն կուտակուած գումարը մինչեւ 16 հոկտեմբեր բարձրացած է 47,1 միլիառ տոլարի, ինչ որ սեպտեմբերի գումարէն շուրջ 3,5 միլիառ տոլար եւ պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթի յուլիսին կատարած 37,5 միլիառ տոլար գնահատումէն 25 առ հարիւրով աւելի է:


