Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց Գ. դասակարգի վիճակաձգութիւնը որուն հիմամբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս պիտի կազմէ Ա. խմբակին` իրեն հետ ունենալով Շապապ Պըրժը, Նահտա Պար Էլիասը, Շապապ Մաժտել Այնճարը, Մաուատտա Թրիփոլին, Սփորթինկ Ռիատին, Հիլալ Հարեթ Նաամէն եւ Հորր Ամելին:
ՀՄԸՄ Պէյրութ մաս պիտի կազմէ Բ. խմբակին` իրեն հետ ունենալով ՀՄԸՄ-ը, Տահր Ահմարը, Լիբանանեան բանակը, Շապապ Թրիփոլին, Աթլեթիքոն, Թաուֆիրը եւ Շապապ Հումին Թահթան:
Գ. խմբակին մաս պիտի կազմեն Ախուա Խարայէպ, Ահլի Սայտա, Ռայյան, Սալամ Սուր, Ռիսալա Թաուրա, Նահտա Այն Պաալ, Ղատիր Հարիս եւ Լիուաա Սայտա:
Ախոյեանութեան ազդանշանի թուականն ալ որոշուեցաւ` 18 դեկտեմբերին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակենք հետագային:


