Իսրայէլեան եւ ամերիկեան ընտրութիւններու նախօրեակին սրեցաւ Իրանը լայնածաւալ յարձակումի ենթարկելու մթնոլորտը: Որքան ալ որ առաջարկներու փոխանակումներ կ՛ըլային Իսլամապատի համաձայնութիւնը նորացուած տարբերակով վերագործարկելու, այնուամենայնիւ օրերու եւ ժամերու հարց կը թուէր նոր յարձակումը: Այս բեմագրութիւնը պարզ է, որ համակարգուած էր Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի կողմէ, եւ նախկին վերապահումները չքացած էին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի վարչապետին հասցէին: Ընդհակառակը` Թրամփ կը յայտարարէր, որ ամբողջովին կը զօրակցի Նեթանիահուի վերընտրութեան, իսկ այս վերջինը իր կարգին կը յայտնէր, որ Իսրայէլ որեւէ ժամանակ այս տարողութեամբ չէ ստացած Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը: Այս փոխզօրակցութիւնը ամերիկեան դիտանկիւնէն պայմանաւորուած չէ միայն հրէական լոպիի գործօնով. այդ մէկը դասական գործօն է եւ անշուշտ ունի իր նշանակութիւնը, մանաւանդ ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններու շեմին: Ի վերջոյ, ինչ ալ ըլլայ Իսրայէլի մէջ կազմուելիք կառավարութեան տեսակը, Իրանի նկատմամբ գործողութիւններու համակարգումը պիտի շարունակուի:
Հիմա գանք Իրանի նախաձեռնութեան: Շատ ուշագրաւ դիւանագիտական նախաձեռնութեամբ Թեհրանը իր մօտ հրաւիրեց Մեքքայի դաշինքի երեք պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք Թեհրան հասան բարձրագոյն մակարդակով: Այս հանդիպումը Մեքքայի դաշինքի ընդլայնում չէր. անիկա պարզապէս հարթակ էր երկխօսութեան` դիւանագիտական նախաձեռնութիւն մը անվտանգային օրակարգով: Անկէ բխած յայտարարութիւններուն հիմնական ուղերձը այն էր, որ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պայմանաւորուած է նոյն տարածաշրջանին մէջ գործող հիմնական պետութիւններով, եւ թէ արտատարածաշրջանային պետութիւններու միջամուխ ըլլալը պէտք է բացառել` յանգելու համար առաջադրուած խաղաղութեան: Այս ուղերձը հիմնականին մէջ ուղղուած էր Միացեալ Նահանգներուն:
Պէտք չէ հետեւցնել անպայման, որ այս հարթակը կազմուած էր ի հեճուկս Ուաշինկթընի: Մեքքայի դաշինքին անդամ երկիրները չունին բացարձակ ինքնուրոյնութեամբ գործելու կարելիութիւն, յատկապէս յարաբերակցաբար Միացեալ Նահանգներուն: Եթէ Իսլամապատն ու Անգարան տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն տարածելու դերը կը փորձեն շարունակել, Սէուտական Արաբիան յայտնուած է հուսիներու թիրախին եւ ինք եւս պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած է:
Որքան ալ համիսլամական գաղափարախօսութեան հիման վրայ հիմնաւորումներ տրուին Թեհրանի հարթակին, յստակ է, որ ներքին առումով կան տարբեր շահեր, տարբեր շարժառիթներ այս բոլորին մէջ: Իսլամապատը, Անգարան եւ Ռիատը բազմաթիւ ուղղութիւններով մրցակից են իսլամական աշխարհին մէջ, Անգարայի եւ Ռիատի պարագային` նաեւ արաբական աշխարհին: Երկուքն ալ հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան լուծման միջնորդութիւն ստանձնելու դերը վերցնելով: Գիտակցելով այս հանգամանքներուն, մրցակցային եւ գործակցային դրուածքներուն` Իրան դիւանագիտական նախաձեռնութեամբ իր մօտ կը հրաւիրէ այս մրցակից-գործակից պետութիւնները:
Այս նախաձեռնութիւնը անպայման չի միտիր անվտանգային նոր համակարգի ստեղծումով արգելակել Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները ռազմական ճանապարհով: Տարածաշրջանային ուժերու հաւաքական միջնորդութեան անպաշտօն ձեւաչափ կրնայ նկատուիլ այս քառանդամ հարթակը` համաձայնական առանցքներու շուրջ բանակցութիւններու նոր մեկնարկ մը ապահովելու համար:
Ուշագրաւ է, որ Թեհրան այս հանդիպումին ընթացքին առաջ մղած է Պաղեստինի եւ Լիբանանի օրակարգերը. այլ խօսքով` իր ազդեցութեան ոլորտի երկու ռազմագիտական յենակէտերը, այնպէս` ինչպէս անոնք ամրագրուած էին Իսլամապատի փաստաթուղթին մէջ:
Կան նախադրեալներ, ուրեմն, մտածելու, որ պատերազմական մթնոլորտի սրումը, յարձակումներուն մօտալուտ ըլլալը եւ ընտրութիւններէն առաջ թէ ետք պատերազմի պահը ճշդելու մասին կատարուած հրապարակումները վերափոխուին նոր բանակցային գործընթացի ենթահողի պատրաստութեան:
Իսկ այս վարկածի համոզիչ դառնալուն կը նպաստէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, որ Թեհրան կը շարունակէ բաց պահել դիւանագիտական պատուհանը եւ միջնորդներու ճամբով նամակներ փոխանակել Ուաշինկթընի հետ: Իսրայէլի կառավարութեան կազմութիւնը դեռ անորոշ է, իսկ դեմոկրատականներու ընտրական առաւելութիւն ձեռք բերելու պարագային Թրամփի` պատերազմական գործողութիւններու ձեռնարկելու կաշկանդումը աւելի տեսանելի է:
«Ա.»


