21 տարեկան հայ մարտիկ Սպարտակ Միքայէլեան կը շարունակէ իր տպաւորիչ յաղթարշաւը` խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») արհեստավարժ մրցաշարքերուն մէջ: Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Թաֆ Էն Աֆ 158» մրցաշարքի ծիրին մէջ, ան առաջին ռաունտին իսկ նաք աութի ենթարկեց ամերիկացի Մոնթրել Ճէյմսը:
Միքայէլեանի համար ասիկա եղաւ իր 4-րդ յաղթանակը արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, 4 մենամարտերու ընթացքին: Հայ մարտիկը իր բոլոր մենամարտերն ալ նաք աութով աւարտած է` առիթ չտալով իր մրցակիցներուն, որ հասնին մրցումի աւարտին:
Մոնթրել Ճէյմս, որ 9 յաղթանակներ ունէր 16 պարտութիւններու կողքին, կրեց իր 17-րդ պարտութիւնը: Յատկանշականը այն է, որ Միքայէլեան 2026-ին սկսաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին եւ իր բոլոր մենամարտերը կատարած է ամերիկեան «Թաֆ Էն Աֆ» կազմակերպութեան հովանիին տակ:
Աւելի կանուխ, Սպարտակ Միքայէլեան, ներկայացնելով Հայաստանը, դարձած էր ոչ արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեան: Այժմ 21 տարեկան մարզիկը յաջողութեամբ փորձառութիւն կը շահի արհեստավարժ մակարդակի մէջ` բարձրանալով եւ պահպանելով անպարտելի իր ցուցանիշը` 4-0:


