Անցեալ ամրան բաւական աղմուկ բարձրացնելէ ետք, Խուլիան Ալվարեսի վիճակը վերստին կայուն դարձած է:
Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբի ղեկավարութիւնը որոշեց ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ընթացքին պահել արժանթինցի յառաջապահ Ալվարեսը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Լոնտոնի Արսենալին եւ Փարիզի Սեն Ժերմենին փոխանցուած է, թէ մատրիտեան ակումբը յունուարին պատրաստ չէ վաճառելու 26 տարեկան յառաջապահը:
Արսենալ, որ չկրցաւ ձեռք ձգել Ալվարեսը ամառնային փոխանցումներու ընթացքին, յոյս ունէր, որ ձմրան անգամ մը եւս կը փորձէ իրականացնել այդ փոխանցումը:
Սակայն վերջերս, Ալվարես ներում հայցած է ակումբի ղեկավարութեան հետ: Այժմ կը սպասուի, որ ան առնուազն մինչեւ տարեշրջանի աւարտը մնայ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Ալվարես, որ անձամբ կը փափաքէր Պարսելոնային միանալ, այս տարեշրջանին 9 ելոյթ ունեցած է Աթլեթիքոյի հետ` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:


